ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Արցախի առաջին յաղթանակէն ետք (1994) պատմութիւնը հայերուս 26 տարի առիթ ընծայեց (մինչեւ Սեպտեմբեր 2020), որպէսզի կերտենք արդիական հզօր բանակ, նոր օրերու ռազմական արհեստագիտութեամբ: Մեր հայրենի ղեկավարները այդ չըրին: Արդեօ՞ք անկարելի էր: Արդեօ՞ք երկրին հարստութիւնները բաւարար չէին: Արդեօ՞ք մեր հայրենի ղեկավարները շարժեցան անձնակեդրոն տրամաբանութեամբ: Ամենայնդէպս, մեր հայրենի ղեկավարները այդ չըրին եւ երկիրը 2020ի քննութեան ներկայացաւ տկար եւ անպատրաստ:
2020ի Արցախի պատերազմի ջախջախիչ պարտութենէն ետք, սպասելիօրէն, մեր երկրին ճակատագրին տնօրինումը գրեթէ ամբողջութեամբ օտարներուն ձեռքն է: Գլխաւորաբար՝ Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի:
Այլեւս շատ փոքր է այն դերը, որ Հայաստան կրնայ ունենալ իր ճակատագրի տնօրինումին մէջ: Մենք որպէս նկատառելի ուժ գրեթէ չկանք: Ներկայիս մեր ուժի գրեթէ միակ աղբիւրը մեր աշխարհագրական դիրքն է, որ կրնայ արթնցնել կարգ մը օտար պետութիւններու հետաքրքրութիւնը:
Մենք արդէն կորսնցուցած ենք Արցախը: Ահաւոր իրողութիւն:
Կը թուի թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ ռուսական արեւելումը աստիճանաբար փոխարինել ամերիկեանով: Բան մը՝ որ շատ դժուար իրականանալի է եւ երկիրը կրնայ տանիլ յաւելեալ ցնցումներու:
Ամերիկան եւ Ռուսաստանը Կովկասի մէջ հակադրուած են իրարու: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան յստակօրէն կ՛ուզեն Սիւնիքը աւելցնել իրենց արդէն իսկ ձեռք ձգած հայաստանեան շրջաններուն վրայ:
Օտարները անշուշտ գոհ են, որ մեր հարցին «լուծումը» կրկին իրենց յանձնուած է եւ մենք, հակառակ մեզի տրուած 26 տարիներու հոյակապ առիթին, անգամ մը եւս ապուրի ամանին դիմաց կանգնած ենք գլուխնիս կախ, թղթէ շերեփով:
* * *
2020ի Հայաստանի պարտութիւնը պատմական է իր տարողութեամբ եւ հետեւանքներով: Ան ոչ միայն հսկայական կորուստներու պատճառ դարձաւ, այլ նաեւ բացայայտեց որ Ատրպէյճանին թիկունք եղան թէ՛ Թուրքիան թէ՛ Ռուսիան, եւ որ Արեւմուտքը անուշ խօսքեր ըսաւ եւ ձեռքերը լուաց: Հայը անգամ մը եւս մինակ էր: Կարելի չէ եւ սխալ է մեր ուսումնասիրութիւններուն եւ թէզերուն մէջ 2020ի ջախջախող պարտութիւնը շրջանցել եւ մոռնալ: Մինչեւ որ իրականացնենք կատարուածը սրբագրող նոր յաղթանակ, չենք կրնար մենք մեզ ծանր կերպով պարտուած չնկատել:
Այս վիճակին մէջ փրկութեան ռազմավարական ուղին կ՛անցնի՝
ա) հայրենի բանակի եւ իր սպառազինութեան ու մեթոտներու անյապաղ արդիականացումէն եւ հզօրացումէն,
բ) արագօրէն նոր օրերու ռազմական արդիւնաբերութիւն զարգացնելէն, եւ
գ) ուժեղ տնտեսութիւն կերտելէն:
Պետութիւն, հայրենիք, ազգ փրկելու կարողութենէն հեռու պիտի ըլլանք, եթէ չգործենք այս ուղիով:
Յաջողելու համար անհրաժեշտ է խմբուիլ եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի գիտական, արհեստագիտական եւ նիւթական կարելիութիւնները կեդրոնացնել ա՛յս ռազմավարական ուղիին վրայ:
Պէյրութ
Փետրուար 2024
***
Կարդալ նայեւ՝ ՄՏՔԵՐ- 1 Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթոռի Ապահովման Աշխատանք