Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան կողմէ ստեղծուելիք նոր կայքէջը, որ սահմանուած է տունդարձը քաջալերելու, պարզապէս ողջունելի է:
Ողջունելի է՝ միայն իբրեւ առաջին քայլ:
Տունդարձը կամ հայրենադարձութիւնը, մեր կարծիքով, պետականօրէն կազմակերպուելիք աշխատանք է: Իրապաշտ ըլլալու համար պէտք է հաստատել, որ Հայաստան այսօր ի վիճակի չէ զանգուածային ներգաղթ կազմակերպելու: Սակայն տունդարձ կազմակերպելու համար անհրաժեշտ են նախադրեալներ, որովհետեւ հարցը ունի բազմաթիւ երեսներ՝ ընկերային, տնտեսական, օրէնսդրական եւայլն, որոնց համապարփակ քննարկումով պէտք է մշակուի հայեցակարգ, ռազմավարութիւն ու ապա՝ մասնայատուկ քայլեր:
Օրինակի համար, միշտ մեր կարծիքով, Քալիֆորնիոյ մէջ անպայման որ կան հայորդիներ, որոնք պիտի ուզեն Հայաստան հաստատուիլ, սակայն անոնց կը պակսին միջոցներ: Անպայման որ կան ազատ գործարարութեան մարզէն ներս յաջողած հայեր, որոնք սակայն անծանօթ են Հայաստանի մէջ գործ հաստատելու պայմաններուն, կամ՝ առհասարակ երկրի գործարար պայմաններուն: Կան Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներ, որոնց համար անծանօթ չեն երկրի պայմանները, մտայնութիւնները, գործելակերպը, նիստուկացն ու կենցաղը, տուեալներ, որոնք երբեմն որոշիչ դեր կրնան ունենալ Հայաստան վերադառնալ-չվերադառնալու հարցին մէջ. եւ ուրեմն, կայ զանոնք հրապուրելու, համոզելու, քաջալերելու խնդիր:
Սակայն այս բոլորը, ինչպէս ըսինք, կարելի է քննարկել եւ համապատասխան ծրագիր մշակել միայն պետական միջոցներով: Հետեւաբար, տունդարձի կապակցութեամբ կայքէջ ստեղծելու յաջորդ գործնական քայլը կրնայ ըլլալ հիմնումը պետական այն գործակալութեան (կամ, ըսենք, վարչութեան), որ օժտուած ըլլայ համապատասխան մասնագէտներով՝ տեղաբնակ եւ սփիւռքահայ, որոնք սկսին նախ տունդարձի գաղափարը հրապարակային քննարկումի նիւթ դարձնել, խորհրդակցութիւններ կազմակերպել, առաջարկներ լսել, մէկ խօսքով՝ տունդարձի գաղափարը առօրեայ իրականութեան մէջ ապրող ու հրատապ նիւթի վերածել ու ապա՝ ծրագիր մշակել ու թիրախներ ճշդել:
Մէկ խօսքով, գործ շատ կայ, որպէսզի տունդարձի միջոցով կարելի ըլլայ Սփիւռքի իսկական ներուժը հայրենիքի հզօրացումին համար իսկական դրամագլուխի վերածել: Կը սպասենք՝ պահանջելու պէս: