Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբին, Շաբաթ, 19 Մայիս, 2007ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:30ին, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Կլէնտէյլի կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցան իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներու յատուկ միօրեայ դասապահեր:
Այսպէս, Շաբաթօրեայ յանձնախումբի ծրագրումով, հրաւիրուեցան ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու 10 տարեկան եւ վեր բոլոր աշակերտները, որոնք իրենց դասատուներու եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցան միօրեայ այս դասընթացքին:
Ձեռնարկը Մայիս ամսուան զուգադիպելով, իբրեւ դասանիւթ յանձնախումբը երկու նիւթ ճշդած էր: Մէկը «Մայրերու օր»ուան նուիրուած՝ մօր մասին, իսկ միւսը Մայիս 28ին, անկախութեան տօնին ու գաղափարին նուիրուած:
Առաջին նիւթը՝ մայրերու եւ մայրութեան մասին դասաւանդեց ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի բարձրագոյն կարգերու հայերէն լեզուի տարիներու ուսուցչուհի Սեդա Հայիրեան-Կըվըրեան, իսկ երկրորդը՝ անկախութեան գաղափար եւ Մայիս 28ի մասին, ՀՕՄի Լա Քրեսէնթայի «Թալին» մասնաճիւղի տարիներու տնօրէն եւ հայերէն լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեան:
Դասապահերուն ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնա Փէլթէքեանի կողքին ներկայ էին նաեւ վարչական իր գործընկերուհիներէն Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան եւ Շաբաթօրեայ յանձնախումբի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Սօնա Պոստանեան, կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամուհիները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Սիփան», «Մայր», «Անահիտ» եւ «Թալին» մասնաճիւղերու Շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցիչներ ու նաեւ 4 մասնաճիւղերու աշակերտները՝ թիւով 63 հոգի:
ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբին անունով ատենապետուհի Սօնա Գիզիրեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու շնորհակալութիւն՝ այս կարեւոր ձեռնարկին իրենց ներկայութեան համար եւ նաեւ շեշտեց, թէ ՀՕՄը միշտ առաջնահերթ տեղ տուած է յատկապէս մեր մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարկութեան ծրագրին՝ մարդասիրական իր նպատակներուն եւ աշխատանքներուն կողքին:
Խօսելով իր յանձնախումբի մասին, ան աւելցուց, թէ յանձնախումբը նման ծրագրով կը փորձէ արմատացնել եւ հաստատ պահել միջվարժարանային կապը:
Իբրեւ առաջին պահ կամ նիւթ ուսուցչուհի Սեդա Կըվըրեան աշակերտներուն հասկնալի լեզուով ու ոճով բացատրեց մայր բառն ու մայրութեան զգացումը եւ յատկապէս մօրը դերակատարութիւնը մարդոց կեանքին մէջ:
Իր խօսքերը համեմելով մօրը նուիրուած զանազան գրութիւններու ու բանաստեղծներու եւ մեր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններու ընթերցումներով, ուսուցչուհի Կըվըրեան մօտենալով սեղաններուն, իր խօսակցութեան մասնակից դարձուց աշակերտներն ալ:
Հետաքրքրական էր լսել նոյն այդ փոքրերուն բերնէն իրենց մօր հանդէպ ունեցած սէրն ու գուրգուրանքը, իրենց կատարած չարաճիճիութիւններու մէջբերումներով, իրենց ստացած պատիժներն ու գնահատականները:
Ուսուցչուհին նաեւ ընթերցեց իր վարժարանէն քանի մը աշակերտներուն՝ մօր նուիրուած շարադրութիւնները, որոնց մէջէն յստակօրէն կ’արտացոլային որդիական անմեղ եւ հարազատ զգացումներն ու պարտականութիւնները:
Այս առթիւ մայրերու մասին արտասանեց «Անահիտ» մասնաճիւղի վարժարանէն Ռէճինա Յակոբեան:
Կարճ դադարէ մը ետք, սկսաւ երկրորդ դասապահը: Նիւթ ունենալով անկախութիւնը եւ յատկապէս 1918 Մայիս 28ին կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, տնօրէն-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեան նախ պարզեց ազատութեան գաղափարը եւ շեշտեց հայ ժողովուրդի մօտ արմատացած այս գաղափարին ոգին ու արժէքը:
Ուսուցիչ Պետիկեան պատին վրայ ցուցադրած էր պատմական եւ ներկայ Հայաստաններու ընդհանուր գունաւոր քարտէսները, որուն վրայ յստակօրէն կը բացատրէր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը:
Սրահին միւս պատերուն վրայ ցուցադրուած էին, այդ օրերու հայկական բանակներու եւ զօրագունդերու զօրավարներուն անունները, ինչպէս նաեւ մեր նորանկախ պետութեան զինանշանն ու եռագոյն դրօշը:
Գէորգ Պետիկեան պարզելէ ետք իր նիւթը, աշակերտներուն բաժնեց պատմական Հայաստանի ընդհանուր քարտէսը, Արցախն ու Չաւախքը ներառեալ: Ապա աշակերտներուն բաժնեց մեր նոր պետութեան զինանշանի մանրանկարը՝ տալով անոր սպառիչ մանրամասնութիւնները:
Ապա դասատու Պետիկեան հրաւիրեց «Անահիտ» մասնաճիւղի աշակերտներէն Էլիա Պիլէմճեանը, որ իր կարգին արտասանեց Խաչատուր Աբովեանի «Ախ լեզուն» գրութենէն հատուած մը եւ ապա կարդաց՝ Մայիսեան անկախութեան առթիւ իր գրած շարադրութիւնը, որ ներկաներու կողմէ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ:
Ձեռնարկ-դասապահի աւարտին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնա Փէլթէքեան աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ նախ վեր առաւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ ծնողներուն մեծ զոհաբերութիւնները եւ ապա մեծապէս գնահատեց աշակերտներուն հայ լեզուին, գիրին ու գրականութեան հանդէպ ցուցաբերած սէրն ու յարգանքը:
Վերջին՝ իւրաքանչիւր աշակերտ իբրեւ նուէր ստացաւ հայկական հեքիաթներու յատուկ մէկական DVD մը:
Դասապահերուն բոլոր մասնակիցներն ու ներկաները հիւրասիրուեցան ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
(Թղթակցութիւն՝ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Յանձնախումբի Կողմէ)