Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ թրքական կողմի յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կ՛ուզէ ամբողջութեամբ կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ:
«Կան որոշ քայլեր, զորս մենք պէտք է նկատի ունենանք, բայց առաջին հերթին մենք պէտք է հանդիպումներ ունենանք», ըսաւ Քըլըչ:
Ան աւելցուց, թէ Մոսկուայի մէջ հասած են համաձայնութեան, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացող գործընթացին մէջ նախապայմաններ չըլլան: Ան հայկական կողմը մեղադրեց հետագայ հանդիպումներուն համար երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձերու համար սահմանի բացումը իբրեւ նախապայման դնելու մէջ: «Ես Ռուբէնին քանի մը անգամ ըսի, որ պատրաստ եմ Երեւան այցելել բանակցութիւններու համար: Ես պատրաստ եմ անոր հետ հանդիպիլ նաեւ Անգարայի մէջ: Բայց, եթէ ան երրորդ երկիրներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներու համար սահմանի բացումը իբրեւ նախապայման կը դնէ Անգարայի եւ Երեւանի մէջ մեր հանդիպման համար, մենք այն ատեն հարց կ՛ունենանք: Մենք պէտք է հանդիպենք եւ խօսինք: Եթէ մենք կը փափաքինք լուծում գտնել, անոր բանալին հանդիպումն է, իսկ մենք առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր` չենք կրցած հանդիպիլ», ըսաւ Քըլըչ:
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի դիտարկման, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ` հակառակ այն հանգամանքին, որ կողմերը համաձայնած էին 2023ի ամրան բանալ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիր ունեցող անհատներու համար` Քըլըչ ըսաւ, որ իրենք կը փափաքին այդ ընել, իսկ երկարաժամկէտ դրութեամբ` բոլորին համար, բայց այն ատեն, երբ պահը հասունացած ըլլայ:
Արձագանգելով Քըլըչի յայտարարութեան, թէ Հայաստան հանդիպումներու համար նախապայման կը դնէ, Հայաստանի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ, հաւանական է, որ թիւրըմբռնում կայ, որովհետեւ Հայաստան հանդիպումներու համար նախապայման չի դրեր: «Ես եւ Սերդարը վերջին անգամ հանդիպել ենք Թեհրանում: Ես արդէն երկու անգամ եղել եմ Թուրքիայում եւ հանդիպել եմ Սերդարի հետ: Այսպիսով, որեւէ նախապայման չկայ, եւ, ի հարկէ, մենք հետագայում կը քննարկենք, թէ որտեղ հանդիպենք», ըսաւ ան։
Ռուբինեան դիել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած պատմական ենթահողը դիւրին չի դարձներ աշխատանքը:
«Այնուամենայնիւ, Հայաստանը պատրաստ է աշխատել` յանուն ներկայի եւ ապագայի: Ահա թէ ինչու 2022 թուականի Յուլիսին ես եւ Սերդար Քըլըչը հրապարակային յայտարարեցինք, որ մենք կը բացենք հայ-թուրքական սահմանը երրորդ երկրների քաղաքացիների համար: Դրանից յետոյ մենք աւելացրեցինք, որ սահմանը կը բացենք նաեւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձանց համար: Աւելի ուշ մենք յայտարարեցինք, որ մենք դա կ՛անենք 2023 թուականի ամրանը, դժբախտաբար, դա դեռ տեղի չի ունեցել: Մեր կողմից մեր բոլոր ենթակառուցուածքները պատրաստ են, եւ հիմա, եթէ Սերդարը համաձայնուի, մենք կարող ենք յայտարարել, որ կեանքի ենք կոչում այս համաձայնութիւնը», մանրամասնեց Ռուբինեան։
Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Թուրքիոյ հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շատ շուտով կ՛իրականացուին` նշելով, թէ անոնք առաջին քայլերը պիտի ըլլան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման եւ Հայաստան-Թուրրքիա սահմանի ամբողջական ապաշրջափակման համար: «Սա շատ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Հարաւային Կովկասի իրավիճակի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի վրայ», եզրափակեց Ռուբինեան: