Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, իր հիմնադրութեան 50ամեակին առիթով, յոբելենական համերգ մը տուաւ արուեստասէր ու երաժշտասէր հանրութեան, Շաբաթ, 17 Փետրուարի երեկոյեան, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ, Տըպայէ, Լիբանան։
Յոբելենական համերգը տեղի ունեցաւ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի վրայ Համբիկ Մարտիրոսեանի նուագակցութեամբ։
Համերգը նախատեսուած էր իրականացնել անցեալ տարի, սակայն Արցախի ցաւալի կացութեան պատճառով յետաձգուած էր։
Երջանկայիշատակ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի դաշնաւորումով «Տէրունական Աղօթք»ի գեղեցիկ կատարողութեամբ ընթացք առաւ երգչախումբին 50ամեակին նուիրուած համերգը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար հայր սուրբը։ Ան ըսաւ, որ ամեակները հանգրուանի մը աւարտը ըլլալու կողքին` նոր սկիզբ եւ կենսունակութիւն պարգեւող առիթներ են։ Այսօրուան յոբելենական համերգը յետադարձ ակնարկով կը գնահատէ «Շնորհալի» երգչախումբին անցեալի առաքելութիւնը՝ աւելի փայլուն ապագայի մը տեսլականով։ Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ այս տարեդարձը կ՚իրականանայ շնորհիւ երկար տարիներու վրայ տարածուած երգչախումբի բազմահարիւր անդամներու կամաւոր ու նուիրեալ ծառայութեան ու մանաւանդ՝ հաւատքին։ Ան աւելցուց, որ երգչախումբին ճամբով ա՛լ աւելի կապուածութիւն մը ստեղծուած է ժողովուրդին ու հայ եկեղեցւոյ եւ անոր ներկայացուցած արժէքներուն միջեւ։ Խմբավարը իր խօսքը աւարտեց պատիւ ու երախտագիտութիւն արտայայտելով բոլոր ծառայածներուն ու ծառայողներուն եւ որդիական շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. հայրապետին՝ մնայուն աջակցութեան եւ հոգածութեան համար։
Յիշատակներով լեցուն հին օրերու լուսանկարներու շարանը եւ «Շնորհալի» երգչախումբին անցեալի ղեկավարներու մշակումներու եւ յօրինումներու կատարումը բեմին վրայ՝ ներկաները ապրեցուցին անցեալի ու ներկայի ներդաշնակումը, հին օրերու քաղցրութիւնը եւ ապագային նկատմամբ վառ յոյսերն ու տեսլականները։ Լսեցինք Գէորգ Գանտահարեանին ձօնուած «Երգ Հաւատարմութեան»ը՝ Ռոբերտ Ամիրխանեանի յօրինումով եւ Սարգիս Կիրակոսեանի գրիչով։ Հոգեզմայլ այս կտորին մեներգողները եղան Քրիսթին Անտէքեան եւ Ղազար Քէօշկէրեան։ Յատուկ խորհրդաւորութեամբ կատարուեցան Զարեհ արք. Ազնաւորեանի մշակած «Տէր Ողորմեա»ն, «Իմաստութիւն»ը, «Սուրբ Խօսքդ Տէր»ը, «Փառք Քեզի»ն՝ Մարօ Սարգիսեանի մեներգութեամբ, «Աստուծոյ Զաւակներ»ը եւ «Ցայգանուագ»ը։ Ներկաները ունկնդրեցին Զաւէն վրդ. Նաճարեանի մշակումով «Տարածեալ»ը եւ Կոմիտաս արք. Օհանեանի մշակած «Բաց Մեզ Տէր»ը՝ Կարօ Քէլէշեանի ձայնով։ Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի բառերուն եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի երաժշտական ստեղծագործութեամբ երգուեցան «Տուր Ինծի Տէր»ը եւ «Մսուրածին Թագաւոր»ը, ինչպէս նաեւ՝ Թորգոմ եպիսկոպոսին կիսասարկաւագութեան օրերուն մշակած «Երանելի Սուրբ Առաքեալք»ը՝ Ղ. Քէօշկէրեանի մեներգութեամբ։ Երգուեցաւ նաեւ «Ապրիլ Կրկին» Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած երգը՝ Զաքար Քէշիշեանի երաժշտութեամբ եւ Վարդան Թաշճեանի բառերով։ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի գործերէն ներկաները ճաշակեցին «Աղօթք Ամանորի»ն՝ Վարդգէս Ղազարեանի մենակատարութեամբ, «Յայտնութիւն 12.10-12»ն եւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի մենակատարութեամբ ներկայացուցած՝ «Փառք Քեզ Աստուած»ը։
Երեկոն աւարտին հասաւ կաթողիկոսին հայրական պատգամով։ Հայրապետը ըսաւ. «50 տարիներու իրագործուած առաքելութեան մը դիմաց ենք։ Առաքելութիւն մը կ՚իրագործուի հաւաքական աշխատանքով, անմնացորդ նուիրումով ու գիտակից յանձնառութեամբ։ Ինչ որ տեսաք եւ լսեցիք երգչախումբին ճամբով, բառին հարազատ հասկացողութեամբ առաքելութիւն էր։ 50 տարիներու առաքելութիւնը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ»։
Համերգը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգի միաձայն երգեցողութեամբ։