

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին հետ համագործակցութեամբ՝ վերջերս լոյս տեսաւ Պարոյր Սեւակի «100 Բանաստեղծութիւն» ժողովածոն, որ նուիրուած է բանաստեղծին ծննդեան 100ամեակին:
Գիրքը կազմած է գրողի որդին՝ գրականագէտ Արմէն Ղազարեան, իսկ Ժողովածուին տպագրութիւնը հովանաւորած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
17 Յունուարին Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ Պարոյր Սեւակի ձգած արժէքաւոր գրական ժառանգութեան՝ նշելով, որ Սեւակ այն եզակիներէն է, որուն խօսքը բոլոր սերունդներուն եւ բոլոր ժամանակներուն համար է: Ան Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհաւորեց ներկաները՝ գիրքի լոյս ընծայման եւ բանաստեղծին ծննդեան 100ամեակին առիթով:

Պարոյր Սեւակի կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին անդրադարձան գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Դաւիթ Գասպարեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, Արցախի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արշալոյս Գալստեան եւ բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան: Հայաստանի գրողներու միութեան անունով խօսք արտասանեց Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Նորեկ Գասպարեան:
Մեծ հօր կեանքին եւ ստեղծագործական գործունէութեան մասին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ներկայացուց Սեւակի թոռնիկը՝ գրականագէտ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն Սեւակ Ղազարեան:
Գրական նախաձեռնութիւնը ամբողջացաւ Սեւակի ստեղծագործութիւններու ընթերցանութեամբ, զոր կատարեցին Հայաստանի վաստակաւոր դերասան Դաւիթ Յակոբեան եւ ասմունքող Գայեանէ Սամուէլեան: Հնչեցին Սեւակի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած երգեր:
Ներկաները Պարոյր Սեւակի «100 Բանաստեղծութիւն» ժողովածոյէն օրինակներ նուէր ստացան: