Ֆրանսա խստօրէն դատապարտեց Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ հայ համայնքին դէմ կատարուած բռնութիւնները եւ յայտարարեց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկեն մեղաւորները:
Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ յայտարարութիւն մը հրապարակեց Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:
«Ֆրանսա՝ ի դէմս Երուսաղէմի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ համայնքին եւ կը շարունակէ հետեւիլ իրավիճակի զարգացման», կ՛ըսուի վերոնշեալ գրառումին մէջ: