Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17ին, «Հորիզոն» հեռատեսիլը կը սկսի սփռել 2007-2008ի իր նոր յայտագիրները՝ նոր բովանդակութեամբ ու ձեւաւորումով:
«Հորիզոն»ի տնօրէն Հէրի Որբերեան դիտել տուաւ, որ նոր յայտագիրներուն նպատակը դիտող հանրութիւնը աւելիով իրազեկ պահել է հայկական իրադարձութիւններուն, միաժամանակ առօրեայ եւ ժամանցի նիւթեր հրամցնելով: Ան աւելցուց, թէ անձնակազմը այս ուղղութեամբ ատենէ մը ի վեր լարուած կերպով կ’աշխատի արտադրելու համար նոր յայտագիրները, որոնք թէ՛ կը ցոլացնեն համայնքի պատկերը եւ թէ միաժամանակ կը գոհացնեն զայն:
Այլապէս, առաւօտեան յայտագիրները կը սկին ժամը 9ին, արեւելեան մարտարուեստի՝ Թայ Չիի վարպետ Արամ Յակոբեանով, որուն կէս ժամ ետք կը յաջորդէ սկսնակներու եոկայի դասընթացք՝ Այտա Ամիրխանեանի ցուցմունքներով:
Ժամը 10ին կը սկսի օրուան քննարկումը, երբ Լուսինը եւ Կարէնը դիտողները պիտի առաջնորդեն մտքեր գրգռող հետաքրքրական աշխարհ մը:
Երեկոյեան հիմնական ժամերը կ’ընդգրկէ «Ամրոց» յայտագիրը (Երկուշաբթի օրերը 9-10), Խորէն Քէշիշեանի հաղորդավարութեամբ, ուր ան կը ճամբորդէ զանազան վայրեր, հանդիպելու հետաքրքրական հայերու:
Երեքշաբթի երեկոյեան նոյն ժամուն, կրնաք դիտել LA Highlights յայտագիրը, իւրայատուկ ճամբորդութիւն մը դէպի Լոս Անճելըսի հետաքրքրական վայրերը:
Չորեքշաբթի երեկոները, «Հորիզոն»ի բազմամեայ խօսնակներէն Արշալոյս Դարբինեան պիտի հիւրընկալէ «Արուեստ» յայտագիրը՝ հայ արուեստագէտներու հետ հանդիպումներ եւ հարցազրոյցներ, իսկ Հինգշաբթի երեկոները, Յովան Թաշճեան դիտողը պիտի առաջնորդէ դէպի հայկական քաղաքական-ընկերային նորագոյն զարգացումներու բնագաւառը եւ այցելէ հայկական հեռաւոր համայնքներ:
Նոր շրջանին, «Հորիզոն» ուղիղ սփռումի ժամերուն կը վերսկսի ամէն երեկոյ ժամը 10-11, բոլորին շատ ծանօթ Մանուկ Սէրայտարեանի հետ՝ «Միասին» յայտագրով, գաղութի դէմքերու հետ զանազան հարցերու մասին հարցազրոյցներով:
Գալով լուրերուն, կարելի է զանոնք լսել ամէն օր առաւօտեան 11ին, կէսօրէ ետք 2ին, 5ին եւ երեկոյեան 8ին: