Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերու գլխաւոր խորհրդատու Լուի Պոնօ 13 Մարտին, Հայաստանի մէջ ունեցաւ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին գլխաւորաբար քննարկեց տարածաշրջանային հարցերը։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ՝ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներուն:
Միրզոյեան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումները առանցքային հարցերու շուրջ: Ան մասնաւորաբար շեշտեց 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հաւատարմութեան եւ սահմանազատման հետագայ գործընթացը Ալմա Աթայի հռչակագիրին, ամուր իրաւական հիմքեր ունեցող քարտէսներու հիման վրայ իրականացնելու կարեւորութիւնը:
Տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման պարունակին մէջ Միրզոյեան վերահաստատեց գործընթացը ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան ու հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ կեանքի կոչելու առումով Հայաստանի հետեւողական մօտեցումը:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ Լուի Պոնօ խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային ընթացքին մասին եւ քննարկուեցաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ գործընկերութիւնը:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Պոնօ անդրադարձան կարգաւորման գործընթացին:
Նշենք, որ Պոնօ Հայաստան կը գտնուէր նաեւ Յունուարի սկիզբը: Այդ ժամանակ Պոնօ Պաքու չայցելեց: Ատրպէյճան մերժած էր բանակցութիւններու համար ամերիկեան հարթակը` Ուաշինկթընը մեղադրելով «կողմնակալ» ըլլալու մէջ: Յստակ չէ, թէ այս անգամ Պոնօ Պաքու պիտի այցելէ, թէ ոչ։