Մեթնի մասնակի ընտրութիւններու անմիջականօրէն յաջորդած յետընտրական ժամանակահատուածին վրայ վարագոյրը իջած կարելի է սեպել։ Սակայն չէ փակուած ընտրական կարեւոր այս հանգրուանին արձանագրուած իրադարձութիւններուն փոխանցած դասերուն վերլուծումի բաժինը։ Ու կասկած ալ չկայ համոզուելու, որ հայութեան ընտրական-քաղաքական ուժի ինքնապարտադրանքի իրականութիւնը ներազգային, համասփիւռքեան թէ լիբանանեան հարթութիւններու վրայ պիտի շարունակէ իր վրայ կեդրոնացնել բոլորին ուշադրութիւնը։
Տասնամեակներէ ի վեր ներլիբանանեան զինուորական թէ քաղաքական բախումներուն մնայուն կերպով խաղաղարարի դեր ստանձնած, բացառապէս երկխօսութեան ճանապարհով հարցերուն բարւոք լուծումներ գտնելու քաղաքականութիւնը հետեւողականօրէն որդեգրած, իրարու հանդէպ հանդուրժողութեան կոչերով հանդէս եկած եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք ծաւալած Դաշնակցութիւնը, ընտրական այս հանգրուանի նախօրէին, մինչեւ ընտրական դիրքորոշումներու վերջին վայրկեանը ոգի ի բռին գործեց՝ կայացնելու համար համախոհութիւնը. խնայելու՝ այլապէս ալ բեւեռացած կացութեան մը հերթական սրումը։
Դաշնակցութեան դիրքորոշումը անակնկալ չէր բոլոր կողմերուն համար ալ։ Խնդրոյ առարկայ շրջանին մէջ իր ընտրական դաշնակիցներուն կողքին՝ ընդդիմանալով ընտրական դաշինքը կազմալուծելու նկրտումներուն, Դաշնակցութիւնը ստանձնեց իրեն վերապահուած դերը եւ վերցուց ձեռնոցը։ Հայութեան ուժին անշրջանցելիութիւնը փաստելու հերթական մարտահրաւէրն էր, որուն ընդառաջ հայութիւնը կը դրսեւորէր իր կամքը։
Այս կեցուածքին ու անոր հիմնաւորումներուն մէջ կային անշուշտ ընտրական անարդար օրէնքը վերացնելու պատգամն ու մանաւանդ ընդհանրապէս բոլոր համայնքներուն եւ մասնաւորաբար հայ համայնքի իրողական ներկայացուցչութիւնը խորհրդարան հասցնելու վճռակամութիւնը։ Ուրեմն սոսկ Մեթնի ընտրաշրջանէն ոչ հայ թեկնածուի մը յաջողութեան պայքարին լծուելու երեւոյթ չէր այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 5 Օգոստոսին։
Անգամ մը որ Դաշնակցութիւնը յայտարարեց իր ընտրական դիրքորոշումը եւ անվերապահ տէր կանգնելով զօրակցեցաւ իր ընտրական դաշնակիցներուն, որեւէ ձեւով ալ անակնկալ պէտք չէ թուէին Դաշնակցութեան ընտրամեքենային բանելու ձեւը, չափն ու տարողութիւնը։ Մանաւանդ անոնց, որոնք տասնամեակներ գործակցած էին այդ ընտրամեքենային հետ եւ որուն շնորհիւ ալ երկար ատեն խորհրդարան ներկայացած։
Ընտրական արդիւնքէն չբաւարարուած կողմի հոգեբանութեան դրսեւորումները խախտեցին ընկալեալ չափը։ Եւ երբ հրապարակաւ խնդրոյ առարկայ դարձան հայութեան եւ Դաշնակցութեան արժանապատուութիւնը, հակազդեցութիւնը եղաւ անմիջական եւ համատարած։ Այս երեւոյթը եւս պէտք է նկատել օրինաչափ։ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած որեւէ մեղադրանք ուղղուած է հայութեան եւ անշուշտ՝ փոխադարձաբար։ Առ այդ, արդէն քանի երորդ անգամ ըլլալով, թէեւ տարբեր պայմաններու մէջ, ապարդիւն ճիգ թափուեցաւ տարանջատելու հայութիւնը Դաշնակցութենէն։ Միայն այս հանգրուանին չէ, որ հայութիւնը իր ամբողջական վստահութիւնը փոխանցած է Դաշնակցութեան՝ լիբանանեան թէ արտասահմանեան բեմերու վրայ ներկայացնելու իր ազգային-քաղաքական իղձերը, համոզումներն ու առաջադրանքները։
Հայութեան թէ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած անհիմն մեղադրանքներու վերարծարծումը օգտակար չենք գտներ այլեւս։ Յառաջիկայ հանգրուաններուն համար անհրաժեշտ է վերընդգծել սակայն, որ ի զուր են եւ անօգուտ հայութեան եւ Դաշնակցութեան ուսերուն ընտրական արդիւնքներու պատասխանատուութիւններ բարդելու այս եղանակները։
Ընտրական յառաջիկայ հանգրուաններուն, լիբանանեան բոլոր կողմերը պարտաւոր են հաշուի նստիլ հայութեան եւ անոր իրողական ներկայացուցչութեան փաստած ուժին հետ։ Մեղադրել այդ ուժն ու անտեսել զայն կը նշանակէ խոցել օրինակելի համայնքի մը արժանապատուութիւնն ու ծածկել իրականութիւնները։ Իսկ այս համայնքն ու զինք ներկայացնող քաղաքական ուժը փաստեցին արդէն, թէ ինչպէ՛ս կ՚ընկալեն նման վերաբերում մը։
Վարագոյրը իջած է յետընտրական ժամանակահատուածին վրայ։ Հայութիւնը փաստած է իր անշրջանցելիութիւնն ու ինքզինք պարտադրած՝ քաղաքական բեմի վրայ։ Բոլորը պարտաւոր են հաշուի նստիլ ինքնապարտադրանքի այս վերջին օրինակին հետ։
Օգոստոս 15, 2007