Նախագահ Ճորճ Պուշ Երկուշաբթի, 2 Յուլիսին հրապարակեց շաբաթներէ ի վեր սպասուած որոշում մը. ան յայտարարեց, թէ Սպիտակ տան նախկին մէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարին՝ փոխնախագահ Տիք Չէյնիի նախկին խորհրդականներէն Լուիս «Սքութըր» Լիպիի դէմ արձակուած 30 ամիս բանտարկութեան վճիռը արդար չէր, չափազանցեալ էր, հետեւաբար, ան պէտք չէ բանտարկուի։ Նախագահը չբեկանեց Լիպիի դէմ արձակուած այլ վճիռներ, ինչպէս՝ 250,000 տոլարի տուգանք եւ երկու տարի իրաւական հսկողութեան ենթակայ մնալ (probation)։
Երկարատեւ քննութիւններէ ետք, Լիպի քանի մը ամիս առաջ ամբաստանուած էր արդարութեան մեքենաներու գործը խափանած եւ ստած ըլլալու յանցանքներով։ Անոր դէմ յարուցուած դատական հարցը կը բխէր չորս տարի առաջ ծայր տուած տագնապէ մը, որուն հետ, սակայն, յիշեալ վճիռն ու նախագահին բարեացակամութիւնը արտայայտող Երկուշաբթիի որոշումը անմիջականօրէն չեն առնչուած։
Պուշի որոշումը բուռն հակազդեցութիւններ ստեղծեց յատկապէս դեմոկրատներու եւ ընդհանրապէս արդարատենչներու շրջանակներուն մէջ, որոնք առանց բառերը ծամծմելու նախագահը մեղադրեցին, ըսելով, որ ան արդարամտութիւնը աւելի եւս մխրճած է տիղմի մէջ, նման որոշում ցոյց կու տայ, թէ գործադիր իշխանութեան պետերը իրենք զիրենք օրէնքէ վեր կը դասեն։
Ինչի՞ մասին են այս խօսքերը, փոթորիկին աղբիւրը ո՞ւր է։
Գրգռենք յիշողութիւնները եւ օրացոյցին թերթերը տանինք ուղիղ չորս տարի ետ։
Ամերիկեան ուժերը, շարք մը դաշնակիցներու հետ միասին, 2003ի Մարտին յարձակում գործեցին Իրաքի վրայ, պատճառաբանելով, որ Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութիւնը հաւաքական սպանդի զէնքեր արտադրելու վրայ է, նաեւ՝ ափրիկեան երկիրէ մը՝ Նիճէրէն կորիզային ռումբի արտադրութեան անհրաժեշտ նիւթեր կը փորձէ ձեռք բերել։
Աշխարհը այսօր գիտէ, թէ այս մեղադրանքները, ինչպէս նաեւ միջազգային ահաբեկիչներու հետ Իրաքի նախկին վարչակարգին գործակցութեան ամբաստանութիւնները ստապատիր յերիւրանքներ էին։ Այդ օրերուն, սակայն, այսինքն՝ չորս տարի առաջ, պետական ղեկավարներուն յայտարարութիւններն ու մամուլին կողմէ անոնց շեփորահարումը տարբեր մթնոլորտ ստեղծած էին, մինչեւ իսկ ամերիկեան խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութիւնը նախընտրած էր հաւատալ մեծաւորներու այն յայտարարութիւններուն, թէ՝ ո՛ւր որ է, Նիւ Եորքի կամ ամերիկեան այլ քաղաքի մը վրայ կորիզային ռումբ մը պիտի արձակուի… Իրաքի կողմէ։
Նոյն այդ օրերուն, սակայն, «Սի.Այ.Էյ».ին կողմէ բացուած քննութիւն մը տարբեր եղանակ կը նուագէր, եղանակ մը, որ հաճելի չէր պատերազմի ընտրանքին շեփորահարներուն։ Ճոզէֆ Ուիլսըն անունով դիւանագէտ մը, ծանօթ՝ իրաքեան ներքին խոհանոցին, գաղտնի առաքելութեան մը լծուած էր, փաստեր հաւաքելու եւ հիմնաւորելու Իրաքի մասին յիշեալ կասկածները։ Կ՚ըսուի, թէ անոր առաքելութեան մղիչ տարրը անոր կինն էր, Վալերի Փլէյմ, «Սի.Այ.Էյ».ի մէկ գաղտնի գործակալը։ Քանի մը ամիսներու վրայ երկարած Ուիլսընի առաքելութիւնը հասած էր այն եզրակացութեան, որ Իրաքի մասին յիշեալ կասկածները ոչ մէկ հիմ ունին. ընդհակառակը, անոնք ճամբայ ելած են կեղծ տեղեկագիրներէ, որոնք զիրար խաչաձեւած էին՝ գալով Լոնտոնէն, Իտալիայէն ու տակաւին՝ Իրաքի մէջ Սատտամ Հիւսէյնի ոխերիմ թշնամիներէն։ Միջազգային շրջանակներ՝ ՄԱԿն ու Կորիզային ուժանիւթին հսկող անոր յատուկ յանձնախումբը այսօր հաստատած են այդ բոլորին յերիւրանք ըլլալը։
Ուիլսըն «տխմարութիւնը» ունեցաւ իր հաւաքագրած փաստերուն մասին հրապարակում կատարելու Յուլիս 2003ին։ Շաբաթ մը ետք, ազդեցիկ օրաթերթերու մէջ լոյս տեսաւ հազուադէպ բացայայտում մը. թերթերը գրեցին, որ Ուիլսընի կինը՝ Վալերի, Սի.Այ.Էյ.ի գաղտնի մէկ գործակալն է։ Սա կը նշանակէր կնոջ իրողական պաշտօնազրկումը, այսինքն՝ անուղղակի պատիժ մը «ծակ-գլուխ» Ճօ Ուիլսընին։
Հրապարակումը անմիջական երկու հակազդեցութիւն ստեղծեց քաղաքական ու մամլոյ շրջանակներուն մէջ։ Գաղտնի գործակալի մը մասին նման բացայայտում դաւաճանութիւն է եւ պատժելի՝ ըստ օրինի։ Երկրորդ գիծին վրայ, ծայր տուաւ հարցապնդումներու ալիք մը, որ մինչեւ այսօր ալ տակաւ կը զօրանայ. որքանո՞վ արդար էր Իրաքի վրայ յարձակումը, ինչո՞վ կ՚արդարանայ ցայսօր շարունակուող մահասփիւռ ու աւերիչ պատերազմը։
Իրաքին կապուած հարցադրումներն ու անոնցմէ բխող մեկնաբանութիւնները մէկդի ձգենք եւ պահ մը վերադառնանք Ուիլսընի ուղղուած հարուածին զարգացումներուն, որոնք յանգեցան նախագահին Երկուշաբթիի որոշումին։
Ուիլսըն ու անոր համախոհները չկլլեցին հարուածը եւ անցան հակայարձակումի։ Անոնք վերցուցին ծայրը այն դերձանին, որ զիրենք պիտի առաջնորդէր գաղտնիքը բացայայտողին ինքնութեան քօղազերծման։ Առաջին իսկ օրէն, ըսուեցաւ, որ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ մինչեւ իսկ նոյնինքն փոխնախագահը, նախկին նախարար Ռամսֆէլտ ու Սպիտակ տան այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս՝ նախագահի խորհրդականներէն Քարլ Ռով կրնան տապալիլ դաւաճանութեան համազօր այս գայթակղութեան հետեւանքով։
Տարիները սահեցան, քննութիւնները անցան խուսանաւումի (մանէօվր) բազմաթիւ անկիւնադարձերէ, մինչեւ անգամ նախագահն ու փոխնախագահը հարցապնդուեցան, գիտնալու համար, թէ Փլէյմի մասին բացայայտումին հեղինակը ո՞վ էր։ Բոլոր տուեալները ցոյց կու տային, թէ բացայայտումը կատարուած է Լիպիի կողմէ, նոյնինքն Չէյնիի թելադրանքով, սակայն պաշտօնապէս, բացայայտողին ինքնութիւնը մնաց քօղարկուած, իսկ Լիպի ամբաստանուեցաւ զինք հացաքննողներուն ստելու եւ արդարութեան հեզասահ ընթացքը խափանած ըլլալու յանցանքներով։ Այլ խօսքով, ան ուղղակի չէ ամբաստանուած յիշեալ բացայայտումին համար, ուրեմն, նախագահն ալ անոր դէմ արձակուած պատժամիջոցներէն մէկը՝ 30 ամիս բանտարկութիւնը գտած է չափազանց ծանր, «մանաւանդ որ ան առաջին անգամ ըլլալով նման յանցանք կը գործէ, մինչդեռ անդին, ան մեծ ծառայութիւն մատուցած է երկրին»։
Նախագահին որոշումը քննադատողներ կ՚ըսեն, որ Լիպի իրողապէս անպարտ արձակուած է. աւելին, ան իրականութեան մէջ քաւութեան նոխազ մըն է, ձեւով մը փրկելու համար Չէյնիի կամ Ռովի ու մինչեւ իսկ նախագահ Պուշի նման պատասխանատուներ։
Վալերի Փլէյմի բացայայտման թղթածրարը կը մնայ բաց, թէեւ այս որոշումին ետին կը տեսնուի անոր ճամբան միանգամընդմիշտ փակուած տեսնելու փորձ մը։
Ինչպէս նշեցինք՝ նախագահին այս որոշումը սպասելի էր։ Ոչ ոք կը կասկածէր, որ նախագահը ներում պիտի շնորհէ Լիպիի, որ յամենայնդէպս, պատժական տնօրինումի ենթարկուող ամերիկացի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է Իրան-Քոնթրա ծանօթ գայթակղութենէն ետք։ Եթէ դարձեալ յիշողութիւնները գրգռենք պահ մը, Իրան-Քոնթրա գայթակղութիւնը մեզ կը տանի աւելի քան 20 տարի առաջ, երբ նմանապէս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ Փոյնտեքսթըր, Նորթ եւ ուրիշներ ամբաստանուեցան այլ տեսակի դաւաճանութեամբ, սակայն անոնք այսօր կոչուած են բարձր պաշտօններու, որովհետեւ «գետին տակէն բաւական ջուր հոսած է…»։
Պուշի այս որոշումին ետին կը տեսնուին մէկէ աւելի միտումներ։ Լիպիի դէմ ծանրագոյն պատիժը բեկանելով, ան ձեւով մը պարտք մը կը վճարէ իր փոխնախագահին, կ՚ըսեն մեկնաբաններ։ Որոշումին պահն ալ յատուկ ընտրութեան մը արդիւնքն էր, կը շարունակեն անոնք, տրուած ըլլալով, որ ամերիկացիք կը պատրաստուէին 4 Յուլիսի արձակուրդին, իսկ ապահովութեան հարցերու վերաբերող լուսարձակները ուղղուած էին Կլասքօ եւ Լոնտոն, ուր քանի մը օր առաջ, Բրիտանիոյ նոր վարչապետը՝ Կորտըն Պրաուն, պաշտօնը ստանձնելէն քանի մը ժամ ետք, «դիմաւորուած» էր ահաբեկչական արարքներու-փորձերու շարքով մը։
Աւելին, որոշումը այս հանգրուանին տալով, Պուշ այլ խուսանաւում մը կատարած է, որովհետեւ… նախագահական ընտրութիւններու հանգրուանը բաւական հեռու է, հետեւաբար, մարդիկ սովոր են շուտով մոռնալու նման «անակնկալներ», երբ առօրեան հարուստ է այլատեսակ ու բազմապիսի անակնկալներով։ Տակաւին, նման որոշումով մը ան կորսնցնելիք չունի, որովհետեւ վերընտրուելու հարց չունի գալ տարի, ուրեմն, ան այսպիսով իր յաջորդին )յուսալով, որ ան հանրապետական մը պիտի ըլլայ( չի կտակեր վտանգաւոր որոշում մը, ինչպէս պատահած էր աւելի քան 30 տարի առաջ, երբ Ճերըլտ Ֆորտ ներում շնորհեց Ուոթըրկէյթի գայթակղութեամբ ընկղմած Ռիչըրտ Նիքսընին ու սուղ վճարեց՝ կորսնցնելով յաջորդ ընտրութիւնները։
Գոնէ մարդիկ այս առիթով կրնան յիշել Ուոթըրկէյթն ու Իրան-Քոնթրան եւ… շուտով մոռնալ։ Հաւանաբար Լիպիի ստանձնելիք յաջորդ պաշտօնն ալ ապահովուած է արդէն։ Ո՞վ գիտէ։
Ուիլսըն ամոլին ոդիսականը, իր կարգին, վաղը կրնայ նոր զարգացումներ ապրիլ։ Մինչ այդ, արդար է ըսել, որ այս որոշումն ու անկէ բխող մեկնաբանութիւնները որեւէ բարիք չեն խոստանար չարիքներու եւ ամէնօրեայ արիւնահեղութեան բեմ դարձած Իրաքին ու անոր ժողովուրդին։