Եւրոպական խորհրդարանը Չորեքշաբթի, 13 Մարտի լիագումար իր նիստին բացարձակ մեծամասնութեամբ՝ 504 թեր, 4 դէմ, 32 ձեռնպահ ձայներով, վաւերացուց Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան կապերը առաւել եւս սերտացնելու եւ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածութեան նեցուկ կանգնելու բանաձեւը:
Եւրապայի խորհրդարանի անդամները համոզուած են, որ եթէ Հայաստան շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալով եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, անոնք կրնան հիմք հանդիսանալ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոխակերպման փուլին համար:
Եւրապայի խորհրդարանի պատգամաւորները ընդունուած բանաձեւով Եւրոպական Միութեան գործադիրին կոչ ուղղեցին՝ աշխոյժ կերպով աջակցելու Հայաստանին Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդարձակման, ոչ միայն տնտեսական գործընկերութեան, այլ նաեւ քաղաքական երկխօսութեան, ոլորտային համարկման եւ ապահովութեան ոլորտին մէջ համագործակցութան գծով:
Ըստ Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին՝ բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները կ՛ողջունեն եւ կ՛ընդունին Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել միտող Հայաստանի վճռական փափաքը եւ կոչ կ՛ուղղեն Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններուն՝ Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական խորհուրդին` դրական արձագանգելու այս փափաքին եւ շարունակելու իրականացնել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան նոր համաձայնեցուած օրակարգը` ընդգծելով համագործակցութեան յաւակնոտ միացեալ առաջնահերթութիւններու աշխոյժ հետապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ ժամանակն է Հայաստանի հետ սկսելու վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան:
Բանաձեւին մէջ նշում կայ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան:
Բանաձեւը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ուժերու ներխուժումը Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը եւ անոր որոշ հատուածներու շարունակուող բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ անիկա կը վերահաստատէ Ատրպէյճանի զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան ամբողջ տարածքէն դուրս բերելու իր պահանջը: Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները մտահոգութիւն յայտնեցին Ատրպէյճանի նախագահին եւ այլ պաշտօնեաներու կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ՝ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող արտաքին միջանցք պահանջելուն:
Բանաձեւը կը շեշտէ, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ուղին պէտք է լուծուի՝ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ անգամ մը եւս կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան:
Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատժամիջոցներու դրութիւն սահմանելու այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը սպառնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:
Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ նաեւ Արցախի հայկական մշակութային, կրօնական եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան եւ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ այդ բոլորին ոչնչացման, վանտալիզմի ենթարկուելուն եւ պղծուելուն գծով: Անիկա նաեւ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ՝ պահպանելու մշակութային այդ հարստութիւնը, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕին` անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ պաշտպանելու համար:
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ Արցախի հայերուն հետ անկեղծօրէն ներգրաւուելու համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ` ապահովելու անոնց իրաւունքներու յարգումը եւ երաշխաւորելու անոնց ապահովութիւնը, արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադարձը իրենց տուները` միջազգային հսկողութեան տակ: Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները կոչ կ՛ուղղեն Ատրպէյճանին՝ ազատ արձակելու Արցախիի եւ Հայաստանի բոլոր բնակիչները, որոնք կը շարունակեն Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած մնալ, անիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ եւ արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի բոլոր որոշումները:
Յիշեցնելով, որ Հայաստան կը վերանայի ՀԱՊԿին իր անդամակցութիւնը՝ բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան՝ դրական արձագանգելու Հայաստանի Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով իրեն աջակցութիւն ցուցաբարելու խնդրանքին:
Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը եււ անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքներուն ` հիմնուած 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, սահմաններու սահմանազատման` ԽՍՀՄի Գլխաւոր շտաբի համապատասխան քարտէսներու համաձայն:
Բանաձեւը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր առկախ հարցերուն շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման` նպատակ ունենալով կնքել խաղաղութեան պայմանագիր մը եւ կոչ կ՛ուղղէ երկու կողմերուն՝ բոլորովին հաւատարիմ մնալու երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ճամբով տեւական եւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու։
Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ կշռոյթին Եւրոպական Միութեան որոշ պաշտօնատարներու եւ կառոյցներու յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ անոնք կը շնորհաւորեն նախագահ Ալիեւը՝ իր վերընտրուելուն առիթով` չյիշատակելով Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը, մանաւանդ որ Ատրպէյճան պատասխանատու է Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտման: