Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին քննադատող աղանդաւորական շարժումներու առաջին նպատակը՝ կեդրոնախոյս ձգտումն է, Աստուծոյ հետ հոգեկան՝ ուղղակի կապի ստեղծումի պատճառաբանութեամբ, իսկ վերջին նպատակը՝ Եկեղեցիին քանդումը: Զանազան նկատումներով ապակեդրոնացեալ դրութեան նպաստաւոր պայմանները, աղանդաւորական շարժումներու ղեկավարները կը մղեն հաւատացեալ ժողովուրդը հեռացնելու իր Եկեղեցիէն, աւելի զօրաւոր «հաւատք» ուսուցանելու խաբեպատիր խոստումներով եւ «հրաշագործութեան» արտաքին կազմակերպուած ձեւակերպութիւններով:
Աւետարանին նկատմամբ անոնց ունեցած «բծախնդրութիւնը» յաճախ, որ իր չափազանցուած կերպին մէջ զզուանք կը պատճառէ, բռնազբօս ու կամայական մեկնութիւններու վատ օրինակ է: Այնքան՝ որ տուեալ աղանդին նոր հետեւող ունկնդիրը կը տարուի մտածելու, թէ արդեօ՞ք նոյն հասարակաց Աւետարանն է, որուն վրայէն կը կատարուի մեկնութիւնը, թէ՞ այլ աւետարան մը կայ աղանդաւոր «մեկնի»չին ձեռքերուն մէջ…:
Նոյն զարմանքը բազմապատկուած ձեւով արտայայտութիւն կը գտնէ մարդոց մօտ, երբ Աւետարանի իւրաքանչիւր հատուածին մէջ, Յիսուսի խօսած իւրաքանչիւր բառին տակ սկզբունքայնութիւն տեսնելով, անխախտելի «օրէնքներ» հաստատող աղանդաւոր քարոզիչը կեանքի պատահարներուն դիմաց ի՛նք կը փոխէ իր ընթացքը…: Նման մօտեցում, որ փարիսեցիները եւ դպիրները ունէին, Յիսուս խստիւ դատապարտած է Աւետարանին մէջ, ամէնէն ծանր խօսքերը ուղղելով անոնց հասցէին: Այսպէս, Յիսուս զանոնք կոչած է մժղուկը քամող եւ ուղտը կլլողներ (հմմտ. Մտ. 23.24), այսինքն՝ ուրիշին վերաբերող աննշան երեւոյթ մը խոշորացոյցի տակ բերելով հաշիւ պահանջող, իսկ իրենց վերաբերող ամէնէն աչքառու սխալներուն նկատմամբ աչք գոցող մարդիկ:
Ուրիշ տեղ մը Յիսուս զանոնք կը կոչէ «դուրսէն փայլուն, իսկ ներսէն նեխած գերեզմաններ» (հմմտ. Մտ. 23.27), ըսել ուզելով, որ իրենց կատարած բարեպաշտական բոլոր ձեւակերպութիւնները ի ցոյց մարդկան են, իսկ Աստուած՝ որ ծածուկը կը տեսնէ (հմմտ. Մտ. 6.6), գիտէ, որ իրենց ներսիդին փտածութեամբ լեցուն է:
Ամէնէն խիստ արտայայտութիւնները Յիսուսի, որոնք երկու հազարամեակներ առաջ ուղղուած էին նման մարդոց, խտացած են Աստուածորդիին կողմէ օգտագործուած «կեղծաւոր» բառին մէջ (հմմտ. 23.13-36): Ուղղակիօրէն Ան կը քննադատէ զանոնք, կրօնամոլական իրենց ձեւակերպութեանց համար, թելադրելով ըլլալ խոհեմ, զուսպ, իսկապէ՛ս բարեպաշտ եւ աստուածավախ:
Ամէնէն զարմանալին այն է սակայն, որ աւելի քան 2000 տարիներ առաջ պատահած այս դէպքերը, որոնց արձանագրութիւնը պահուած է Աւետարաններուն մէջ աշակերտներուն վկայութեամբ եւ նոյնիսկ այնտեղ Յիսուսի տուած բացատրութիւնները այդ բոլորին մասին, փորձառութիւն չեն եղած մարդկութեան համար: Այդ երկար դարերու վրայ տարածուած փորձառութեամբ, մարդիկ հեռու մնալու էին նման կեղծաւորներէ ու ստապատիր խօսքերով եւ կիսախուփ աչքերով իրենց մօտեցող գառնուկի մորթով գայլերէն: 2000 տարին բաւարար չէ՞ր ճանչնալու նման մակաբոյծները: Կան ոմանք, որոնք ճշմարիտ հաւատքի մէջ ըլլալով հանդերձ, տակաւին կը տարուին անգամ մը այցելել աղանդաւորական որջերը, տեսնելու համար, թէ ի՞նչ կ’ընեն անոնք, կամ ի՞նչ հրաշագործութիւններ կը կատարուին, որոնց արձագանգը այնքան կը լսեն հոս ու հոն: Անմիտ հասարակութեան միշտ պէտք է յիշեցնել ժողովրդային առածը, որ կ’ըսէ. «Թմբուկին ձայնը հեռուէն շատ հաճելի կը թուի ականջին»:
Հակառակ անոր, որ Աստուածաշունչին հետեւողութիւնը նման աղանդաւորներու համար տառացի գործադրութեամբ միայն կ’իմաստաւորուի, սակայն միեւնոյն այս ընթացքը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք յաճախ խախտեն իրենց կեանքին աննպաստ թուացող օրէնքները: Հոգեկան տագնապներու անհաւասարակշիռ վիճակներու պարզած մէկ երեւոյթն է այս: Նկատելի է նաեւ, որ նմանօրինակ կացութեան մէջ գտնուող անձեր չեն կրնար երկար ժամանակ միեւնոյն «առօրեայ օրէնք»ին հետեւիլ: Այսպէս, հոգեկան ինչ-ինչ բարդոյթներէ մղուած, անոնք յանկարծ կ’որոշեն այսինչ թաղէն չանցնիլ յետ այսու: Բաւական երկար ժամանակ գործադրելէ ետք իրենց անիմաստ որոշումը, յանկարծ կը փոխեն զայն…եւ կը սկսին անցնիլ այնտեղէն, այս անգամ ուրիշ որոշում մը առնելով: Իրենց առօրեային շրջապատին մէջ գործող անձերը տարբեր գունաւորումներով տեսնելու հիւանդագին փորձութեան մէջ կ’իյնան անոնք, եւ երբեմն ալ ուրուականներ կը հալածեն զիրենք, վերոյիշեալ անկարեւոր որոշումներու յաճախակի փոփոխութեան ենթարկելով զանոնք:
Ըլլալով ծայրայեղ կրօնամոլներ եւ Աստուածաշունչի պատուիրաններուն առերես տառացի գործադրողներ, աղանդաւորները կը մոռնան ամէնէն մեծ օրինակը՝ Յիսուս Քրիստոս, որուն ոտնահետքերուն հետեւիլը իրենց առաջին պարտականութիւնը պէտք է համարէին:
Աստուածային համեստութիւնը, որ իր երկնաւոր Հօր կամքին հնազանդութեամբ արտայայտութիւն գտաւ պատմական Յիսուսի անձին մէջ, ամենեւին նմանութիւն չունի, իրենք զիրենք Քրիստոսի հարազատ «բարեկամ», Տէր Յիսուսի «միացած» ներկայացնող աղանդաւորներուն կեանքին հետ:
Գառնուկի մը պէս մորթելու տարուեցաւ (հմմտ. Եր. 11.19), կ’ըսուի Քրիստոսի համար, սակայն գիտակցաբար հնազանդեցաւ Հօր Աստուծոյ կամքին: Իսկ իբրեւ թէ Քրիստոսի օրինակին հետեւող աղանդաւորներ Յիսուսի կեանքին ու Աստուծոյ փրկագործական հիմնական այս կէտին ամբողջութեամբ հակառակողներն են: Անոնք հոգեւոր իշխանութեան հնազանդելու գաղափարը անգոսնող, արհամարհող, անտեսող, անարգող ու մերժող անձեր են: Մինչ միեւնոյն Նոր Կտարականին մէջ, զոր թեւի տակ առած կը շրջին, առաքեալը կը թելադրէ նոյնիսկ պետական իշխանութիւններուն հնազանդիլ (հմմտ. Հռ. 13.1), այս կեանքին մէջ կարգ-կանոնի Աստուածադիր ներդաշնակութիւնը պահպանելու միտումով:
Աստուծոյ նկատմամբ ցուցաբերուած անհաւատարմութիւնը Աստուածաշունչի բառամթերքին մէջ «պոռնկութիւն» բառով ճանչցուած է: Ամէն անգամ, երբ եբրայեցի ժողովուրդը անհաւատարիմ գտնուած է իր Աստուծոյն եւ օտար չաստուածներ սկսած է պաշտել, մարգարէներ ու ընտրեալ մարդիկ զգուշացուցած են զայն նման «պոռնկութիւն» գործելէ (հմմտ. Դտ. 2. 17, 8.27, Ես 1.21, 23.17, Ղւ. 20.5 եւայլն):
Իսկ «Նոր Իսրայէլ»ը՝ Քրիստոնէութիւնը նման զգուշացման կարիք չունի՞: Քրիստոսահիմն Եկեղեցւոյ նկատմամբ անհաւատարմութիւն եւ անոր հոգեւոր իշխանութեան նկատմամբ անհնազանդութիւն ցուցաբերող բոլոր տեսակի աղանդաւորները պէտք ունին զգուշացման այս կոչին, «պոռնկութիւն» չգործելու եւ իսկական հետեւորդները դառնալու Տէր Յիսուսի եւ հարազատ զաւակները մեր Սուրբ Եկեղեցւոյն: Ահա այս իմաստով, պէտք չէ «պոռնկանալ» մեր Մայրենի Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ: