«Օրբելի» վերլուծական կեդրոնին մէջ, 30 Յունուարին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Գերագոյն առաջնորդի խորհրդական եւ Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քամալ Խարազիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։
Անդրադառնալով Իրանի եւ Հայաստանի պատմական ու բարեկամական յարաբերութիւններուն` Քամալ Խարազի ընդգծեց այդ յարաբերութիւնները ընդլայնելու՝ Իրանի վճռականութիւնը: Ան նշեց, որ Իրան կը սատարէ այս տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, իսկ աշխարհագրական սահմաններու փոփոխութիւնը անընդունելի է Իրանի համար: Խարազի ընդգծեց նաեւ, որ Իրան կ՛աջակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ յառաջ տանելու «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Խարազի հաստատեց, որ Իրան՝ իբրեւ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք հաղորդակցութեան ուղիները իրար կապող առանցք, պատրաստ է իր տնտեսական եւ գիտական կարողութիւնները ներդրելու՝ այս տարածաշրջանին զարգացման եւ յառաջընթացին համար: