Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին, «Հայաստան» հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի վարչութիւնը հրապարակեց յառաջիկայ թելեթոնի նոր խորհրդանշանը, գործ՝ արուեստագէտ Էդիկ Բալայեանի:
Խորհրդանշանը հրապարակուեցաւ Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատերասրահի մուտքի բացատին մէջ, ներկայութեամբ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ինչպէս նաեւ հանրային դէմքերու եւ նուիրատուներու՝ աւելի քան 200 հոգի:
Նոր խորհրդանշանը կը պատկերէ անձ մը, որ բռնած է արեւը, որուն նմանակը կ’երեւի հայկական ժայռապատկերներու վրայ՝ Գեղամայ լեռներուն մէջ: Թելեթոնի բնաբանն է «Մէկ ազգ, մէկ ապագայ»:
Հիմնադրամի վարչութեան ատենապետ Մարիա Մեհրանեան յայտարարեց, թէ այս տարի 10րդ անգամ ըլլալով թելեթոն պիտի կազմակերպուի եւ այսօր Հայաստանի ենթակառոյցը աւելի բարելաւուած վիճակի մէջ է, շնորհիւ թելեթոններուն հանգանակուած գումարներուն: «Նորոգելով դպրոցները, վերականգնելով հիւանդանոցները եւ կառուցելով նոր ճամբաներ, միասնաբար բարելաւած ենք կեանքի որակը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեանց մէջ», ըսաւ Մեհրանեան:
Նոր խորհրդանշանը օրհնեցին զոյգ առաջնորդները, եւ յայտարարուեցան նուիրատուութիւններ՝ 200,000 տոլար New York Life ընկերութենէն եւ 10,000 տոլար՝ Հէրի եւ Այտա Չաքարեաններուն կողմէ:
Աւելցնենք, որ թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան օրը՝ Նոյեմբեր 22, 2007ին, առաւօտեան ժամը 8էն երեկոյեան ժամը 8, Խաղաղականի ժամանակով: Պիտի սփռուի 18րդ կայանէն՝ KSCI:
Յիշեցնենք նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը տուրքէ զերծ կազմակերպութիւն է (501/c/3):