8 Փետրուարին, «Երկրի Հիւրասրահը» հաղորդաշարին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Զրոյցին ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին շրջանի հայաստանեան իրադարձութիւններուն, մասնաւորապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան առանձին դրսեւորումներուն՝ Հայ-Ատրպէյճան տարօրինակ բանակցութիւններուն, հայկական կողմի պարտուողական դիրքորոշումներուն, ամէն ինչ զիջելու պատրաստակամութեան, կեղծ օրակարգերով հանրութեան ուշադրութիւնը բուն գործընթացներէն եւ ապահովական հարցերէն շեղելու արդէն աւանդական դարձած գործելաոճին մասին:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին հաւանական ստորագրութեան հարցին՝ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ այդ փաստաթուղթը, դատելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան անդրադարձերէն՝ մտահոգիչ է, որովհետեւ անիկա կը նախապատրաստուի կեղծ օրակարգերով յառաջ ընթացող բանակցութիւններու միջոցով:
«Աշխարհի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ որեւէ պարտուած պետութիւն, երբ կը բանակցի ճնշումներու եւ սպառնալիքներու տակ, չի կրնար առաջնորդուիլ խաղաղութեամբ: Եւ մենք, լաւ ճանչնալով մեր թշնամիները՝ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, գիտենք, որ երբ անոնք կարելիութիւնը կ՛ունենան կորզելու այսպէս կոչուած պատառ մը, կը սկսին մտածել յաջորդ պատառին մասին: Ասոր վկայութիւնն են Արցախի դատարկումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի նոր նկրտումները», յայտնեց Տէր Խաչատուրեան:
Ան կեղծ օրակարգ որակեց նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ նոր սահմանադրութեան անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնները՝ յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ այդ հարցով սահմանադրական հանրաքուէ այնուամենայնիւ տեղի չ՛ունենար: Առաջին հերթին ժողովուրդը ի՛նք կ՛ընդվզի, որովհետեւ ան այլեւս կը տեսնէ եւ կը հասկնայ, թէ ո՛ւր կը տանին իրեն առաջարկուող փոփոխութիւնները՝ զինք օտարելով իր պատմութենէն եւ ինքնութենէն:
Հարցազրոյցին ընթացքին լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի եւ արցախահայութեան խախտած իրաւունքներու վերականգնման, հայոց բանակի հզօրացման, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներուն եւ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի ղեկավարներու ճակատագիրին վերաբերող հարցերուն: Խօսելով ռազմագերիներու վերադարձին մասին՝ Տէր Խաչատրուրեան նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ գծով որոշ քայլերու կը ձեռնարկեն, բայց անոնք բաւարար չեն առայժմ, որ Ատրպէյճան կատարէ իր պարտաւորութիւնները, զորս ստանձնած է միջազգային համաձայնագիրներով եւ փաստաթուղթերով: Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն ետք այդ հարցին գծով աշխուժութիւն պիտի նկատուի: