ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի 24 Յունիս 2007ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն ետք, կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս պարգեւատրեց Յարութիւն եւ Սուրէն Վարդանեան եղբայրները, Տէր Զօրէն: Ներկայ էին միաբան հայրեր, Ազգ. քաղաքական կազմակերպութեանց եւ մշակութային միութեանց ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Լեւոն Սարգիսեան եւ Սուրիայէն ու Լիբանանէն ժամանած հայորդիներ:
Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, քահանայից պատրաստութեան յատուկ յարկաբաժիններու կառուցման եւ կահաւորման բարերարութիւնը ստանձնած Վարդանեան ընտանիքը, անցնող տասնամեակներուն եւս, զանազան առիթներով սատար հանդիսացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգօգուտ եւ ժողովրդանուէր առաքելութեան:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքի խօսքը ուղղելով Տէր Զօրէն ժամանած Վարդանեան ընտանիքի անդամներուն, վեր առաւ անցնող տարիներուն անոնց կատարած կարեւոր ներդրումները մեր ազգի կեանքին, յատկապէս սուրիահայութեան կեանքէն ներս: Նորին սրբութիւնը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ համայն Հայ Ժողովուրդի Ուխտավայր՝ Տէր Զօրի Ապրիլեան Նահատակաց մատուռն ու յուշարձանը, դարձեալ կը վայելէ Վարդանեան եղբայրներուն հոգածութիւնը: Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց քահանայից պատրաստութեան յարկաբաժիններու կառուցման եւ կահաւորման բարերարութեան ստանձնումը Վարդանեան եղբայրներուն կողմէ: Ապա, Բերիոյ թեմի առաջնորդ՝ Շահան եպս. Սարգիսեան ընթերցեց Հայրապետական կոնդակը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Յարութիւն եւ Սուրէն Վարդանեան եղբայրները:
Նշենք, որ նոյն օրը, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրապետական մաղթանք», Ս. Աթոռոյս գահակալ վեհափառ հայրապետին արեւշատութեան եւ բեղուն գահակալութեան համար աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած: