Շաբաթ, 30 Յունիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը հրաժեշտ տուաւ այդ ընտանիքի ղեկավարներէն եղբ. տոքթ. Միսաք Արզումանեանին, որ իր մահկանացուն կնքեց Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2007ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Եղբ. Արզումանեանի մահով ոչ միայն Արզումանեան գերդաստանը կորսնցուց օրինակելի ամուսին մը ու գուրգուրոտ հայր մը, այլ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կորսնցուց վաստակաշատ ղեկավար մը, իսկ լիբանանահայութիւնը՝ ազգանուէր հայորդի մը, որ մեծ ներդրում ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս, նաեւ Լիբանանի թեմական կառոյցներուն, «Համազգային»ի եւ ազգային բազմաթիւ հաստատութիւններու մէջ:
Վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ղեկավարին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ ընկերակցութեամբ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի:
Հանգուցեալի դագաղը եկեղեցի առաջնորդուեցաւ ժամը 11:30ին, ուր Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի, «Անի» եւ «Կարս» մասնաճիւղերու արի-արենոյշները, գլխաւորութեամբ Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, բարեւի կեցած դիմաւորեցին եւ պատուոյ պահակի դերը կատարեցին ամբողջ արարողութեան ընթացքին: Եկեղեցի փութացած էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչները. Լիբանանէն նոր ժամանած Կեդր. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան եւ եղբ. Մհեր Դաւիթեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Սթիւ Արթինեան եւ այլ անդամ-անդամուհիներ, մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, տեղւոյն պատկան մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընտանեկան պարագաներ եւ հարազատներ:
Ազգային թաղումի արարողութենէն ետք, հանգուցեալի կենսագրական գիծերը ընթերցեց Վահան քհնյ. Կոստանեան:
Եղբ. Միսաք Արզումանեան ծնած է 1932ին, Պէյրութ, Լիբանան: Երկրորդական ուսումը ժէզուիթներու մօտ աւարտելէ ետք, բժշկութիւն ուսանած է Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանը: 1958-1961 թուականներուն իբրեւ բժիշկ աշխատած է Յորդանանի բանակէն ներս, ուր արժանացած է «Անկախութեան կարգի» շքանշանին:
Ամուսնացած է Ժաքլին Պաստաճեանի հետ եւ ունեցած է երկու զաւակներ՝ Վազգէն եւ Կարէն:
1961ին հաստատուած է Պուրճ Համուտ, Լիբանան, ուր իր աշխատանքին առընթեր սկսած է իր ծառայութիւնը բազմաթիւ ազգային կառոյցներէ ներս: Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս եղած Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, ապա՝ Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան եւ այնուհետեւ, երեք քառամեակներ ընտրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ձեռնհասօրէն վարած է ատենապետի ծանր պարտականութիւնը: Բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ընդհանուր ժողովներուն եւ իր օգտակար ներդրումը ունեցած է անոնց յաջող ընթացքին մէջ: Պարտականութեամբ այցելած է հայկական բոլոր այն գաղութները, ուր կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ ներկայ գտնուած է անոնց ներքին եւ հրապարակային տօնախմբութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր պատգամներով եւ ուղղութիւններով աշխուժացուցած է անոնց գործունէութիւնը: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայրենիքի մէջ վերընձուղման առաջին պատուիրակութիւնը գլխաւորած է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժէն ետք եղած է ատենապետը՝ Լիբանահայ օգնութեան ընդհանուր օգնութեան մարմնին:
1999ին, կնոջ հետ փոխադրուած է Ամերիկա, զաւակներուն մօտ: Նոյն տարուան Յուլիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութեան, Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն առընթեր, եղբ. Արզումանեան ծառայած է նաեւ կրթական եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ: Այսպէս. 40 տարիներ եղած է անդամ Ազգային Գաւառական ժողովին եւ քանիցս մասնակցած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներուն: Եղած է նաեւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի եւ վերաքննիչ ատեանի ատենապետ, երկար տարիներ վարած է «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլէճի Խնամակալ մարմնի ատենապետի պաշտօնը: Ուսանողական շրջանին եղած է Հոգաբարձութեան անդամ՝ Պուրճ Համուտի «Աբգարեան» եւ «Կիլիկեան» վարժարաններուն:
Եղած է «Համազգային» մշակութային միութեան անդամ եւ հիմնադիրներէն՝ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին: Մաս կազմած է «Համազգային»ի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին եւ կարեւոր դերեր ստանձնած է: Եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ երեսուն տարիներ վարած է քաղաքապետութեան առողջապահական բաժնի պատասխանատու բժիշկի պաշտօնը, միաժամանակ ըլլալով նաեւ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց-կուրանոցի խնամակալութեան անդամ եւ եօթը տարիներ ատենապետը՝ Ազունիէի ազգային բուժարանի խնամակալութեան: Ժամանակ մը նաեւ ստանձնած է Լիբանանի ազգային վարժարաններու աշակերտութեան բժշկական քննութիւններն ու պատուաստելու պարտականութիւնները:
Հոգեւոր հայրը ընթերցեց նաեւ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի ցաւակցական հեռագիրը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի ցաւակցական գիրը ընթերցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Ապա, սրբազան հայրը փոխանցեց իր ցաւակցութիւնները, առաջին հերթին խնդրելով Աստուծմէ, որ ուղեկից ըլլայ հանգուցեալին.
«Մեր ամբողջ ազգը սգաւոր է, որովհետեւ ազգային պատուական անձնաւորութիւն մը, լիբանանահայ գաղութի ազգային, եկեղեցական, կրթական, մարզական, բարեսիրական հանրածանօթ եւ վաստակաշատ ազգային մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի տիտան մը, Սփիւռքի նուիրեալ ծառայ մը ու առաքեալ մը իր մահկանացուն կնքած է եւ ազգային այս թաղումով, մենք եկած ենք խոնարհելու իր յիշատակին առջեւ, երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելու իր ծառայական կեանքին եւ վաստակին եւ հաւատարմութեան մեր ուխտը վերանորոգելու իր աւանդին դիմաց», ըսաւ սրբազան հայրը:
Ապա, վեր առնելով եղբ. Արզումանեանի իբրեւ բժիշկ եւ միութենական կատարած ծառայութիւնները, ըսաւ՝ «Այսօր, ազգային այս թաղումով կը խոնարհինք իր յիշատակին առջեւ եւ իբրեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ, որպէս մէկ միաւորը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, համազգային առաքելութեան յայտարարած ենք ազգային թաղում: Բայց ես վստահ եմ նոյնքան եւ աւելի, մեր սփիւռքեան թեմերը այսօր սուգի մէջ են, որովհետեւ այն անձնաւորութիւնը, որ կը հանգչի այս դագաղին մէջ, որուն անմահ հոգին կը սաւառնի իւրաքանչիւրիս յիշողութեան վերեւ, անպայմանօրէն երանական հանգիստ մը գտած է, մեր սփիւռքեան բոլոր թեմերը, հայրենիքը եւ Արցախը վկաներն են իր ծառայութեան, նուիրումին եւ առաքելութեան»:
Իսկ շեշտելով հանգուցեալի մեծահոգի ըլլալու բացառիկ յատկութիւնը, յայտարարեց. «Տոքթ. Միսաք Արզումանեան կը պատկանի այն սերունդին, որ մեր ազգի վերընձիւղման մթնոլորտին մէջ, հայակերտումի, հոգեկերտումի, ազգակերտումի, մարմնակերտումի ճշմարիտ առաքելութեան մէջ սրբազան գործի եւ ծառայութեան մէջ ռահվիրան եղաւ եւ միշտ պատնէշի վրայ մնաց իր սկզբունքով, իր պատասխանատուութեամբ, բարձր գիտակցութեամբ: Անոր համար, ինչպէս պատմութեան մէջ արքաներ եւ թագաւորներ կոչուած են առիւծասիրտ, մեծ սիրտ ունեցող եւ սա պահուն, յանուն ազգին կ’ուզեմ յայտարարել, որ տոքթ. Միսաք Արզումանեան մեծ սիրտ ունեցող հայորդի մը եղաւ եւ այդպէս կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ»:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, հանգուցեալի դագաղը սգակիրներու թափօրով տարուեցաւ տեղւոյն «Սայփրըս» գերեզմանատունը, ուր արարողութիւնը կատարեցին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վահան քհնյ. Կոստանեան եւ Քուփըրթինոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան: Յուղարկաւորութեան եւ թաղման զոյգ արարողութեանց մասնակցեցաւ նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Աւետարանական Գողգոթայ եկեղեցւոյ հովիւ՝ պատուելի Ներսէս Պալապանեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած մեծ ընտանիքի անունով դամբանական արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, որ եղբ. Արզումանեանի կորուստը անհաւատալի գտնելով ըսաւ. «Բոլորս, անխտիր բոլորս պիտի փնտռենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարի քուրմը, փայլուն բեմասացը, պատկառելի ժողովականը եւ խստապահանջ պատասխանատուն: Ան, որուն գիտակցական ողջ կեանքը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով հայութեան եւ Հայաստանի անսակարկ նուիրաբերում՝ Պուրճ Համուտէն մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ոստաններ ու մինչեւ Մայր հայրենիք՝ Հայաստան»:
Իսկ անդրադառնալով Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս հերթաբար ստանձնած ամենափոքրէն մինչեւ Կեդր. վարչութեան ատենապետի ամենաբարձր պաշտօնը, արժեւորեց եղբ. Արզումանեանի անձը ըսելով՝ «Եղբ. Արզումանեան եղաւ ու մնաց Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօսութեան մեծ սպասարկու մը եւ հայ ժողովուրդի տենչերուն անշահախնդիր նուիրեալ մը: Իր ներկայութիւնը յարգանք կը պարտադրէր բոլորին, իսկ խօսքը՝ կը ներկայացնէր անվիճելի հեղինակութիւն: Օրինապահ եւ ճշդապահ մարդ էր ան: Արդարամիտ ու լայնախոհ կեցուածքներու տէր: Անոր համար ալ իր կարծիքը միշտ փնտռուած էր, իր տեսակէտը՝ միշտ յարգուած ու համոզիչ էր: … Եղբ. Արզումանեան աւանդապահ մարդ էր: Մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը ան ամրօրէն կառչած մնաց այն բոլոր սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն, որոնք մեր ազգը ա՛զգ կը պահեն, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.»:
Ապա, հրաժեշտ տալով եղբօր եզրակացուց. «Գնա՜ եւ ըսէ, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ հայութեան երթին պատրաստել նորանոր կամաւոր բանակներ, որոնք ձեր նմաններուն ուղիով պիտի շարունակեն ընթանալ՝ անսասան ու անդեդեւ, դէպի Յաղթանակ, յաղթանակ…»:
Թաղման արարողութենէն ետք, դագաղի վրայ դրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը սկաուտներուն կողմէ ծալուեցաւ եւ յանձնուեցաւ շրջանային Ընդհանուր խմբապետ եղբ. Հրայր Պոյաճեանին, որ փոխանցեց զայն Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Սթիւ Արթինեանին, որ իր հերթին, եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի ընկերակցութեամբ յանձնեց զայն հանգուցեալի այրիին՝ Ժաքլին Արզումանեանին:
Մինչ ներկաները ծաղիկներ եւ հող կը թափէին դագաղին վրայ, արարողութեան արի-արենոյշները խմբերգեցին «Յառաջ՝ նահատակ ցեղի անմահներ» Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգը:
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ մատուցուեցաւ տեղւոյն Աւետարանական Գողգոթայ եկեղեցւոյ սրահը: Հոգեճաշի ընթացքին իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անունով՝ եղբ. Րաֆֆի Խաչատուրեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անունով՝ ընկ. Եդուարդ Մսըրլեան,
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք մասնաճիւղերու անունով՝ եղբ. Սագօ Շրիգեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Աւետարանական համայնքի անունով՝ պատուելի Ներսէս Պալապանեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սանթա Քլարայի «Անի» մասնաճիւղի անունով՝ եղբ. Վահէ Պարոնեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղի անունով՝ քոյր Արմինէ Ժամկոչեան:
Հանգուցեալի ընկերներէն սրտի խօսք ըսաւ եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան:
Կարդացուեցաւ նաեւ եղբ. Արզումանեանի հետ Կեդր. վարչութեան անդամ գործընկեր՝ եղբ. Վարուժան Սերոբեանի ցաւակցական գիրը, Մոնթրէալէն, Քանատա:
Սգակիրները մեկնեցան տուն, իրենց մտքերուն մէջ դրոշմած պահելով եղբ. Միսաք Արզումեանի միութենական, ազգային ու մարդկային տիպարը, որ օրինակ պիտի ծառայէ սերունդներու: