Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյսին ընծայուեցաւ 2024ի եկեղեցական գրպանի օրացոյցը։
Օրացոյցը եկեղեցւոյ յարկին տակ գործածուող փոքրագոյն գրքոյկն է եւ «եկեղեցական օրացոյց» անուանակոչուած է, որովհետեւ կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսները եւ աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։
Եկեղեցական օրացոյցին վերջաւորութեան զետեղուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան եւ Դպրեվանքի ուսանողութեան անուանացանկերը, թեմերը եւ անոնց հասցէակապերը, կաթողիկոսարանի վարչական կառոյցին մաս կազմող մարմիններու պատկերը, Դպրեվանքի ուսուցչական կազմին եւ կաթողիկոսարանին եւ Դպրեվանքի պաշտօնէութեան անուանացանկը։
Նշենք, որ եկեղեցական օրացոյցը պատրաստեց Պսակ վրդ. Թէփիրճեան։
Քաջալերելի է, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք ունենայ այս օրացոյցը՝ իբրեւ ուղեցոյց իր հոգեւոր կեանքին։
Եկեղեցական օրացոյցը կրնաք ներբեռնել (download)՝ այցելելով կաթողիկոսարանին www.armenianorthodoxchurch.org պաշտօնական կայքը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ