Ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն շաբաթասկիզբը այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` քննարկելով հարաւային սահմանագիծին վրայ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու դիւանագիտական ճիգերը:
Պէյրութ ժամանումէն անմիջապէս ետք, Հոքշթայն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական ու զինուորական իրադարձութիւնները:
Մէկ ու կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Հոքշթայն ըսաւ. «Լիբանան կը գտնուիմ յանգելու համար դիւանագիտական լուծման մը, որ կ՛աւարտէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային բախումները»:
Հոքշթայն ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու կը մնայ քաղաքական հոլովոյթի մը ընդմէջէն յանգելու երկարատեւ լուծման, ինչ որ առիթ կու տայ տեղահանուած լիբանանցիներուն՝ վերադառնալու իրենց գիւղաքաղաքները, «եւ նոյնը կը վերաբերի նաեւ սահմանին միւս կողմը գտնուող տեղահանուածներուն», աւելցուց ան:
«Միացեալ Նահանգներ համոզուած են, որ դիւանագիտական լուծումը միակ միջոցն է զինուորական գործողութիւններուն վերջ տալու եւ, հետեւաբար, հասնելու երկարատեւ կայունութեան: Ապահով եւ կայուն մթնոլորտի մէջ ապրիլը բոլորին իրաւունքն է», յայտնեց Հոքշթայն:
Ան հանդիպեցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ ներկայացուց շրջանային իրադարձութիւնները եւ գործադրուած ջանքերը` կասեցնելու զինուորական գործողութիւնները:
Հոքշթայն այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Հոքշթայն հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` ներկայութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ «Ժողովրդավարական հանդիպում» խմբակի երեսփոխաններ Մարուան Համատէի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական մագլցումները հանդարտեցնելու ջանքերը:
Հոքշթայն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ շարք մը երեսփոխաններու եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ: Այս վերջինին հետ քննարկուեցան ուժանիւթի վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար Սուրիոյ վրայով դէպի Լիբանան եգիպտական կազ եւ յորդանանեան ելեկտրականութիւն ապահովելու կարելիութիւնն ու այդ իմաստով ամերիկացի բանագնացին ունենալիք օգտակար դերակատարութեան մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ «Հըզպալլա»ն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Կիրակիէն Երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Ռըմէյշի հանդիպակաց Քաթմունի հովիտէն իսրայէլացի խումբ մը զինուորներ փորձեցին ցամաքային ներթափանցում մը կատարել Լիբանան, սակայն «Հըզպալլա»ի զինեալները հրթիռակոծեցին զանոնք` պատճառելով մարդկային վնասներ եւ արգիլելով թշնամիին ներթափանցման գործողութիւնը: