Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ գերութենէն 248 ռուս զինուորներ վերադարձած են:
«Ռուս զինուորներու վերադարձը կարելի դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մարդասիրական միջնորդութեան շնորհիւ», նշեց նախարարութիւնը:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին յայտարարեց 230 գերի տարուած ուքրանացի զինուորականներու վերադարձին մասին:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութեան «Նասթոյաշէյէ Վրեմիա» ծրագիրին հաղորդումին՝ ասիկա պատերազմող երկիրներու միջեւ այսպիսի մեծ թիւով պատերազմական գերիներու առաջին փոխանակումն է: