
«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴԸ ՊԱՐՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ ՈԳԵՂԷՆ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՍԷՐ»
Կիրակի, 28 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց Փասատինայի նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ եւ աւուր պատշաճի պատգամեց, իր խօսքին մէջ վեր առնելով Յիսուս Քրիստոսի անսահման մարդասիրութիւնը եւ աշխարհը լեցուցած մեղաւոր մարդոց նկատմամբ մեր Տիրոջ ցուցաբերած անծայրածիր հոգածութիւնը՝ նշելով, որ այս յատկանիշները նաեւ լաւագոյնս մարմնաւորուեցան Սարգիս անուն մեծ սուրբի կեանքին ու վարքին մէջ:
Նոյն օրը, տնօրինութեամբ առաջնորդ սրբազանին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական «2024՝ Մարդուժի Տարի» հռչակագիրը, զոր առաջնորդ սրբազանը կոչեց «ամէնամեայ ուղենիշ»՝ նշելով որ ամէն տարի նոր երեւոյթի մը նուիրուած հայրապետական հռչակագիրը ընթացք ու խորութիւն կը պարգեւէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծխական եւ թեմական կառոյցներու գործունէութեան եւ՝ ընդհանրապէս, ամբո՛ղջ սփիւռքահայութեան:


Եկեղեցւոյ Ս. խորանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, անդամ Սարգիս Թաթիկեան, հոգաբարձական կազմը, Ազգային երեսփոխաններն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ բազմութիւն մը, որոնք, ականջալուր իրենց հոգեւոր առաջնորդին հոգեպարար քարոզին՝ աղօթքի եւ շարականներու ճամբով ստացան օրհնութիւններ:
Իր պատգամին աւարտին, Թորգոմ եպիսկոպոսը եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ կամաւորները, ինչպէս նաեւ Սարգիս անունը կրողները՝ դիտել տալով, որ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալ կը նշանակէ՝ ներքնապէս քաջ եւ հաւատքով լի՝ Իրե՛ն համար նահատակուելու պատրաստ ըլլալ, եւ այս մէկը ընելու համար պէտք է որ մարդը, առաջին հերթին, տոգորուած ըլլայ անմնացորդ սիրով՝ դէպի իր Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ իր նմանը:
Յընթացս արարողութեան, առաջնորդ սրբազանը նաեւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ ծառայող երկու երիտասարդներու՝ Տէյվիտ Տէր Կարապետեանին եւ Կարօ Քէլլէճեանին, ապա օրհնեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պատրաստուած մատաղը, որ յետ արարողութեան բաժնուեցաւ ներկաներուն, որպէսզի տուները եւ ընտանեկան պարագաները եւս լեցուին օրհնութիւններով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
