«Իզվեստիա»ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին յայտարարեց, որ պաշտօնական Երեւանի աշխարհաքաղաքական տատանումները կրնան պատճառ դառնալ Հայաստանի ինքնուրոյնութեան կորուստին՝ կոչ ուղղելով հայկական իշխանութիւններուն՝ նախ եւ առաջ կողմնորոշուելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ յարաբերութիւններու հարցին մէջ:
«Յաճախ պնդումներ կը կատարուին, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ՀԱՊԿը եւ Ռուսիա կրնան կորսնցնել Հայաստանը: Կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է խօսինք ոչ թէ Ռուսիոյ կամ ՀԱՊԿի հաւանական կորուստներուն մասին, այլ այն մասին, որ մէկ կողմէ արեւմտեան գործօններով հրապուրուիլը, միւս կողմէ տատանումները՝ արդեօք պէ՞տք է հեռանալ ՀԱՊԿէն, թէ՝ ոչ, կրնան պատճառ դառնալ Հայաստանի ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան կորուստին», յայտարարեց Կալուզին:
Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Արեւմուտքը ընելիք չունի Կովկասի մէջ: «Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Հարաւային Կովկասի ապագան պէտք է որոշեն այն երկրիները, որոնց համար այդ տարածաշրջանը ընդհանուր տուն կը հանդիսանայ: Ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Ֆրանսա, ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը այդպիսի երկիրներու կարգին կը նկատուին: Հետեւաբար, մենք կը կարծենք, թէ արտատարածաշրջանային ուժերու, Արեւմուտքի ներկայացուցիչներու ներգրաւումը այս շրջանին մէջ, որուն վերջերս, դժբախտաբար, հակուած է պաշտօնական Երեւան, օգտակար չէ», դիտել տուաւ Կալուզին՝ յայտնելով, որ արեւմտեան պետութիւններու ներգրաւումը հարաւային Կովկասի գործընթացներուն մէջ կը նպատակադրէ ոչ թէ խաղաղութիւն հաստատել, այլ՝ Ռուսիոյ համար նոր, յաւելեալ հարցեր ստեղծել:
Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ, ըստ Կալուզինի, ճիշդ պիտի ըլլար, որ Երեւան իր հայեացքը դարձեալ ուղղէր դէպի համագործակցութեան աւանդական ձեւաչափերը՝ նախ եւ առաջ ՀԱՊԿը, որովհետեւ նախ անիկա կը բխի հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետութեան շահերէն, իսկ երկրորդ, առարկայականօրէն, Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորման առումով ՀԱՊԿի գործիքակազմը, ըստ անոր, որեւէ այլընտրանք չունի:
Ըստ Կալուզինի՝ Մոսկուա եւ ՀԱՊԿի անդամ միւս պետութիւնները այսօր ալ պատրաստ են վերադառնալու Հայաստան՝ այդ կառոյցին դիտորդական առաքելութիւնը ուղարկելու, Երեւանի հետ կապերը խորացնելու ծրագիրներու քննարկման համար:
«ՀԱՊԿի անդամ երկիրները միշտ ալ բաց եղած են, հիմա ալ բաց են Երեւանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու: Ժամանակին Հայաստանին առաջարկուած են թէ՛ սպառազինութեան բնոյթի քայլեր եւ թէ Հայաստանի համար մասնագիտական անձնակազմի մը պատրաստութիւնը, նաեւ ՀԱՊԿի դիտորդական առաքելութիւն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Բայց, դժբախտաբար, հայկական կողմը այդ գաղափարներուն եւ առաջարկներուն համաձայնութիւն չտուաւ, եւ անոնք կեանքի չկոչուեցան», յայտարարեց Կալուզին:
Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջին օրերուն ծաւալած իրադարձութիւններուն՝ ան շեշտեց, որ Մոսկուա կը շարունակէ կոչ ուղղել Երեւանին եւ Պաքուին՝ «առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու»: