
ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Ստորեւ կու տանք վերջերս մահացած «Ասպարէզ»ի աշխատակից Նուպար Տեմիրճեանի յօդուածը, որ գրուած էր «Ասպարէզ»ի 101ամեակին առիթով.
1908 թուականին, Ֆրեզնոյի փոքրաթիւ սակայն հայրենակարօտ հայութեան ծոցէն ծնունդ առաւ «Ասպարէզ»ը՝ որպէս շաբաթաթերթ, այդ օրերու ընդհանրապէս Քալիֆորնիոյ ու մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի հայ գաղութին հետ լրատուական կամուրջ մը հաստատելու ու խապրիկներ փոխանցելու նախանձախնդրութեամբ՝ հայրենի հողերուն վրայ տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներուն ու անցուդարձներուն մասին:
Նախ մենք մեր գնահատութեան ու երախտապարտութեան խօսքը պէտք է ըսենք 101 տարիներ առաջ անկարելին կարելի դարձնող այն եօթնեակին, «Ասպարէզ»ի հիմնադիր ռահվիրաներուն՝ Ա. Ասլանեանին, Պ. Յակոբեանին, Լ. Յակոբեանին, Յ. Գապատայեանին, Ա. Թֆէնքճեանին, Ա. Սեդրակեանին ու առաջին խմբագիր Ա. Սէքլէմեանին, որոնք ամէն տեսակ զոհողութիւններով իրականացուցին հրաշքի համազօր «Ասպարէզ»ի հրատարակութիւնը: Հոս տեղին է նաեւ յիշել, թէ թերթը սկզբնական շրջանին եղած է վերոյիշեալ նուիրեալներուն անձնական նախաձեռնութիւնը:
Այսպիսի գնահատանքի ու շնորհաւորանքի առիթով, չոր ու ցամաք 101ամեակ շնորհաւորել քիչ է, արդար չէ. պէտք է հանգամանօրէն անդրադառնալ օրաթերթի մը, շաբաթաթերթի մը կամ ամսաթերթի մը ներքին աշխատանքներուն ու դժուարութիւններուն, պէտք է մտնել մամուլի խոհանոցէն ներս, տեսնելու համար հեւ ի հեւ տեղի ունեցող առօրեայ աշխատանքը: Ես շատ քիչ տեղեկութիւն ունիմ այդ մասին, ու այդ քիչով իսկ մեծապէս կը գնահատեմ անձնակազմին ծանր աշխատանքը:
Այս 101ամեայ կաղնին՝ «Ասպարէզ»ը, 1915 թուականին դարձած է պաշտօնաթերթը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան: Անիկա կուսակցական օրկան ըլլալով հանդերձ, է նաեւ հայ ժողովուրդի հարազատ մամուլը, անոր մուտքը իւրաքանչիւր հայ տունէ ներս օրհնութիւն մըն է. անիկա խղճմտօրէն կու տայ իր ժողովուրդին՝ քաղաքական, մշակութային, ազգային-հասարակական եւ եկեղեցական ու այլազան նորութիւններու լուրերը՝ օրը օրին: «Ասպարէզ»ը կանոնաւոր կերպով կը հետեւի նաեւ վերջին տասնամեակի պարտադիր նորութեան, համացանցային դրութեան, հայերէնով եւ անգլերէնով, աւելի արագ հասցնելու համար վերջին լուրերը թէ՛ հայախօս եւ թէ անգլիախօս ժողովուրդին:
Գաղափար մը տալու համար, 1915ական թուականներուն լրատուական ցանցերու սահմանափակ ու դժուար պայմաններուն մէջ տիրող կացութեան մասին, կ՛ուզեմ «Ասպարէզ»ի 16 Ապրիլ 1915ի թիւէն քանի մը մէջբերումներ ընել, ցոյց տալու համար շօշափուած նիւթերու այլազանութիւնը եւ կարեւորութիւնը, նոյն ատեն զուգահեռ մը գծելով այդ օրերու եւ այս օրերու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին եղած նոյնանման սադրանքներու մասին: Ոմն Լեւոն Գասապեան, կ՛ենթադրեմ «Ասպարէզ»ի այդ օրերու աշխատակիցներէն, կը գրէ. «Մենք այսուհետեւ ո՛չ մէկ գնով, ո՛չ մէկ պարագայի, մազաչափ իսկ չենք կրնար եւ եթէ կ՛ուզէք՝ նոյնիսկ չենք ուզեր հաւատալ ոչ մէկ թուրքի անկեղծութեան: Անցեալին մէջ մենք այնքան խաբուեր ենք ձերիններէն, եւ մեր խաբուիլն այնքան աղետաբեր եղեր է մեզ համար, որ ներողամիտ կ՛ըլլաք եթէ ձեզ ալ շփոթենք ձեր հայրենակիցներուն հետ, որոնց բերնէն մեղր կը ծորէր դեռ երէկ մեզի համար, եւ որոնք մեր ցեղին ամէնէն անգութ դահիճներն հանդիսացան: Ո՞ւր տեսնուած է որ զոհը իր մահուան գործիքը իր ձեռքովը սրէ եւ զօրացնել աշխատի իր դահիճին բազուկները, այդ վսեմ յիմարութիւնը մենք գործեցինք անգամ մը Սահմանադրութեան նախօրէին ու երկրորդ անգամ Ատանայի վաղորդայնին. ու հիմա կ՛ուզէք որ երրորդ փորձի՞ մըն ալ ենթարկենք ինքզինքնիս, երբ տակաւին չորնալու իսկ ժամանակ չէ ունեցած ձեր անիծուած ցեղակիցներուն ձեռքով թափուած մեր հազարաւոր եղբայրներուն արիւնը»:

«Ասպարէզ»ի վերոյիշեալ թիւին մէջ նաեւ, դաշնակցական մեծանուն գործիչ Ակնունի, իր խօսքը ուղղելով ամերիկահայութեան՝ կը պատգամէ. «Այդ սոսկումների հանդէպ, ամերիկահայ եղբայրներ, գիտեմ, ձեր միտքն ու սիրտը փոթորկուած է, եւ հեռաւոր ձայների անորոշութեան մէջ դուք տանջւում էք վաթանի (հայրենիք) ցաւերով, եւ գուցէ յուսահատ էք հանդէպ այն բացառիկ ողբերգութեան: Իրաւունք ունիք, երբեք, այո երբեք հայոց պատմութիւնը այսքան երկիւղալի չէ եղած, ինչքան այս ահաւոր ընդհարումների մէջ, բայց եւ երբեք, այո, երբեք այնքան ՅՈՅՍԵՐի հետ չէ եղել կապուած, որքան այժմ միջազգային մեծ կնճիռների լուծման այս բացառիկ օրերին: Երկիւղներ շատ տեսանք բայց յոյսեր՝ ոչ, մեր կեանքը, մեր միտքը, մեր կաշին վարժուեցան երկիւղներին, բայց յոյսերին՝ մենք միշտ կարօտ մնացինք, միշտ զրկուած նոցանից: Դիմաւորենք առաջինը մեզ յատուկ ամրութեամբ, եւ գրկենք երկրորդը՝ նոր խանդով, նոր եռանդով ու նոր թափով: Յոյսերի իրականացման շրջան է: Յոյսերի երկունքի առջեւ չերերանք»:
Ահա այսպէս, «Ասպարէզ» 101 տարիներ շարունակեց իր երթը, ու պիտի շարունակէ տակաւին, միշտ յանձնառու իր առաքելութեան, իր առաջնորդող խմբագրականներով, համահայկական ու միջազգային լուրերով տեղեակ պահելու հայ ընթերցողը, ծառայելով հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:
Երթդ բարի՛, «Ասպարէզ»: