ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Այս կեանքին մէջ ապրող եւ տակաւին կենդանի հայ մարդոցմէ շատերուն տուած վկայութիւնը մէջբերած կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք, որ 2023ի նման տարուան չէինք հանդիպած մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ընթացքին: Փաստօրէն, այլեւս չմնացին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր աւագ սերունդին պատկանող թանկագին զաւակները, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին աւելի սոսկալի դէպքեր տեսեր էին, հարազատ բնօրրանէն զրկուելով եւ աքսորի ու սպանդի ենթարկուելով:
Նորօրեայ միջավայրի նորատեսակ անորոշութիւններու գիրկին մէջ ծուարած՝ աշխարհաքաղաքական կեղտոտ խաղերու հարթակին վրայ մինակ մնացած ըլլալու մեր ազգային դժբախտութիւնը մութ սենեակի մը մէջ դրաւ մեզ: Ոչ ոքէ սպասում եւ ակնկալիք չունեցողի մեր ցեղային հպարտութիւնը թոյլ չտուաւ լալու, ո՛չ ալ ողորմութեան ափ բանալու մայթերու վրայ. այդ մութ սենեակին մէջ նոյնիսկ չգտնուեցաւ մեզի հետ նստող մարդ մը, որուն հետ զրուցէինք անցած երեսուն տարիներուն ընթացքին: Կոյր զկուրայն յարդարեցինք մեր մութ սենեակը, կարծեցեալ վայելքի խաբկանքով հիփնոսացած:
Մեր պարագային, անցեալի յուշերով հարբեցող ժողովուրդ մը ըլլալու փաստը օրինակներով հարուստ է: Անոնք ցարդ մեզ կը պահեն գինարբուքի սրահին մէջ, նոյնիսկ 1500 տարիներ առաջ լեցուած բաժակներու թունդ գինիի ազդեցութեան տակ արտասանուող լորձնաշուրթն բաժակաճառերով, որոնց ժամանակավրէպ ըլլալը բնա՛ւ պիտի չընդունինք:
Իրարու յաջորդած երկարաձիգ դարերու ընթացքին, շառաչիւն ապտակներ ստացեր էինք մեր երեսին, բայց չէինք սթափած: Վերապրելու մեր հզօր կամքին ապաւինած՝ միշտ վերյառներ էինք գերեզմանէն, դուրս եկեր անյուսութեան անդունդէն, փարատեր խաւարը, մերժեր անարդարութիւնը եւ վերջապէս՝ պայքարեր էինք յանուն ազատութեան: Այս ճիգին մէջ, միշտ հաւատացեր էինք կեանքի վերսկսման, ո՛չ թէ անպայման նախօրօք ծրագրելով ապագան, այլ ճամբու ընթացքին գործելով վասն յաջողութեան:
Այո՛, ապտակուեցանք: Աւագ սերունդին պատկանողներ վստահաբար կը յիշեն այն օրերը, երբ դաստիարակներ յանկարծակի եւ ուժգին ապտակով ուշքի կը բերէին անուղղայ աշակերտները: Ներկայ մանկավարժութեան մերժած սոյն ձեւը անցեալին շատ յաճախ նոր ուղղութիւն կը բանար իրենց ճամբան կորսնցուցած աշակերտներուն դիմաց, որոնցմէ շատեր այսօր յաջողակ անձեր դարձած են իրենց կեանքին մէջ:
Ապտակին ուժգնութենէն ցնցուած եւ սթափած ըլլալու պատմական փորձառութիւններ ունին տարբեր ազգեր ու պետութիւններ ալ, որոնք ցաւի ազդեցութեան տակ վերագտած են իրենց ինքնութիւնը: Անոնց ղեկավարները չեն վախցած նոյնիսկ իրենց հայրենակիցներուն կողմէ յիմար կոչուելէ, սակայն հաւատացած են, որ իրենց ազգին ու հայրենիքին համար շահաւոր եղածը անպայմա՛ն ձեռք պէտք է ձգեն:
Ժամանակակից պատմութիւնը վերոյիշեալներուն գունաւոր՝ ամէնէն արդիական տեսերիզն է, ուր բացայայտ կ՛երեւի, թէ ինչպէս յաղթանակներով եւ ոսկեջուր մակագրութիւններով էջեր կը կտակեն մեզի մեր հերոսները: Անոնք գերմարդկային կերպարներ չէին, ոչ ալ երեւակայական էակներ. այլ իրական եւ իրենց առօրեայ կեանքով մեր կեանքին միախառնուած մարդիկ:
Երանի՜ անոնց, որոնք յաղթանակի տեսիլքով փակեցին իրենց աչքերը, եւ հայրենիքի դրօշով պատանքուած իջան գերեզման: Երանի՜ անոնց, որոնք մինչեւ իրենց վերջին շունչը ազատ ու անկախ հայրենիքին հարազատ օդը շնչեցին: Վերջապէս, երանի՜ բոլոր անոնց, որոնք յաղթանակած սիրտի ուրախութեամբ ննջեցին ու չտեսան 2023 տարեթիւը եւ չզգացին անոր ապտակին ուժգնութիւնը…։
Ապտակուեցանք, այո՛, բայց սթափա՞ծ ենք: Սոյն հարցումին պատասխանը պարզապէս «ո՛չ» է, որովհետեւ տակաւին հարբածի տեսքով, սակայն ապտակին ուժգնութենէն մեր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած եւ անսովոր պար պարելով, փողոցի առուին մէջ ինկած ենք եւ անցորդներուն քրքջախառն ծիծաղին եւ ծաղր ու ծանակին արժանացեր:
Այո՛, տակաւին չենք սթափած մեզ ամչցնող ապտակէն. անոր փաստը, մեր կորսնցուցած արժանապատուութեան անգիտակից ըլլալու բացայայտ երեւոյթն է: Թշնամիին դէմ մեր անզօր հնամեայ զէնքերը վար դրած, իրարու նկատմամբ մեր ունեցած ատելութիւնը կը զարգացնենք լեզուի ամէնէն սրածայր զէնքով, պղծելով մեր օրհնաբուխ շրթունքը:
Այո՛, ապտակը դաս չէ՛ եղած, եւ ո՛չ ալ առիթ՝ մեր համազգային միաւորման: Պարտութիւնը կրկնակի պարտութեամբ նուիրագործելու տկարութիւնը մասնագիտութեան վերածած յառաջ կ՛ընթանանք, յանուն մեր նահատակներուն եւ անմահ հերոսներուն:
Արդեօք Յիսուսի պատգամը՝ «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր»ը ¤Մտ. 5.39¥ սխա՞լ ըմբռներ ենք…։ Տառապանքի բովէն անցած ժողովուրդի զաւակ ըլլալնուս, իրաւունք չունինք յատկապէս այս խօսքին իմաստային շատ հատու սրութիւնը չհասկնալու:
Ոմանց կարծիքով Յիսուսի խօսքը պարտուողականութեան համազօր է, տկարութիւն է, նոյնիսկ խեղճութիւն է. մինչդեռ նոյն այս խօսքը գիտակից հզօրութիւնն է մարդ էակին. անիկա խոնարհութեան ծածկոյթով պատուած իսկական արհամարհանք է, ուղղուած աշխարհի մէջ ինք իրեն ուժ համարող բոլոր ժամանակաւոր ուժերուն: Մէկ խօսքով, Յիսուսի արտայայտութիւնը բարձունքէն դիտուած փիլիսոփայական մօտեցում է, կեանքի ճղճիմ ուժերուն վրայ նետուած վեհ ու յաղթական հայեացքով:
Նորագոյն ժամանակներուն, իրարու երեսին ապտակելու վարժութիւն ձեռք բերած եւ զիրար սթափեցնելու կեղծ քաջութիւն ցուցադրելու մարմաջով տարուած, չենք գիտակցիր, որ ապտակէն սթափելու լաւագոյն ձեւը, ինքնաապտակումն է, իւրաքանչիւրս մեր իսկ ձեռքով մեր երեսը ապտակելու ունակութիւնը…։ Այ՛ս է, մեր ստացած ահաւոր ապտակէն սթափելու եւ ինքնաճանաչողութեան գիտակցութեան հասնելու ամէնէն ազդու միջոցը:
Յոյսը կը նմանի փայլուն թուղթերով փաթթուած նուէրի տուփին: Տօնական առիթներով նուէր փոխանակելու սովորութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորիս անխտիր, առանց տարիքի եւ հանգամանքի տարբերութեան: Որքա՜ն հետաքրքրական է նուէրի տուփը բացող մարդուն սպասողական վիճակը, որ անհամբեր կ՛ըլլայ տեսնելու, թէ ի՛նչ վերապահուած է իրեն այդ տուփին մէջ:
Ամանորի առիթով սպասուած նուէրը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն մեր կեանքին մէջ պատահած դէպքերու լոյսին տակ, մեզի պիտի չտրուի այն ազգերուն եւ պետութիւններուն կողմէ, որոնք մեզի հովանաւոր կամ բարեկամ կը համարենք միամտօրէն: Լաւագոյն նուէրը մենք մեր ձեռքով յանձնենք մեզի՝ ապտակելով մեր զոյգ երեսները, վերջնականապէս սթափելու համար մեր ստացած աններելի եւ կսկծեցնող ապտակին ցաւէն: