ՓՈՒԷՐԹՕ ՏԷ ԼԱ ՔՐՈՒԶ, Վենեզուէլլա, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յուլիս 4ին տեղի ունեցած «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. խմբակի մրցումներէն ետք յստակացաւ մրցաշարքին քառորդ աւարտականին պատկերը, երբ Պրազիլ եւ Չիլի ապահովեցին մասնակցութեան վերջին տոմսերը:
Արդարեւ, Պրազիլ 1-0 յաղթանակ մը արձանագրեց Էքուատորի դէմ, ապահովելով խմբակին երկրորդ դիրքը, իսկ առաջատար Մեքսիքայի դէմ մրցումին սպիտակ հաւասարութիւն մը ապահովելով, Չիլիի խումբը հանդիսացաւ այդ խմբակէն քառորդ աւարտականին հասնող երրորդ խումբը:
Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած Ա. խմբակին մրցումներէն ետք, հիւրընկալ երկիրը՝ Վենեզուէլլա, թէեւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուրուկուէյի հետ, սակայն անոր հետ միասին ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, միաժամանակ գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւած Փերու Պոլիվիոյ հետ 22 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ վերոնշեալ հինգ կազմերէն առաջ քառորդ աւարտականի իրենց տոմսը ապահոված էին նաեւ Մեքսիքա (Բ. խմբակ), Փարակուէյ եւ Արժանթին (Գ. խմբակ):
Նկարին մէջ, Պրազիլ-Էքուատոր մրցումէն տեսարան մը: