Հայ Դատը միջազգային բեմերու վրայ արծարծելը եւ իր նպատակին հասցնելը անյետաձգելի հրամայական մը եղած է առաջին իսկ օրէն։ Առ այդ, պատմութեան ընթացքին Հայ Դատի պայքարը անցած է տարբեր հանգրուաններէ ու փուլերէ եւ դիմագրաւած՝ տարբեր մարտահրաւէրներ։
Յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու գործունէութեան ծիրին մէջ տարուած են բաւական մեծ աշխատանքներ։ Այդ ճամբան պահանջեց ոչ միայն քրտինք, այլ նաեւ հարկ եղած պարագային՝ արիւն, հասնելու համար դէպի լուսաւոր ապագայ՝ ազատութիւն, արդարութիւն, մարդկային իրաւունք, քաղաքակրթութիւն, հաւասարութիւն։
1987ին, Հայ Դատի բոլոր յանձնախումբերը ամիսներ շարունակ, հետեւողական լուրջ աշխատանքով, առօրեայ հանդիպումներ ունեցան եւրոերեսփոխաններու Եւրոպական համայնքի զանազան շրջանակներուն հետ, անհրաժեշտ բարեփոխումները կարենալ յառաջացնելու համար Եւրոխորհրդարանի Քաղաքական յանձնախումբի բանաձեւին մէջ, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ բանակցութեանց հարցով։
Արդարեւ, 18 Յունիս 1987ին, Սթրազպուրկի (Ֆրանսա) մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Խորհրդարանի լիագումար նիստը, ուր հայ ժողովուրդը արձանագրեց բարոյական յաղթանակ մը, որ հետեւանք էր տարիներու վրայ երկարող Հայ Դատի պայքարին, իր զանազան երեսներով։
Նիստին օրը, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, մօտաւորապէս 2500 հայեր (Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, եւայլն) արտօնութիւն ստացած էին, իբրեւ դէտ, մասնակցելու ժողովի նիստին։
Եւրոպական Խորհրդարանը իր մեծամասնութեամբ քուէարկեց «Հայ Դատի քաղաքական լուծումի մը համար» բանաձեւը, որ կը հաստատէ Թուրքիոյ մէջ հայերու հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութիւն մը։ Մինչդեռ այդ ցեղասպանական արարքները սոսկ անարդարութիւն բանաձեւած էր Եւրոխորհրդարանի Քաղաքական յանձնախումբը իր Փետրուար 1987ին նիստին։ Այս պատմական որոշումը կ’առնուէր շնորհիւ հայութեան կողմէ տարուած լուրջ աշխատանքին, հակառակ Թուրքիոյ եւ անոր բարեկամ պետութիւններուն ու համակիր կուսակցութիւններուն ի գործ դրած ճնշումներուն։ Աւելին՝ Խորհրդարանը Եւրոպական համայնք Թուրքիոյ մուտքը պայմանաւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով։ Այսպէս, Հայկական հարցը, իբրեւ հրատապ խնդիր, յուզեց թուրք պետութիւնը։
Եւրոխորհրդարանը իր որդեգրած բանաձեւի առաջին յօդուածին մէջ կը հաստատէ, որ՝ «Հայկական հարցին ճանաչումն ու Թուրքիոյ մէջ այլ փոքրամասնութեանց հարցերը նախապայման պիտի նկատուին Թուրքիոյ եւ Եւրոպական համայնքին միջեւ յարաբերութեանց զարգացման»։ Այսպիսով, Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը դարձաւ միջպետական կազմակերպութեան կողմէ ընդունուած առաջին պաշտօնական փաստաթուղթը։
Օրին, Եւրոպայի Խորհրդարանի անդամներու քաջ որոշումը եկաւ իր բողոքի եւ դատապարտման ձայնը բարձրացնելու եւ միացնելու ողջ հայութեան կողքին։
Անոնք իրենց «այո»ով նախ կատարեցին իրենց մարդկային պարտականութիւնը, ապա՝ հաստատեցին, որ կը հաւատան արդարութեան եւ ճշմարտութեան։ Յանուն մարդկային արդար իրաւունքներու, պայքարի վերածած են իրենց կեանքի ընթացքը եւ իրենց ամբողջ զօրակցութիւնը յայտնած բոլոր անոնց, որոնց կեանքը կիսատ մնացած է այս աշխարհի չարերէն։
1987ի Եւրոպայի Խորհրդարանի անդամներու խիզախ ու յանդուգն որոշումը, ազատատենչ եւ պայքարունակ ոգին եկան քիչ մը անդորր պարգեւելոի վերապրող հայ ժողովուրդի հոգիներուն, յոյս ներշնչելու Հայ Դատի անխոնջ սպասաւորներուն, ինչ որ աշխուժացուց ու թափ տուաւ Հայ Դատի յառաջիկայի բոլոր աշխատանքներու գործընթացին, փաստօրէն ամբողջ 20 տարիներու ընթացքին շարունակուեցաւ օտարներու ընդունած ճանաչման ուղին։ Աւելի քան քսան երկիրներ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ տարբեր քաղաքներ, առաւել՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քառասունէ աւելի նահանգներ (Ալասքա, Արիզոնա, Եութա, Միսսուրի, Մոնթանա, Նիւ Հեմփշըր, Քալիֆորնիա, Քոլորատօ եւայլն), իսկ վերջերս Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը, արդէն պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Որքան ալ քաղաքական նկատառումներէ թելադրուած ըլլայ Եւրոխորհրդարանի հայանպաստ այս որոշումը, ընդգծումն է պատմական յստակ իրողութեան մը՝ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ պետականօրէն ծրագրուած եւ գործադրուած Հայասպանութեան, որ եւրոպական մակարդակի վրայ պաշտօնապէս կը ճանչցուի։ Բան մը, որ օրին հիմնովին ջղագրգռեց թուրք պետութիւնը իր նախագահով, վարչապետով, խորհրդարանով եւ իր զանազան կուսակցապետերով։
Յստակ է, որ նման քայլ մը հաշտ աչքով պիտի չդիտուէր պատմութիւնը նենգափոխել եւ անոր դատաստանէն խուսափիլ փորձողներուն կողմէ, որոնք իբրեւ բողոք, կ’արտայայտեն վերոյիշեալ կարծիքները, ուղղուած՝ եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչներու դէմ։
Փաստօրէն, 18 Յունիս 1987ին, Հայկական հարցը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը, իրաւականօրէն մտնելով քաղաքական, դիւանագիտական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ եւ իբրեւ այդպիսին, քաղաքական ազդու դերակատարի հանգամանքով, իր կշիռն ու զօրութիւնը բացայայտ դարձնելով Եւրոպայի դիւանագիտութեան եւ յատկապէս Թուրքիոյ վրդոված կառավարութեան քունակորոյս վարիչներուն, որովհետեւ քաղաքական նկատառելի հեղինակութիւն վայելող խորհրդարանը անվերապահօրէն ընդունեց 1915ի հայկական ջարդերուն «Ցեղասպանութիւն» տարազումը։
Ի գործ դրուած երկարատեւ եւ հետեւողական ճիգերու, քաղաքական հասուն մտածողութեան, Հայկական ու Եւրոպական Խորհրդարանի շահերու համընկնումին իբրեւ արդիւնք, թուրք պետութիւնը դէմ յանդիման կը բերուի իրեն համար ոչ բաղձալի երկընտրանքի մը առջեւ։
Օրին, «Պատմական դէպքերու իբրեւ ցեղասպանութեան ճանաչումը չի կրնար այսօրուան Թուրքիայէն քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական պահանջներու հարցին տեղի տալ» արտայայտութիւնը ինքնին ցայտուն օրինակն է մինչեւ այսօր կատարուած այն իրողութեան, որ Եւրոպական Խորհրդարանը երկդիմի քաղաքականութիւն վարեց թէ՛ Թուրքիոյ, եւ թէ Հայկական հարցի նկատմամբ, զայն Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնող քաղաքական խաղաթուղթի վերածելով եւ օգուտ քաղելով անկէ, միաժամանակ չնեղացնելով Թուրքիան՝ ամբողջ 20 տարիներու ընթացքին երկարող շահադիտական իր դիտաւորութիւններու իրագործման հեռանկարով։
Վերջին հաշուով, պէտք է ընդունինք, որ Արեւմտեան դիւանագիտութիւնը եւրոխորհրդարանի ճամբով շնորհ մը չըրաւ մեզի, այլ՝ նուազագոյնին նուազագոյնը, այլապէս բնականօրէն տրամադրելիք բարոյական երաշխիքը տուաւ միայն։ Որովհետեւ եւրոխորհրդարանի կեցուածքը չունէր քաղաքական պարտադրանք, այլ՝ բարոյական եւ պատմական հանգամանք եւ կշիռ միայն։ Այս ոչ ամբողջական ճանաչումը Հայ Դատի հետապնդման վերջակէտը չէր (օրին շատեր այդպէս կարծեցին), այլ՝ նախասկիզբը միայն։
Այսօր, սակայն, Թուրքիա աշխարհին կը ներկայանայ տարբեր խաղարկութեամբ։ Թուրքիոյ մէջ անցեալին թապու նկատուող Հայոց Ցեղասպանութեան մասին այսօր ազատօրէն կ’արտայայտուին պատմաբաններ եւ կամ կը կազմակերպուին այսպէս կոչուած «գիտաժողովներ»։ Այս երեւոյթին ետին թաքնուած իսկական դրդապատճառը ակնյայտ է. Եւրոպայի մօտ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Թուրքիան իրական ժողովրդավարական երկիր է։
Հետեւաբար, ծայրայեղօրէն ազգայնապաշտ իր հեռանկարներէն տակաււին չհրաժարած Թուրքիոյ մը միացումը Եւրոպական միութեան Հայաստանի ապահովութեան համար վտանգ է, որովհետեւ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, թրքական քաղաքականութեան միակ փաստացի արտայայտութիւններն են՝ շրջափակումը, ոխակալութիւնը, միջազգային բեմի վրայ Հայաստանը տնտեսապէս եւ քաղաքականօրէն մեկուսացնելու ջանքերը։
Այսօր եւս, դէպքերու նոր զարգացումներու լոյսին տակ, պէտք է պատրաստ ըլլալ յաջորդ հանգրուանին, պահանջատիրութեան համար՝ ապաւինելով Հայաստանի անկախ պետականութեան իրականութեան, Սփիւռքի կազմակերպուած գաղթօճախներու լծակներուն, ինչու չէ, նաեւ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին պահանջատիրական դրօշ պարզած ժողովուրդի շարժումին։
Ներկայիս հայուն պայքարի առաջին փուլը, որու նպատակն է հասնիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման, մօտակայ տարիներուն կ’աւարտի եւ կ’աւարտի մեր յաղթանակով։
Մեր պայքարը պիտի շարունակուի։ Եթէ ներկայիս մեր պայքարը յանուն ճանաչման ու դատապարտման զուտ քաղաքական է, ապա հատուցում կարելի է ստանալ միայն տեղափոխելով զայն մասնակիօրէն, միջազգային իրաւական դաշտ։ Կ’ընդգծենք, միայն մասնակիօրէն, որովհետեւ Թուրքիայէն կարելի է ակնկալել հատուցում միայն՝ զայն դնելով քաղաքական ճնշման հզօր պայմաններու մէջ, ինչ որ կը նշանակէ նաեւ քաղաքական պայքարի շարունակում։ Հատուցումը կրնայ է ըլլալ թէ՛ նիւթական, թէ՛ տարածքային։
Պէտք է կատարենք լուրջ ուսումնասիրութիւններ եւ, օգտագործելով համայն հայութեան հաւաքական ուժը, ճիշդ հաշուարկենք մեր ուժերը եւ անոնց գործադրուելիք առաջնութեան խնդիրը։ Սակայն, մեր վերջնական նպատակը պիտի ըլլայ հատուցման երկու ձեւերն ալ իրականութիւն դարձնել։
15-16 Հոկտեմբեր 2007ին, Պրիւքսէլի Եւրոխորհրդարանի մէջ կայանալիք Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ նախաձեռնուած այս համաժողովին նպատակը, վստահ, ի մի հաւաքել է հայկական բոլոր ուժերը՝ ի խնդիր Հայ Դատի, մեծարելու հայ դատի հետապնդման իրենց ներդրումը ունեցող հայ թէ օտար կարգ մը անձնաւորութիւններ եւ յիշատակելու համար 18 Յունիս 1987ին տեղի ունեցած պատմական, բարոյական անկիւնադարձային օրուան 20ամեակը։
Միւս կողմէ, սակայն, կը կարծենք, որ նաեւ օգնել է Եւրոպայի որոշում առնողներուն, որ անոնք հասկնան Եւրոպայի հայերուն իրաւացի մտահոգութիւնները Թուրքիոյ ցեղասպանութիւնը ժխտող քաղաքականութեան նկատմամբ եւ այդ ճամբով՝ միջազգային գրութիւններուն մէջ արձանագրել հայութեան վերաբերող նիւթերը, Եւրոպական միութեան միւս պահանջքներուն կողքին՝ քաղաքական հիմնաւորեալ պայծառատեսութեամբ, աշխատանքային մարզերու արդիւնաբեր դասաւորումով եւ գիտակից յանձնառութեամբ յարատեւելու պահանջատիրական մեր երթին մէջ, այդ ճամբուն վրայ յաղթահարելու մեզ խոչընդոտող դժուարութիւնները։