
115 տարիներ առաջ, ֆրեզնոյաբնակ ոմն Աբրահամ Սէքլէմեան, Մուսա լերէն Ամերիկա գաղթած դաշնակցական մտաւորական, իր գրասենեակին մէջ, խումբ մը գաղափարակիցներու հետ, համայնքին ծառայելու կոչուած թերթ մը հրատարակելու ծրագիրի գործնականացման վերջին կարգադրութիւնները կատարեց:
Թերթին սկզբնական տէրերը պիտի ըլլային եօթը հոգի՝ Աբրահամ Կ. Սէքլէմեան, Աւետիս Թֆէնքճեան, Պետրոս Յակոբեան, Յովհանէս Գապատայեան, Ասլան Ասլանեան, Արփիար Սեդրակեան եւ Լեւոն Յակոբեան:
Հետագային, անոնց միացան Մ. Մարգարեան եւ Ս. Արսլանեան: Բոլորը դաշնակցական գաղափարի զինուորներ եղած են:
Այս մասնաւոր ընկերութիւնը ստեղծելու ատեն, նախաձեռնողները յատուկ ճիգ թափած են, որ իրենց բաժնեկիցները ըլլան գաղափարակիցներ:
Սէքլէմեան իր յուշերուն մէջ այդ օրերուն մասին գրելով՝ կ՛արձանագրէ.
«Անկէ ետք գաղափարակից անձինք յաճախակի մէկ տեղ գալով՝ ժողովներ գումարեցին Ֆիկ էվընիւի վրայի մեր տան մէջ, ուր իրապէս ծագում առաւ «Ասպարէզ»ը…
«Այդ նիստերուն մէջ խորհրդակցութեան նիւթ եղան խնդրոյն զանազան երեւոյթները:
«Նախ՝ նկատելով, որ ընդհանուր Քալիֆորնիոյ եւ մօտաւորապէս (մասնաւորապէ՞ս- Խմբ.) Ֆրեզնոյի հայոց թիւը արդէն աճած է եւ օրըստօրէ արագաբար կը բազմանայ, հայերէն թերթի մը հրատարակուիլն ալ անհրաժեշտ է:
«Երկրորդ՝ այսպիսի թերթ մը պէտք էր որ գաղափարակից անձերու կողմէ հրատարակուէր, որպէսզի անոր երեւնալը վաղանցիկ չըլլայ, այլ՝ տեւական եւ մնայուն:

«Երրորդ՝ թերթն ըլլալու է լուրջ եւ առողջ գրականութիւն մը տալու է հայ ընթերցող հասարակութեան:
«Չորրորդ՝ ամերիկեան կեանքը եւ գրականութիւնը սիրցնելու է հայը եւ հայ երիտասարդութիւնը մղելու է այնպիսի աշխատանքի մը, որ չխրտչի եւ չուծանայ ամերիկեան կեանքէն: Ամերիկացւոց եւ հայոց մէջ տեղի ունեցող խրամը որչափ կարելի է գոցել:
«Հինգերորդ՝ հայը վարժեցնելու է ըլլալ ընթերցասէր եւ օրուան խնդիրներով հետաքրքրուող:
«Վեցերորդ՝ աշխատելու է հայ լեզուն սիրցնել հայուն:
«Եօթներորդ՝ հայրենիքի սէրը որչափ կարելի է աւելի արծարծել»:
Այսօր, թերթին առաքելութիւնը դարձեալ ընթերցողին ներկայացնելու համար, կարիք չկայ նոր բառեր ու գաղափարներ փնտռելու:
Ամէն ինչ ըսուած է հիմնադիրներու այս անպաճոյճ բառերով:
Այս հիմնական սկզբունքներուն վրայ գրուած են հարիւրաւոր խմբագրականներ, յօդուածներ, ակնարկներ ու վերլուծումներ: Գրուած են հաւատարիմ մնալով այդ «գաղափարակից» հիմնադիրներու գաղափարակիրին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն այդ հիմնադիր խումբը, քանի մը տարի ետք՝ 1917ին, փոխանցեց թերթի սեփականութիւնը, իր բոլոր բաժնեմասերը վստահելով կուսակցութեան ղեկավար մարմինին:
Այդ փոխանցումով, հիմնադիրները իրականացուցին իրենց խնդիրներէն երկրորդը՝ անոր յարատեւութիւնը:
Ահաաւասիկ, 115 տարիներ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն տէր կանգնած է իր զաւակներէն ժառանգած հրատարակութեան եւ զայն պահած է անոնց իտէալներուն եւ դաւանանքին խօսափողը:
Առաքելութիւնը կը շարունակուի: