Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 19 Յունուարին, Խրուաթիոյ իր պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, իբրեւ պատասխան Խրուաթիոյ հանրային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին խաղաղութեան ջանքերուն մասին հարցումին՝ ըսաւ, որ Հայաստան բարեխղճօրէն ներգրաւուած է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ։
«Մենք աւելի քան շահագրգռուած ենք տարածաշրջանում յարատեւ խաղաղութեան հաստատմամբ: Մենք համոզուած ենք, որ սա շահաւէտ կը լինի ոչ միայն Հայաստանի բնակչութեան, այլեւ տարածաշրջանի պետութիւնների համար: Այդուհանդերձ, մենք տեսնում ենք, որ մեր կառուցողականութիւնը երբեմն նոյն կերպ չի արտացոլւում մեր հարեւանների վարքագծում: Մենք ներգրաւուած ենք եղել բանակցութիւններում ի թիւս այլոց, նաեւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ, եւ ներկայումս տեսնում ենք, որ Ադրբեջանը, ցաւօք, հրաժարւում է վերսկսել բանակցութիւնները գոյութիւն ունեցող հարթակներում: Այնուամենայնիւ, մենք շահագրգռուած ենք շարունակելու բանակցութիւնները», ըսաւ Միրզոյեան՝ դիտել տալով, որ Հայաստան այնքան կարեւոր չի նկատեր այն հանգամանքը, թէ ո՛վ կը նպաստէ բանակցութիւններու իրականացման, որքան այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ պէտք է բանակցութիւնները շարունակուին:
«Այս համատեքստում կը ցանկանայի կրկին ընդգծել, որ դրանք են տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմանների ճանաչումը եւ անքակտելիութիւնը, ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչումը: Սրանք են այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ, կարծում եմ, պէտք է խաղաղութեան շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուի», եզրափակեց Միրզոյեան։