

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տեսնես, ինչ երգեր կը լսուին այդ քաղաքի թաղերէն, որոնք ունին մի քանի շերտեր։ Պատուհաններ հին ու խոնաւ ու թաղեր կաղ ու ոլորուն։
Խօսքը Պէյրութի մասին է, որ մի քանի շերտերով կը բացուի աչքերուս եւ կը ճամբորդէ հետս ուր, որ ալ երթամ։
Հիմա ըսէք ինծի, ձեզի ալ նոյնը կը պատահի՞, երբ երգ մը, ձայն մը լսեմ, որ կը խօսի մեր անցեալին մասին, կամաց կամաց կը մտնեմ այդ երգի երանգներուն մէջ, կը հանեմ նոր ակնոցներս, գլխարկս կը նետեմ դիմաց ու կը մտնեմ այն աշխարհին մէջ, որմէ հոսեցան մեր տարիները։
Նախ այն Պէյրութը, որ յետպատերազմեան Պէյրութն էր, որ միջանկեալ քաղաք մը եղաւ Արեւելեանի ու Արեւմտեանի սահմանագիծը, որուն ճանապարհները յանկարծ բացուեցան մեր առջեւ, եւ որուն երգերը իրենց աւարտին չհասած լռեցին։
Այդ «պատերազմական» Պէյրութէն առաջ կային մի քանի Պէյրութներ, որոնք արգանդ էին մեր երազներուն, որոնք կաթիլ կաթիլ աճեցան մեզմէ դուրս եւ որոնք մինչեւ հիմա ալ կը շարունակեն իրենց երգերը։
Նախապատերազմեան Պէյրութ, պատերազմի Պէյրութը, միջանկեալ Պէյրութը եւ յետպատերազմեան Պէյրութը, որ այդպէս կէս մնացած է ինծի համար։
Տաս, քսան, երեսուն եւ քառասուն տարիներու ճամբորդութիւն, ինչպէս վերը նշեցի, ուր որ ըլլաս, հետդ Պէյրութ մը տարած ես, Պէյրութ մը փնտռած ու Պէյրութ մը հալածած ես։
Այդ մեծ հալածանքներու քաղաքին մէջ, նախ պաղեստինցիներու երգերով ու բառով, յետոյ մինչեւ Արագածի շրջան կամ Նապաա, ուր պատերուն «Մուսա Սատըր»ի նկարները կան, յետոյ մեծ վերադարձողներու տօնին պէս, ուր անոր սրահներուն մէջ Օշականի մը, Վարուժանի մը ծուռ պեխերը կը շտկուին, ուր ամէն օր կը մեռնի այլախոհութիւնը եւ կ՚ապրի յաւիտենութեան համար եղած «քեպապ»ը։
Պէյրութը այդպէս անմշակ, առանց մաքրութեան, եղածին պէս ու անոր մարմինը մեծ սեղանին վրայ…
Այս բոլորը ի հարկէ բանաստեղծութեան մը համար եղած առաջին «ագորտներ»ն են, այս անձրեւին պէս, որ մեր հոգիները կը ջրէ ու այս մարտին, այս սպասումին ու այդ հինցած ու երկաթեայ պատուհաններէն հեռու, որպէս սկիզբ մը նախերգանքի եւ սկիզբ մը ինքնաճանաչողութեան։
Վերադառնալով անոր, ըսեմ, որ Պէյրութը միայն արտասովոր քաղաք մը չէ, բնակութեան վայր մը, հասցէներու եւ կորսուած դռներու ամբողջական պատկեր մը չէ. Պէյրութը դարձակէտ է, ու ծննդավայր մը ըլլալէ աւելին նոր ճանապարհի մը նետելու նախասկիզբն է։
Այդպէս էր մեր սերունդին համար, ու այդպէս էր նաեւ մեզմէ առաջ իրենց ստորագրութիւնը երփնագրած մտերիմներու համար, որոնք այսօր ալ իրենց ներսիդին կը պահեն այն Պէյրութէն մաս մը՝ մասունք մը, որ զիրենք կազմեց ու տարաւ հեռու հեռուներ։
Այս նախաբանը երբեք պիտի չկարողանայի գրել, եթէ առիթն ու պահը մեզ չտանէին հանդիպման մը, որուն մեծ խորագրին հետ Վիգէն Յովսէփեանը երկար պայքարներու մէջ մտած է։
Այս ճամբորդութեան մէջ մտնելէ առաջ գրողը, ապրած է Պէյրութի յարաշարժ ճանապարհներով։ Մանկութեան առաջին շունչը, ինքնութեան առաջին ժամացոյցը, ու ամենակարեւորը տեղէ մը, այլ տեղ մեկնելու իրական սլացքը։
Ու հոս է էն կարեւորը, որովհետեւ այսօրուան մեր ապրումին, այսօրուան մեր որոնումներուն, կամ նոյնիսկ փնտռտուքներուն մէջ կայ մեր սկիզբը, կայ մեր կենսագրութեան առաջին բառը, որուն գոհարներուն գոհարը՝ ինքը Պէյրութն է։
Ու զարմանալի պիտի չթուայ երբեք, որ երկար տարիներու «մեծ բացակայութիւն»է մը ետք, կարծէք նոյն Վիգէն Յովսէփեանը, ոչ մէկ անգամ հեռացած է այդ քաղաքէն։
Քաղաքի շարժը, անոր ճարտարապետական «լուծում»ները, հոն ընթացող արեւելք-արեւմուտք սիրահետումն ու որոնումը կարծէք ապրուած, կուտակուած եւ հաւաքուած մեծ փորձառութիւններու հանդիպման կիզակէտն են։
Չպէտք է մոռնալ անշուշտ, որ բանաստեղծութիւն գրելու պահուան մէջ, ոչ միայն զգացումներու, որոնումներու կամ կամ անցեալ դարձած փորձառութեան մը հանրագումարը կայ, այլ կայ մանաւանդ դէպի սկիզբ, դէպի ընդերք, դէպի ներս ճամբորդելու ահագին ընթացք մը։ Ի վերջոյ բանաստեղծութիւնը հատու պիտի ըլլայ եւ հարուածային։ Մէկ անգամէն տրուած հարուածի մը պէս, մէկ անգամէն ափերուդ մէջէն փայլող աստղերուն նման, սիրոյ պէս տաք եւ արկածնային։
Թերեւս ըսին մեր հեղինակ ընկերոջ, որ բանաստեղծութիւնդ պէտք է «պահես» ու գէշ օրերուն մէջէն պիտի քալես մատիդ մէկը բլթակին։
Նախ հեռացում մը դէպի նոր եզերք, յետոյ գոյացում մը եւ խօսոյթի նոր եղանակ մը ներկային հետ, յետոյ պայքար մը հաւաքական պայքարներուն յանուն ու անկէ ետք դարձեալ նոր վերադարձ մը դէպի գիր ու գրականութիւն։
Այդ ամբողջ մթնոլորտը, այդ ամբողջ բեռը, մեր ուսերուն, մեր սրտին, մեր հաւաքական ցաւերուն ու մեր արկածնային ճամբորդութեան Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութեան ծայրերուն է։
Ես ծայրամասերը միշտ սիրած եմ, ինչպէս որ սիրած էի Համրան, հեռու տեղ մը ուր հայկական ինքնութիւնը կը նօսրանայ, եւ շոգի կը դառնայ մեր հաւաքական եսը ու ան բանաստեղծը – այս պարագային ան թէ ես, ան թէ մենք հաւաքապէս, որ միշտ ալ ուզած ենք լքել զինք իր մեծ առանձնութեանը մէջ պիտի կերտէ նոր բառը։
Ան պիտի գծէ մեր ու իր սիրած քաղաքին իրական քարտէզը, պիտի նետէ անոր կամուրջները, նորէն պիտի նկարէ անոր բակերը, որուն մէջ ինչպէս ինք կը բնութագրէ՝
«Ես եմ այս քաղաքը.
Այստեղ թաղուած է մանկութիւնս,
Վայրկեաններ որ հիմա արդէն զիս կ՚ուրանան …..
Ես եմ այս քաղաքը
Ուր իւրաքանչիւր քարի ու քայլի տակ
Աշխարհ մը խռովք կայ երկրի խորերը թաղուած՝
Գանկ մը կայ, սիրտ մը, կամ խիղճ մը հողին խառնուած»
Եւ ի վերջոյ պիտի բանայ այդ ամբողջ աշխարհի իրական պատուհանները։
Գլուխը հեղ մը դուրս պիտի հանէ այդ մեծ շէնքէն ու բարեւէ միւս մեծերուն…
Բարեւ տարէ՛ք Վահէ Օշականին, բարեւ տարէ՛ք Պետիկ Հերկելեանին ու բարեւ տարէք այն մոռցուած բանաստեղծներուն, որոնք Պուրճ Համուտի անուրանալի հողերուն տակ պառկած են։
Բանաստեղծութիւնը Վիգէն Յովսէփեանի պարագային բեմային դրուատիք մը չէ, կամ անոր կուրծքին վրայ դրուած աստղաձոյլ մետալ մը չէ, պաշտօն մը չէ գրասենեակի ետին, որուն առջեւ կան տետրակներ սեւ ու կարմիր ու ինք «պաշտօնեայ բանաստեղծ»ը իր ժամանակներու ամիրիաներուն մասին տողեր կը շռայլէ։
Բանաստեղծութիւնը կեանք է առաւելապէս, ապրում է, զգացումէն աւելի, կեանքէն աւելի, սէրէն աւելի, ատելութիւնէն եւ մահէն անդին արարքն մըն է ապրելու։
Ու ատոր համար ալ բանաստեղծը կ՛ապրի իր բառերէն դուրս. չի կրնար ուրանալ բառին ուժը, գուցէ ընկերվարութեան ծաղիկ դառնալու նման այդ գաղտնաբառը կը պահէ իր ափերուն մէջ, որ ամէն անգամ վերադառնայ իր հին կամուրջներուն։
Բանաստեղծութիւնը Վիգէն Յովսէփեանի պարագային այդ մեծ կամուրջն է, որ կը հատէ Տորան ու կը հասնի մինչեւ 1930ական թուականներուն կայմուած մեր գէմբերը։
Բանաստեղծութիւնը մեր ընկերոջ մօտ իր հայրն է, որ վեր կը սլանայ գաղթականի վիրաւոր կերպարանքէն ու կը յաղթէ Մեծ Եղեռնի պատճառած «լուռ ցաւեր»ուն։
Բանաստեղծութիւնը աղմուկէն անդին վիճակ մըն է, ներանձնական է Ինտրային պէս ու հմայիչ անոր անյայտ ու թաքուն սէրերուն նման։
Վսեմական է բառը , որ տարուած է մինչեւ Պէյրութ, որուն մէջ գաւառը կայ, որուն մէջ կայ գաւառի երգը բայց մանաւանդ հին օրերու վեհ գաղափարը, որ դարձեալ դրուած է մեծ վալիզի մը մէջ, որ կը բացուի ամէն արարողութիւնէ առաջ, աղօթելու համար նոր օրերու բառերով։
Հիմա ետ դէպի Պէյրութը դառնանք, անոր սէրերը, անոր էգերը, անոր աղմուկը, անոր արեւելքի խտութիւնը, անոր խունկը, սպասումը, անոր մարդկայինը եւ մարդկայնութիւնը։
Ի վերջոյ ի՞նչ տուաւ այս քաղաքը մեզի, ինչպէ՞ս մտաւ մեր երակներուն մէջ ու դարձաւ մեր մէջ յաւիտենապէս ու մշտանորոգ թելերով մանուած քաղաք մը։
Միայն քաղաք մը չէ անիկա, միայն սպասում մը չէ, միայն սրբութիւն մը չէ, միայն առաքելութիւն մը, միայն ակումբ մը, միայն եկեղեցի մը չէ։
Աշխարհի մէջ բազում քաղաքներ կառուցեցինք, բայց Պէյրութը մնաց անջնջելի մեր էթնիկ սիսթեմին մէջ, մեր բոլոր բառերը Recycle bin տարինք, լուացինք մեր լուացքները, հանեցինք դուրս մեր բողոքն ու մեր կեղծ ստուերները բայց չկրցանք դուրս գալ այն Պէյրութէն , որ յամեցած է մեր մէջ ու պիտի մնայ այդպէս մինչեւ աստղերուն հասնինք եւ աստղերուն հաւատքը սորվինք…։
Ի՞նչ տուաւ այս քաղաքը մեզի, որ հիմա ալ կը խօսի մեր հետ, հիմա ալ կանգուն է մեր հոգիներուն մէջ, մեր որոնումներուն, մեր փնտռտուքներուն, եւ մեր յղացքներուն մէջ։
Խաչմերուկի պէս պահուած է այս քաղաքը մեր ափերուն մէջ, տեղ մը ուր դեռ կօշիկ կը կարեն, տեղ մը ուր դեռ երազներ կը հիւսեն, ու տեղ մը, ուր գարնան վերջերուն սպիտակ թռուցիկներ կը թռցնեն։
Պիտի հարց տան մեզի, որ ինչ էր այս քաղաքին ուժը, որն արդէն երեք եւ չորս սերունդ մեզի «պատէ պատ» կը զարնէ, մեզի կը յղկէ, մեզի կը տանի դէպի պայծառ անցեալ մը, որ ալ ետ չի գալու …։ Ցաւագին է այո, բայց կրկնութիւնները միշտ ալ եղկելու են, յոգնեցուցիչ են, սպաննող են ու անիմաստ։ Առաջուան երգերը չկան այս Պէյրութին մէջ, ինչպէս որ բանաստեղծը մոմի լոյսով կը փնտռէ իր յաւիտենութեան բառը, որուն մէջ պիտի ապրի, մինչեւ նոր վերադարձները եւ նոր գալուստները բոլոր…։
Նոյն բանաստեղծութեան մէջ՝ («Ես/ Այս քաղաքը»). Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ ՝
«Մինչ ֆէյրուզին բառերն ալ այլեւս չկան,
Միայն ամէն կողմ ցցուող ու խամրող յուշերէս
Գաղտնի պահած մէկ սիրոյս ցաւերը կան…։»
Կ՛աւարտի բանաստեղծութիւնը այո՛, վեր կը յառնէ Ֆէյրուզի յախճապակեայ դէմքը, կ՛աւարտի բանաստեղծութիւնը ու կը լռէ ամէն յիշատակ վերջակէտով մը։
Մինչ այդ ամէն ինչ նոր է որ պիտի սկսի, ու վստահ եմ, որ Պէյրութի մեծ թաղերէն անդին սփիւռքի բանաստեղծութեան չորցած արտերուն վրայ Վիգէն Յովսէփեանի այս եւ բոլոր միւս տողերը նոր ճանապարհներ պիտի բանան։ Բանաստեղծութիւնը, որ հատու է, հարուածային այսօր դարձեալ մեզի հետ պիտի ըլլայ, այն գալիքին համար, որ խոստացուած էր վաղուց։