Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ անհիմն որակեց Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Փեթեր Միխալքոյի արտայայտութիւնները Ատրպէյճանի դատական համակարգին աննախանձելի վիճակին վերաբերեալ:
«Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ դեսպանը կեդրոնանար Եւրոպական Միութեան որոշ երկիրներու դատական համակարգերուն մէջ արդարադատութեան բացակայութեան եւ դաժան վերաբերումին վրայ», խրատեց Հաճիզատէ։
Ան նաեւ «անթոյլատրելի» համարեց «որեւէ միջամտութիւն՝ միջազգային լաւագոյն փորձառութեան վրայ հիմնուած Ատրպէյճանի դատական համակարգին»: