
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ 36ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՑԱԽՑԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐ ԵՌԱԲԼՈՒՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Արցախեան շարժման 36ամեակին առիթով, Արցախի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքին համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Արցախցի պաշտօնեաները շրջեցան պանթէոնին մէջ եւ ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան պատերազմներուն ընթացքին զոհուած զինուորներու շիրիմներուն:
«Եռաբլուր» այցելողներուն կարգին էին՝ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպս. Աբրահամեան եւ շարք մը պատգմաւորներ։
Ապա Երեւանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան յարկին տակ, փակ դռներու ետին տեղի ունեցաւ խորհրդարանի հանդիսաւոր նիստը, ուր ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սամուէլ Շահրամանեան: Նկատի ունենալով, որ նիստը փակ էր լրագրողներուն դիմաց, նիստին մասնակցած ներկայ եւ նախկին պատգամաւորները փոխանցեցին, որ հիմնականին մէջ շնորհաւորանքներ հնչեցին, խօսուեցաւ սխալներու եւ բացթողումներու, արցախահայ համայնքի պահպանման, ինչպէս նաեւ Արցախ վերադառնալու ուղիներուն մասին:
Արցախի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց 20 Փետրուարին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, որ արցախցի պաշտօնեաները ի՞նչպէս կը պատկերացնեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վերադարձը հայրենիք՝ ըսաւ, որ յստակ քայլերու կը ձեռնարկեն, առանց մանրամասնութիւններ տալու։
«Մենք շարունակելու ենք անել ամէն ինչ, ինչ հնարաւոր է, որպէսզի արցախահայութիւնը վերադառնայ հայրենիք` մեր պատմական հայրենիք, եւ յոյս եմ պահում, որ, չնայած արդէն իմ բաւականին մեծ հասակիս, յոյս եմ պահում, որ կը վերադառնամ` ես կը վերադառնամ, ոչ թէ իմ թոռները: Բոլոր փակագծերն այսօր չեմ կարող բացել, բայց հաւաստիացնում եմ, որ մենք անում ենք հնարաւորը` հաշուի առնելով ե՛ւ տարածաշրջանում ստեղծուած իրավիճակը, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներսում իշխող տրամադրութիւնները, հաշուի առնելով այն մեղադրանքը, որ մեզ, Արցախի պետական կառոյցները որոշ ուժեր անուանում են սպառնալիք Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համար, մենք ամէն ինչը հաշուի առնելով` շատ մտածուած, հաշուարկուած քայլեր ենք կատարում, որպէսզի լրացուցիչ խնդիրներ չստեղծելով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների համար, այնուամենայնիւ ե՛ւ աշխարհին, ե՛ւ մեր երկու հանրապետութիւնների քաղաքացիներին հաւաստիացնենք, որ մեր պայքարը շարունակուելու է, արցախահայութիւնը չի ընդունի այն գաղափարը, որ մենք փակել ենք Արցախի էջը, եւ վերադարձի տրամադրութիւնները միշտ մեր մօտ մնալու են: Յոյսով եմ, որ թէկուզ ոչ հեռու ապագայում, մենք էական յաջողութիւններ կ՛ունենանք այդ ուղղութեամբ», ըսաւ Բաղունց:
Արցախի խորհրդարանի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան մեծ յոյսեր ունի Ղարաբաղի հարցով վերջերս ստեղծուած յանձնախումբին հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի ղեկավարած այս կառոյցին նպատակն է՝ աջակցել արցախահայերու հաւաքական հայրենադարձութեան ու հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ըստ Ղուլեանի՝ միջազգային դերակատարներու հետ ճիշդ աշխատանքի եւ բարենպաստ իրավիճակի պարագային կարելի պիտի ըլլայ յաջողութեան հասնել:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ առանց Հայաստանի իշխանութեան աջակցութեան այդ մէկ կարելի՞ է՝ ան ըսաւ. «Շատ ճիշդ կը լինի, որ Հայաստանի իշխանութիւններն էլ հէնց դրան լծուեն, որովհետեւ այսօր կարծես թէ ամբողջ աշխարհը խօսում է դրա մասին, բացի Հայաստանի իշխանութիւններից»։
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հայոց պատմութիւնը յաղթանակներու եւ պարտութիւններու շղթայ մըն է, եւ, դժբախտաբար, արցախեան ազգային ազատագրական պայքարը եւս այդպիսի ընթացք ունեցաւ: «Բազմաթիւ գործօնների ազդեցութեան տակ մենք չկարողացանք մեր ունեցածը պահել, պաշտպանել: Ընդհանուր առմամբ, պատմութիւնը ոչ միայն դաս է, այլեւ պատիժ բոլոր նրանց համար, որոնք պատմութեան դասերը հաշուի չեն առնում: Ցաւօք սրտի, մենք մեր անցած դասերը հաշուի չառանք, չկարողացանք պահպանել մեր պետականութիւնը», ըսաւ Բալայեան:
Ան հաստատեց, որ Արցախի, մեր պատմութեան էջը տակաւին չէ փակուած, ամէն սերունդ իր ներդրումը պէտք է ունենայ երկրի եւ պետականութեան պահպանման համար: «Ճիշդ է` այսօր մենք յուսախաբուած, կոտրուած վիճակում ենք, բայց պէտք է եղած հնարաւորութիւններն օգտագործել եւ հզօրացնել Հայաստանը, այդ ամէնի համատեքստում էլ փորձել հետագայ մեր պայքարը շարունակել, մեր պատմական հայրենիքի մի հատուածը ազատագրել», ըսաւ Բալայեան։
Ըստ անոր՝ Արցախի հարցը որեւէ կապ չունի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ: «Մենք ինքնորոշուեցինք մեր տարածքի վրայ: Այստեղ կարեւոր է նկատենք, որ մենք որեւէ երկրի, ժողովուրդների տարածքների նկատմամբ յաւակնութիւններ չենք ունեցել: Մենք խորհրդային ժամանակաշրջանում ունեցել ենք Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ, եւ այն որոշակի կարգավիճակ է ունեցել Խորհրդային Միութեան կազմում, ինչպէս Խորհրդային Ադրբեջանն է ունեցել: Աւելին ասեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզն ունեցել է նաեւ Սահմանադրութիւն, որտեղ գրուած է, որ պաշտօնական, պետական լեզուն հայերէնն է: Իրաւական տեսանկիւնից որեւէ խնդիր չկայ, այսօր խօսել, որ պէտք է Ադրբեջանի տարածքում լինի ինքնորոշում, այդպիսի բան չկայ, դա անընդունելի է», նշեց Բալայեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելով փորձ կը կատարուի ամբողջութեամբ օրակարգէ հանել Արցախի հարցը՝ Բալայեան նշեց, որ այս կամ այն որոշումով կարելի չէ փակել ազգային հարցերը: «Թղթի վրայ գրուածը դեռեւս հիմք չէ, այսինքն դա չի նշանակում, որ մեր պայքարը չպէտք է շարունակուի, մեր ժողովուրդը չպէտք է պահանջատէր լինի: Արցախը միայն արցախհայերինը չէ, այն համայն հայութեանն է պատկանում: Ես կարծում եմ` ժողովուրդը դա չի ընդունի: Դա ժողովրդական հանրաքուէի միջոցով պէտք է լինի եւ ժողովուրդը արդէն մէկ անգամ որոշում կայացրել է եւ հետամուտ կը լինի իր իրաւունքները պաշտպանելու հարցում», ըսաւ Բալայեան։
Անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ Ռուսիա նոր փաստեր կ՛ուզէ, որ Սեպտեմբեր 2023ին Արցախէն բռնի տեղահանում կատարուած է՝ ան ըսաւ. «Այսօր ռուս խաղաղապահները շարունակում են մնալ Արցախում, նրանք որոշակի առաքելութիւն պէտք է իրականացնէին, եւ պէտք է ասել, որ դա ձախողուել է: Այդպէս պէտք է ներկայացուի: Իրականութեան մէջ դա ցեղասպանական ակտ (արարք) է եղել մեր ժողովրդի նկատմամբ, դա ակնյայտ փաստ է, որը պէտք է ներկայացնենք աշխարհին, նորից ցոյց տանք, որ մեր ժողովուրդը ամբողջական վերադարձի իրաւունք ունի եւ պէտք է պայքարի այդ իրաւունքն իրացնելու համար: Մենք դեռ ճանապարհ ունենք անցնելու, ինձ թւում է, որ եղած հնարաւորութիւններից մենք չպէտք է զրկուենք, պէտք է շարունակենք աշխատել` մեր ամբողջական վերադարձն ապահովելու տեսանկիւնից»։
Ըստ Արցախցի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանի՝ հայրենադարձութեան յանձնախումբը թոյլ պիտի չտայ, որ փակուի Արցախի հարցը: Ըստ անոր՝ այդ կառոյցը յառաջիկային պիտի համալրուի եւ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի սկսի գործունէութիւնը, ընդ որում` ոչ թէ Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ արտերկրի: «Շատ, շատ դժուար է ու ծանր է, երբ դու առանց իշխանութիւնների պիտի ինչ-որ բան անես, եւ հակառակը` իշխանութիւնները հակառակն են անում, այո, Հայաստանի իշխանութեանը ի նկատի ունեմ: Հակառակը` իրենք թոյլ էլ չեն տալիս, որ դու անես, եւ ընդհանրապէս ուզում են, որ դու չլինես: Ամենաքիչը, որ յանձնախումբը անելու է` լիազօրուած Արցախի Ազգային ժողովի անունից եւ հետեւաբար նաեւ ժողովրդի, այն է, որ ինքը թոյլ չի տալու փակուի Արցախի հարցը` դա ամենակարեւորն է այս պարագայում», յայտարարեց Յակոբեան:
Ասկերանի նախկին քաղաքապետ, Արցախի խորհրդարանի երեք գումարումներու պատգամաւոր Ալեօշա Գաբրիէլեան վստահ է, որ դէպի Արցախ ճանապարհը կը բացուի, երբ ժողովուրդը հեռացնէ այսօրուան իշխանութիւնները։ «Այս իշխանութիւնները ամէն ինչ անում են, որպէսզի Արցախ բառը չհնչի», յայտնեց Գաբրիէլեան: