Մեր առջեւ ունինք Արմինեըն Էսէմպլիի Օգոստոս 31 թուակիր երկարաշունչ յայտարարութիւնը, որ կ’աւետէ տարիներ առաջ սկսած ու ցարդ (ըստ երեւոյթին) մոռացութեան տրուած, Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ կառուցելի, Մեծ Եղեռնին նուիրուած թանգարանին ծրագրային աշխատանքներուն վերսկսումը։ Ինչպէս կ’երեւի, միլիոնաւոր տոլարներու պիւտճէ մը ենթադրող այս մահամերձ ծրագրին վերակենդանացման գլխաւոր ազդակը եղած է ծանօթ բարերար եւ Էսէմպլիի հիմնադիր սիւներէն պարոն Հրայր Յովնանեանի դրամական յաւելեալ ներարկումներու յանձնառութիւնը։
Արհեստավարժական երկարապատում մանրամասնութիւններու եւ այս գործին լծուած ծանօթ ու անծանօթ, հայ թէ օտար ընկերութիւններու եւ ազգայիններու թուարկումէն ետք, այս յայտարարութիւնը խօսքը կու տայ տխրահռչակ հանգուցեալ TARC-ի առաջաւոր ռահվիրաներէն ու թանգարանի կառուցման յանձնախումբին ներկայ ատենապետ Վան Գրիգորեանին։ Տեսէ՛ք, թէ բառացիօրէն ի՛նչ կ’ըսէ պարոն Գրիգորեան.-
«Հակառա՛կ այն լուրերուն, թէ այս ծրագիրը պիտի չիրականանայ, ուրախ եմ յայտնելու հակառակորդներուն, թէ իրենց ակնկալութիւնները պիտի չիրականանան։ Յանձնախումբը, Հրայր Յովնանեան, Անուշ Մաթեւոսեան, Ամերիկայի Արմինեըն Էսէմպլին, եւ մեր բոլոր բարեկամները որոշած են կառուցել այս կեդրոնը մեր երկրի մայրաքաղաքին մէջ։ Հոս, Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ իր աւանդը լաւագոյնս պիտի յիշատակուին ու բացատրուին նորահնար ցուցադրութիւններու եւ ամենաարդիական թանգարանային յարմարութիւններու միջոցաւ։ Ապագայ թանգարանը պիտի տեղադրուի բացառիկ դիրքի մը մէջ Ուաշինկթընի սրտին վրայ, քանի մը քայլ Սպիտակ տունէն, եւ պիտի ընծայէ բացառի՛կ շեշտաւորում Միացեալ Նահանգներու ունեցած դերին վրայ՝ յանուն ցեղասպանութեան արգիլման ու պատուհասման»…:
Ընդգծումները մերն են. անհրաժեշտ՝ ի տես անսպասելիօրէն տհաս (չըսելու համար տղայակա՛ն) եւ ակներեւօրէն պառակտիչ նախատրամադրութեան մը, որ օր ցերեկով (յաջողութեան ակներեւ ցանկութեամբ մը) լապտեր ի ձեռին, հակառակորդներ կը փնտռէ գաղութի մը մէջ, ուր Հայ Դատի ի խնդիր տրամաբանական առաջնահերթութեամբ տարուող ներկայ աշխատանքներու նկատմամբ լուրջ տարակարծութիւն այսօր դժուար է նշել։ Ինչի՞ վերագրել այս յանկարծական պոռթկումը՝ ցարդ մեզի ու հանրութեան անյայտ մնացած ակնկալութիւններու դէմ։ Հոգեբանական ի՞նչ բարդոյթներու հետեւանք է հակադրողական այս խանդը։
Կարելի՞ է արդեօք յուսալ, թէ հրաշքով մը, անհաշիւ ճոխութեամբ ներկայացող այս ծրագրին հեղինակներն ու համակիրներու սեղմ, այլ փարթամ շրջանակը լուրջ ակնարկ մը նետած ըլլան մեր շրջապատուած հայրենիքին եւ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդին անմիջական ու անյետաձգելի կարիքներուն վրայ՝ տրամաբանական առաջնահերթութեան իրատես եւ ո՛չ-հաճոյակատար ակնոցով։
Կարելի՞ է արդեօք նոյնպէ՛ս յուսալ, որ ի տես ներկայ մտահոգիչ համայնապատկերին (ի տես հայրենի ոստաններու անհաշիւ կարիքներուն, օր ըստ օրէ իրենց զինեալ ուժերն ու զինամթերքը բազմապատկող մեր թրքացեղ հարեւաններուն) Էսէմպլիի սեղմ շրջանակին խօսնակը, խղճահարուած, հակառակորդներ կը փնտռէ, ուրիշի՛ ձեռամբ կասեցնելու համար նորանոր միլիոններու ներդրումը՝ ամերիկեան դրամատան մը անցեալի փարթամ շէնքը վերածելու ճոխ տաճարի մը՝ նուիրուած նոյն ինքն ամերիկեա՛ն կառավարութեան կողմէ ցարդ ուրացուած եւ հալածուած Ցեղասպանութեան վերջնական զմռսումին -ցեղասպանութեան սահմաններէն շա՜տ անդին անցած ազգասպանութեան մը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի Նախիջեւանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի ընդարձակ տարածքին, իր վտիտ ուժերուն ձգուած Սփիւռքի մը գաղութներուն մէջ իր շարունակական աւերը գործող ճերմակ ջարդի կողքին…
Անտարբեր այս իրողութիւններուն, պարոն Գրիգորեան, ինչպէս կ’երեւի, հաւատացած է, եւ կ’ուզէ հաւատացնել բոլորին, թէ հայոց (այլ ձեւերով սակայն նոյն թափով, այսօ՛ր իսկ շարունակուող) հոգեկան, մշակութային ու քաղաքական անլուր սպանդին հետեւանքները, ամփոփուած դրամատուն-թանգարանին ցուցափեղկերու ապահով գանձարանին մէջ՝ իրենց քաղաքականօրէն մունջ, այլեւ ցուցականօրէն անցեալին պատկանող հանգրուանին պիտի հասնին եւ «… լաւագոյնս պիտի յիշատակուին ու բացատրուին նորահնար ցուցադրութիւններու եւ ամենաարդիական թանգարանային յարմարութիւններու միջոցաւ…»։
Որպէս միակ եզրակացութիւն՝ ստիպուած կը զգանք ըսելու հետեւեալը.- Ինչ կը վերաբերի «… Միացեալ Նահանգներու ունեցած դերին՝ յանուն Ցեղասպանութեան արգիլման ու պատուհասման», կը բաւականանաք ըսելով.-
Ի բերանէ քումմէ՛ դատեցար։