Նախորդ օրերուն, ընկերային ցանցերու վրայ եւ լրատուամիջոցներու մէջ տարածուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ տղամարդ մը Երեւանի մէջ կը մօտենայ «Պաշարուած Լենինգրադի երեխաներուն» յուշարձանին, ծաղկեպսակներէն կը հանէ եւ մէկդի կը նետէ Ռուսիոյ դրօշակին գոյներով ժապաւէնը, գետին կը նետէ ծաղկեպսակները` նկարահանելով իր գործողութիւնը եւ հրապարակելով տեսանիւթը:
Դէպքին արձագանգեց Մոսկուա՝ արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի մօտ դեսպանատան մակարդակով, իսկ Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէի նախագահ Ալեքսանտր Պասթրիքին յանձնարարեց քրէական գործ յարուցել յուշարձանը պղծելու դէպքին առթիւ՝ պարզելու դէպքին հանգամանքները։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, ըստ «Թասս»ի, խստօրէն դատապարտեց յուշարձանին մօտ տեղի ունեցածը:
«Խոր ցաւով կը նշենք, որ ասիկա Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համար ընդհանուր պատմութեան հերոսական էջերուն նուիրուած յուշարձաններու պղծման առաջին դէպքը չէ: Կը տեսնենք բարեկամ հայ ժողովուրդին կողմէ տեղի ունեցածին նկատմամբ սուր արձագանգը, նոյնը կ՛ակնկալենք նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններէն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալենք, որ այսուհետեւ այսպիսի բարբարոսութեան դրսեւորումները կը կանխուին: Այսպիսի գործողութիւններով հրապարակային արշաւ կը տարուի` փորձելով սեւցնել Ռուսիոյ դերը Հարաւային Կովկասի մէջ», ըսաւ Զախարովա:
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը եւս ցաւ յայտնեց «Պաշարուած Լենինգրադի երեխաներուն» յուշարձանին մօտ եղած ամօթալի սադրանքին նկատմամբ՝ զայն նկատելով այս ողբերգութեան զոհերուն եւ քաղաքը պաշտպանած հերոսներու յիշատակին նկատմամբ բացայայտ ստորնացում։
Դեսպանատունը յայտնեց, թէ իրենք յոյս ունին, որ այս գործողութիւնները համապատասխան իրաւական գնահատական կը ստանան Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ որ յանցաւորները պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին:
«Ուրախ ենք, որ մեր գնահատականը կը կիսեն նաեւ հայ հասարակութեան մէջ, որուն վկայութիւնն է ընկերային ցանցերուն մէջ այս աղաղակող արարքին վերաբերեալ զանգուածային վրդովումը», յայտնեց դեսպանատունը։