ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Յուլիս 3ին, Պքերքէի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ մարոնիներու Սֆէյր պատրիարքին միջեւ: Սոյն հանդիպման առաջին բաժինին ներկայ եղան մշակոյթի նախարար Թարէք Միթրի եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ատենապետ Հարէս Շեհապ: Ապա վեհափառը եւ Սֆէյր պատրիարքը առանձին հանդիպում մը ունեցան:
Խորհրդակցութեանց առանցքը Լիբանանը ներկայ կացութենէն դուրս բերելու մտահոգութիւնն էր: Այս մտահոգութենէն մեկնելով՝ զանազան կարելիութիւններ քննարկուեցան, յատկապէս նոր նախագահի ընտրութիւնը, նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ ազգային երկխօսութեան վերսկսումը: Ապա վեհափառը ճաշի հիւրը եղաւ Սֆէյր պատրիարքին:
Յայտնենք, թէ Երկուշաբթի օր Արամ կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան դոկտ. Մարիոս Հաասը: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ մասնաւորաբար Լիբանանը յուզող քաղաքական վերջին զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Այս առիթով, վեհափառը իր տեսակէտներն ու պատկերացումը փոխանցեց, հարցերու խաղաղ լուծման եւ յատկապէս Լիբանանը իր ներկայ կացութենէն դուրս բերելու մասին:
Նկարին մէջ, կաթողիկոսն ու պատրիարքը: