ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի 25 Յունիս 2007ին, Անթիլիասի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ տիալոկի յանձնախումբի համանախագահներ՝ դոկտ. Մուհամմէտ Սէմմէքը եւ Հարէս Շեհապը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ սոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Սոյն այցելութեան նպատակն էր խորհրդակցիլ երկիրը ներկայ վիճակէն դուրս բերելու միջոցներուն մասին, եւ թէ՝ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբը ի՞նչ միջոցներու կրնայ ձեռնարկել, նպաստելու համար այդ աշխատանքին:
Այս ծիրէն ներս, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպման մը կարելիութեան հարցը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու քաղաքական պատասխանատուներու դռնփակ հանդիպման մը ծրագիրը: Նորին Սրբութիւնը թելադրեց իրապաշտ մօտեցում որդեգրել, հեռու մնալ նոր զգայնութիւններ յառաջացնելու վտանգներէ եւ թելադրեց յանձնախումբի անդամներուն հանդիպումներ կազմակերպել քաղաքական ազդեցիկ դէմքերու հետ, հետեւեալ յստակ գործընթացով.
Ա.- Նոր կառավարութեան կազմութիւն, մասնակցութեամբ բոլոր կողմերուն: Այս ծիրէն ներս վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ թերեւս կանխահաս պիտի ըլլայ ազգային միասնական կառավարութեան մը կազմութիւնը, հասկնալի պատճառներով, սակայն կարեւոր է կազմել կառավարութիւն մը, որուն մասնակից դառնան բոլոր համայնքները ու քաղաքական կողմերը:
Բ.- Նոր կառավարութեան հովանաւորութեան տակ ազգային երկխօսութեան վերսկսումը:
Գ.- Նոր նախագահի մը ընտրութեան շուրջ համաձայնութիւն: Անձի մը շուրջ, որ կողմի մը ներկայացուցիչ չըլլայ, այլ ամբողջ Լիբանանը ներկայացնող անձ մը: