
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը, Տիկնանց Օժանդակ մարմինը եւ Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմը ցաւակցութիւն կը յայտնեն առաջնորդական ներկայացուցիչ եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի, եղբայրներուն՝ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Նատին Սարգիսեաններուն, տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Սարգիսեաններուն, անոնց զաւակներուն, նաեւ ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն՝ իրենց մօր եւ մեծ մօր՝ տիրամայր ԼՈՒՍԻՆ ՍԱՆՈՍԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի,12 Մարտ 2024ի առաւօտուն, Պէյրութ, Լիբանան:
Հանգուցեալ տիրամայրը բարեսիրտ եւ գթառատ հիւանդապահուհի, եկեղեցանուէր, ազնուահոգի, բարեպաշտ հայուհի եւ իր ընտանիքին, զաւակներուն ու թոռներուն նուիրուած սիրելի մայր եւ թանկագին մեծ մայր էր:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ