
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
1962ին, Լիվըրփուլ քաղաքէն չորս դեռահաս երիտասարդներ, Beatles խումբը կազմելով, ոչ միայն հռչակաւոր դարձան, այլ նաեւ յեղափոխութիւն յառաջացուցին թէ՛ ռոք երաժշտութեան եւ առհասարակ արեւմտեան երգարուեստին մէջ։ Անոնց երգերը իրենց երաժշտութեան պարզութեամբ եւ ներկայացման ձեւով յեղաշրջեցին մինչ այդ ընդունուած չափանիշերը։ Անոնց հռչակը տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմը եւ դարձան սիրելիները միլինաւորներու։
1965ին, Նիւ Եորքի Shea մարզադաշտին վրայ անոնց համերգը 55,000 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ մրցանիշային էր։ «Պիթըլզ»ը բազմաթիւ մրցանիշեր հաստատեց, որոնցմէ շատերը տակաւին կարելի չէ եղած շրջանցել, իսկ անոր երգերը ոչ միայն գրաւեցին երիտասարդներու սիրտը, այլ նաեւ մինչեւ այսօր կ՛երգուին զանազան երգիչներու կողմէ։
Անգլիացի այս չորս երիտասարդներուն ոդիսականը երկար չտեւեց։ 1967ին, խումբին տնօրէն Էփշթայնի կանխահաս մահէն ետք, տարակարծութիւններ սկսան խումբին հիմնական երկու անձնաւորութիւններուն՝ Ճոն Լենընի եւ Փօլ ՄըքՔարթնիի միջեւ։ Առաջին հերթին խումբը դադրեցաւ համերգներ տալէ։ 1970ին հրապարակուեցաւ անոնց վերջին ալպոմը՝ Let It Be-ն, որմէ ետք խումբը միանգամընդմիշտ բաժնուեցաւ։
«Պիթըլզ»ի միլիոնաւոր սիրահարները, մինչեւ Ճոն Լենընի սպանութիւնը՝ 8 Դեկտեմբեր 1980ին, յոյս փայփայեցին, որ կարելի կ՛ըլլայ խումբը վերակազմուած տեսնել։ Այդ տասը տարիներուն, նաեւ անկէ ետք, խումբի անդամներուն միջեւ համագործակցութիւն եղած էր, բացի Լենըն-ՄըքՔարթնի զոյգէն։ Լենընի մահէն 15 տարի ետք, անոր ստեղծագործած երկու երգերը՝ Fly As A Bird եւ Real Love, խումբին մնացեալ անդամներուն կողմէ կատարուեցան յաջորդաբար 1994ին եւ 1995ին եւ Լենընի ձայնը արհեստագիտութեան շնորհիւ կարելի եղաւ արտաբերել։ Այս ձեւով «Պիթըլզ»ի երգացանկին վրայ աւելցան եւս երկու երգերը։ Նշեալ զոյգ երգերը գրուած էին Լենընի կողմէ 1977ին եւ «Պիթըլզ»ի անունով անոնց ձայնագրութեան համար Լենընի այրին համամիտ գտնուեցաւ։
Այս զոյգ երգերու ձայնագրութիւնը պահ մը ստեղծեց այն տպաւորութիւնը, թէ անոնք եղան «Պիթըլզ»ի վերջին կատարումները։ 2001ին, հիւանդութեան պատճառով մահացաւ խումբին ամէնէն երիտասարդ անդամը՝ Ճորճ Հէրիսընը, որով կարծուեցաւ, թէ «Պիթըլզ»ի էջը միանգամընդմիշտ փակուած է։
Սակայն, ինչպէս բնորոշ է այս խումբին, անիկա նոր անակնկալ մը մատուցեց իր սիրահարներուն, երբ անցնող Նոյեմբերին, 1977ին Լենընի գրած երրորդ երգը՝ Now And Then-ը, ձայնագրուեցաւ խումբին չորս անդամներուն կողմէ։ Լենընը օրին այս երգը երգած է աքաբելլա (առանց եղանակի) եւ ձայնագրուած է, իսկ 1994-95ին, երբ խումբը ձայնագրեց միւս երկու երգերը, Հէրիսընը եւ ՄըքՔարթնին նուագած էին այս երգը։

Ի վերջոյ, 2 Նոյեմբեր 2023ին, «Պիթըլզ»ը նոր պատմութիւն կերտեց, երբ խումբին չորս անդամներուն (երկուքը մահացած) մասնակցութեամբ արձանագրուեցաւ Լենընի հեղինակած երգը։ Միաժամանակ պատրաստուեցաւ նոր տեսանիւթ մը եւ տեղադրուեցաւ «Եութուպ»ի վրայ։ Քանի մը շաբթուան ընթացքին դիտումներու քանակը անցաւ 40 միլիոնը։ Անկասկած որ դիտումներու այս քանակին մէջ դերակատար է «Պիթըլզ»ի սիրահարներուն կարօտախտը
Բայց եւ այնպէս Լենընի գրած այս երգը իր ոճով եւ մեղեդայնութեամբ, փոքրիկ կտոր մը եւ վերյուշ մըն է պիթըլզեան երգերու ոճէն եւ երաժշտական աշխարհէն։ Լենընէն ետք ՄըքՔարթնիի կատարած դաշնաւորումը բարձր ճաշակի եւ մակարդակի հասցուցած են այս երգը։ Այս իրողութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ թէ Լենըն-ՄըքՔարթնի համատեղ զոյգը կը մնայ արեւմտեան երգարուեստին մէջ ամէնէն յաջողակը։
Երգի ձայնագրութենէն անկախ, տեսանիւթը եւս բաւական լաւ ձեւով պատրաստուած եւ նկարահանուած է։ Երգին անուան համաձայն, անիկա հինի եւ նորի խառնուրդ մըն է։ Լենընի եւ Հէրիսընի մասնակցութիւնը ուրիշ երանգ տուած է արդէն ծերացած Փօլին եւ Ռինկոյի երգելու կատարումին։ Դաշնաւորման կողքին, երաժշտական գործիքներու այլազանութիւնը ճոխացուցած եւ հարստացուցած է երգը։ ՄըքՔարթնիի ձեռագիրը շատ բացորոշ է։
Տեսանիւթը կը յատկանշուի նաեւ երկու կարեւոր պատկերներով։ Առաջինը՝ երբ նուագախումբը կը նուագէ, ՄըքՔարթնին նստած կը դիտէ զանոնք։ Անոր նայուածքին մէջ կայ բաժնուած «Պիթըլզ»ի թախիծը, հին ընկերներուն եւ օրերուն կարօտը եւ անգամ մը եւս «Պիթըլզ»ը վերակենդանացած եւ վերամիաւորուած տեսնելու ուրախութիւնը։ Երկրորդը՝ աւարտին է, ուր երիտասարդ «Պիթըլզ»ի անդամները համերգի աւարտին կը խոնարհին եւ ապա կ՛անհետանան, իրենց ետին ձգելով միմիայն BEATLES գրութիւնը։ Վաթսուն տարիներ առաջ սկսած ամբողջ պատմութեան մը աւարտն է, ուր կը պատգամուի, որ «Պիթըլզ»ը պիտի մնայ։ Խումբին անդամներէն Ճորճ Հէրիսըն, տակաւին 40 տարիներ առաջ, իր տուած մէկ հարցազրոյցին մէջ ըսած էր. ««Պիթըլզ»ը պիտի գոյատեւէ նոյնիսկ առանց մեզի»։
Իրենց ծնունդէն վաթսուն տարի ետք, չորս լիվըրփուլցիները, երկուքը անդենականէն, երկուքը արդէն ալեհեր պապիկներ, աննախընթաց իրագործում մը կատարեցին երգարուեստի մարզին մէջ, ձայանգրելով եւ նկարահանելով իրենց նոր եւ վերջին երգը եւ երգարուեստի աշխարհին նուիրելով պիթըլզեան նոր գոհար մը։
Now And Then-ը պիտի ըլլայ «Պիթըլզ»ի կարապի երգը։