19 Յունուարին, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ իրենց երկիրները հետամուտ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ստորագրութեան եւ պատրաստ են աջակցելու այդ գործընթացին։
Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը, որուն միջոցաւ պիտի ճանչնան իրարու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր՝ շեշտելով, որ որքան շուտ, այնքան լաւ։
Ան դիտել տուաւ, որ կողմերը վերջին տարուան ընթացքին, զգալի յառաջընթաց արձանագրեցին այս հարցով: «Մենք կը խրախուսենք զանոնք՝ պահպանելու այդ թափը` հիմնուելով նախկին բանակցութիւններուն վրայ եւ համաձայնագիր կնքելու», ըսաւ Միլլըր։
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի` նախորդ շաբաթ Հայաստան տուած այցելութեան, Միլլըր նշեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը:
Իր կարգին, Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին յայտարարեց, որ Ռուսիա պատրաստ է կարելի եղածին չափ նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման: Ան այս մասին յայտնեց «Ռիա Նովոստի» գործակալութեան հետ ունեցածհարցազրոյցին ընթացքին:
«Ռուսական կողմը շատ աշխոյժ, հաստատակամօրէն եւ հետեւողականօրէն աշխատած է եւ կը շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Ասոր վկայութիւնն են նաեւ մեր գործողութիւնները: Ես նոյնիսկ կրնամ թուարկել այն աշխատանքը, որ այդ ուղղութեամբ իրականացուած է Ռուսիոյ մասնակցութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ Ռուսիա հաստատակամօրէն տրամադրուած է, որպէսզի կարելի եղածին չափ աջակցի այս գործընթացին` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իսկապէս կայուն, արդար խաղաղութեան հաստատման», շեշտեց Քոփիրքին։
Ան ընդգծեց, որ Մոսկուա հետամուտ է տարածաշրջանին եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ կայունութեան հաստատման: «Մենք կ՛աջակցինք յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, եւ Ռուսիա միշտ աշխոյժ կերպով շեշտադրած է այդ ուղղութեամբ աշխատելու պատրաստակամութիւնը բոլոր երեսներով` ըլլա՛յ այդ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելը, ըլլա՛յ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ըլլա՛յ կողմերուն միջեւ վստահութեան զարգացումը` ներառեալ քաղաքացիական հասարակութեան գծով շփումներու միջոցով, ըլլա՛յ այդ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը», յայտնեց Քոփիրքին: