Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Սիրան Սեզայի «Նամականի»ի Ա. հատորի շնորհահանդէսը՝ Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ գրասէր հասարակութեան մը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան, որ շեշտեց ազգային մշակոյթի կարեւորութիւնը հայապահպանման գործին մէջ։ Ան ընդգծեց նաեւ Սեզայի ներդրումը հայ կանիրու իրաւունքներու պաշտպանութեան համընդհանուր ճիգերուն մէջ։
Օրուան հանդիսավարուհի, ուսուցչուհի եւ հետազօտող Սեւան Տէր Պետրոսեան ամփոփ կերպով խօսեցաւ Սեզայի եւ անոր դերին մասին, ապա ան հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը՝ երկարամեայ ուսուցիչ, դաստիարակ եւ բանասէր դոկտ. Մինաս Գոճայեանը։ Վերջինս իր հանրամատչելի բանախօսութեան միջոցով ներկայացուց Սեզայի համառօտ կենսագրութիւնը եւ կարեւոր դերը ոչ միայն հայ կանանց, այլեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։ Այնուհետեւ դոկտ. Գոճայեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ «Նամականի»ի ազգային-հասարակական եւ գրական ակնառու արժանիքներուն մասին։ «Պատմութեան հետազօտողը շատ տեղեկութիւններ եւ կարեւոր մանրամասնութիւններու պիտի ծանօթանայ յետ-եղեռնեան շրջանի հայ Սփիւռքը յուզող հարցերու շուրջ», ըսաւ ան, ապա ընդգծեց գրական-գեղարուեստական արժանիքները այն նամակներուն, որոնք փոխանակուած են Սեզայի, Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ Վահէ-Վահեանի միջեւ։ Բանախօսը յատուկ կերպով ընդգծեց նաեւ հատորի պատրաստութեան մէջ մեծ բծախնդրութեամբ աշխատած բանասէր եւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի վիթխարի աշխատանքը։
«Նամականի»էն հատուածներ ընթերցեց Նազելի Գոճայեան՝ նոյնպէս երկարամեայ ուսուցչուհի հայոց լեզուի եւ գրականութեան։ Ընտրուած էին Ծառուկեանէն, Վահէ-Վահեանէն եւ Սեզայէն երեք նամակներ, որոնց գեղարուեստական մատուցումը խորապէս տպաւորեց ներկաները։
Գեղարուեստական բաժինին մէջ դաշնակարուհի Արմինէ Զաքարեան նուագեց Շոփենէն եւ Կոմիտասէն։ Անոնք ընտրուած էին յատկապէս այն պատճառով որ Շոփենը եղած է Սեզայի ամէնէն սրտամօտ երաժիշտը, իսկ Կոմիտասը տակաւին Պոլիս գտնուած տարիներուն հաճոյքով հետեւած է աշակերտուհի Սիրանի ասմունքին եւ քաջալերած է զինք։
Խօսք առաւ նաեւ Սիրան Սեզայի որդին՝ Վահագն Քիւփելեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպած «Զուարթնոց» յանձնախումբին եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, որ հովանաւորած ու ներկայ գտնուած էր շնորհանդէսին։ Քիւփելեան իր եւ կնոջ՝ քանդակագործ Անիի անունէն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն։ Ան յուշ մըն ալ պատմեց թէ ինչպէս իր մայրը անձնապէս եւ արիաբար միջամտած էր Լիբանանի կառավարութեան մօտ, որպէսզի անյապաղ կերպով լիբանանեան բանակը հեռացնէ Անթիլիասի (Լիբանան) Մայրավանքէն, ուր բողոքի եկած էին հայ կանայք ընդդէմ այն ուժերուն, որոնք կը փորձէին գրաւել Սիսի կաթողիկոսութիւնը։
Յայտագրի աւարտին խօսք առաւ առաջնորդը, որ բարձր մակարդակի սոյն հանդիսութիւնը գնահատելու կողքին նշեց հայ մտաւորականութեան սերտ գործակցութեան պարագան, որուն փայլուն օրինակներէն մէկն էր Սեզա, Ծառուկեան, Վահեան եւ Վազգէն Շուշանեան գրագէտներու սրտցաւ համագործակցութիւնը։
Հիւրասիրութեան բաժինին մէջ ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու «Նամականի»ին եւ նուիրատուութեան մը դիմաց ունենալու գիրքէն։ Որոշուած է ամբողջ հասոյթը տրամադրել Արցախէն տեղահանուածներուն։