Հայաստանի մնայուն բնակչութիւնը 1 Յունուար 2024ի դրութեամբ՝ 2,990.900 հոգի կը հաշուէ: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ այդ թիւը աւելցած է 53.4 հազարով:
Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէին ներկայացուցած տուեալներէն ի յայտ կու գայ, որ Յունուարէն Դեկտեմբեր 2013ին, Հայաստանի բնակչութեան թիւի փոփոխութեան առաջնային բաղադրիչը եղած է գաղթականներուն մնացորդը: Ըստ նախնական տուեալներուն` մինչեւ 1 Յունուար 2024՝ ներառեալ, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութենէն Հայաստանի բնակչութեան պետական գրանցամատեանին մէջ հաշուըւած են 41.4 հազար անձեր: Մինչդեռ, բնակչութեան բնական յաւելաճը (ծնունդներու եւ մահերու բնական տարբերութիւնը) 2023ին կազմած է ընդամէնը 12 հազար անձեր:
1 Յունուար 2024ի դրութեամբ՝ երկրին 71 համայնքներուն 49 քաղաքներուն մէջ կը բնակին 1 միլիոն 915.3, իսկ 953 գիւղերուն մէջ` 1 միլիոն 075.6 անձեր: Ընդ որում, մայրաքաղաքը ունի 1 միլիոն 104.2 հազար բնակիչներ: Տուեալ ժամանակաշրջանին, Երեւանի բնակչութեան աճը 15.6 հազար է:
Մարզերէն բնակչութեան թիւով անվիճելի առաջատարն է Կոտայքը (278 հազար անձեր), որուն կը յաջորդեն Արմաւիրը (259.4), Արարատը (255.8), Շիրակը (237.9), Լոռին (225.3), Գեղարքունիքը (213.2), Արագածոտնը (131.5), Սիւնիքը (119.5), Տաւուշը (117.1) եւ Վայոց Ձորը (49):
Նախորդ մէկ տարուան ընթացքին, բնակչութեան մեծագոյն աճը արձանագրուած է Կոտայքի մէջ (7.3 հազար անձեր), նուազագոյն ցուցանիշը Վայոց Ձորի մէջ է (1.6): Մարզերէն քաղաքային բնակչութեան մեծագոյն աճը Կոտայքի մէջ է (4.7 հազար անձեր), նուազագոյնը` Շիրակի մէջ (1.1): Գիւղական շրջաններուն մէջ բնակչութեան մեծագոյն աճը արձանագրուած է Արմաւիրի եւ Կոտայքի մէջ` 2600ական անձեր, ամէնէն ցած թիւը` Վայոց Ձորի եւ Տաւուշի մէջ` 300ական: