
Աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ յօրինող Տիգրան Համասեան 25 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, իր եռեակին հետ ելոյթ մը պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին գլխաւոր համերգասրահին մէջ։
Ձեռնարկը համահովանաւորուած է համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին, Թոմաս Ա. Գույումճեան ընտանիքի հիմնարկին, ՀԲԸՄին եւ Հելէն Զուարթ Փիթըրսին հիմնադրամին կողմէ։
Համասեան հռչակուած է՝ իբրեւ իր սերունդի ամէնէն նշանակալի եւ իւրօրինակ ճազ-ռաքի դաշնակահարներէն մէկը: Ան աննկարագրելի վարպետութեամբ կը ձուլէ ճազային յօրինումները եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը:
Տոմսերու գինը 40 տոլար է, իսկ տարեցներու համար՝ 30 տոլար։ Համալսարանին ուսանողները կրնան տոմսեր գնել 5 տոլարի։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին՝ (559) 278-2669 թիւով, կամ այցելել կայքէջը: