Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան կը տեղեկացնէ, թէ Պաքուի Պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ բացուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի հետազօտութիւններու կեդրոն»ը։
Բացման արարողութեան մասնակցած են համալսարանի ղեկավար կազմը, Ատրպէյճանի պետական պաշտօնատարներ եւ խորհրդարանականներ։ Բոլոր մասնակցողները իրենց խօսքին մէջ նշած են, թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճանը հայրենիքի անբաժան մասն է» եւ ատրպէյճանական պետութեան ու ազգի «նոր նպատակներէն մէկը» կը հանդիսանայ։
Կեդրոնի պատին փակցուած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի (այսինքն՝ ներկայ Հայաստանի) ամբողջական քարտէսը, թրքերէն տեղանուններով։
«Մանկավարժներ» պատրաստող համալսարանի ուսանողները այսուհետեւ կարելիութիւն կ՛ունենան «գիտականօրէն» ուսումնասիրելու «Արեւմտեան Ատրպէյճանի պատմութիւնը»։