Ցեղասպանութեան եւ յարակից մեր իրաւունքներուն ճանաչման ի խնդիր մեր պայքարին ճամբուն վրայ, Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին արձանագրեցինք կարեւոր յաղթանակ մը, շահեցանք կարեւոր ճակատամարտ մը, երբ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը 21ի դէմ 27 քուէով որդեգրեց Հայկական Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում տուող թիւ 106 բանաձեւը։
Յիշեցման կարգով նախ արձանագրենք, թէ ի՞նչ կ՚ըսէ թիւ 106 որոշումը։ Անիկա հանրապետութեան նախագահէն կը պահանջէ, որ այս երկիրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ հարազատօրէն արտացոլայ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կեցուածք, որ նկատի ունենայ ցեղային նկատառումներով մաքրագործումներ եւ ցեղասպանական արարքներ, որոնք արձանագրուած են Միացեալ Նահանգներու արխիւներուն մէջ եւ առնչութիւն ունին ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ նմանօրինակ պարագաներու հետ։ Բանաձեւը կը կրէ մօտաւորապէս հետեւեալ խորագիրը.- Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ամերիկեան պաշտօնական արձանագրութեանց հաստատումը։
Հիմա, կը սպասենք, որ ամերիկեան խորհրդարանը մօտիկ ապագային, իր կարգին օրակարգի վրայ դնէ այս բանաձեւը ու զայն որդեգրէ քուէարկելով, դէմ դնելով Սպիտակ տան, Թուրքիոյ եւ դեռ շատ մը ուրիշներու ճնշումներուն, արգելակիչ քայլերուն։ Բանաձեւին վաւերացումը գրեթէ ապահով է, ո՛չ միայն անոր համար, որ խորհրդարանի նախագահ Նենսի Փելոսի յանձնառու կը մնայ վերջին ընտրութիւններէն առաջ իր յայտարարած յանձնառութեան, այսինքն՝ վճռած է տեղի չտալ թրքական ստապատիր խաղերուն ու Սպիտակ տան ճնշումներուն դիմաց, ինչպէս ըրած են այս աթոռին վրայ զինք կանխող այլ պատասխանատուներ, այլ նաեւ անոր համար, որ Հայ Դատի մեր զինուորները, տարիներու իրենց անվհատ աշխատանքին շնորհիւ, յաջողած են արդարութեան կողմը շահիլ (առանց մարդիկ կաշառելու, ինչպէս կ՚ընէ Թուրքիա) խորհրդարանի անդամներէն այնքան թիւ մը, որ բաւարար է նման բանաձեւի մը որդեգրման համար։
Ինչպիսի՞ մթնոլորտի մէջ արձանագրուեցաւ այս յաղթանակը, եւ ինչպիսի՞ արձագանգներ, հակազդեցութիւններ արձանագրուեցան տարբեր գիծերու վրայ։ Թուենք գլխաւորները, սակայն նախ նշենք, որ բոլոր հակազդեցութիւններն ալ ԲՆԱԿԱՆ էին ու կը համապատասխանէին իւրաքանչիւր կողմի նկարագիրին, տրամաբանելու եղանակին ու կամքին։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿԱՅԱՆ
Հակառակ անոր, որ յանձնախումբին կողմէ բանաձեւին որդեգրումը ստոյգ կը նկատուէր հայութեան զօրակայինին մէջ հարցը հետապնդողներուն՝ այսինքն՝ Դաշնակցութեան Հայ Դատի գործիչներուն կողմէ, սակայն անցեալի դառն փորձառութիւնները կը թելադրէին, որ մեր «շունչը բռնած» հետեւէինք զարգացումներուն։ Եթէ պահ մը զանց ընենք տարիներու աշխատանքները ու աչքի առջեւ ունենանք միայն վերջին քանի մը շաբաթներու անդուլ աշխատանքը, կրնանք գաղափար մը ունենալ, թէ հետեւողական աշխատանքն ու ժողովրդային զօրակցութիւնը ինչպիսի արդիւնքներ կրնան արձանագրել։ Փաստօրէն, Հայ Դատի բոլոր միաւորները, ինչպէս նաեւ հայութեան բոլոր օճախները ժամացոյցի դէմ մրցումի վիճակ մը ապրեցան։ Ներկայացուցիչներու հետ տեսակցութիւններ, հեռաձայնային արշաւներ ու կոչեր, կոչերուն ընդառաջող հաւատարիմ հայորդիներ, մետասաներորդ պահուն ընկրկող ներկայացուցիչներու հետ հաղորդակցութիւններ ու դրական ճնշումներ…։ Քանի՜ քանի անանուն գործիչներ մասնակցութիւն բերին այս աշխատանքներուն, Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին։
Չորեքշաբթի կէսօրին, երբ հասաւ քուէարկութեան արդիւնքին լուրը, իւրաքանչիւր հայ, ի՛նչ հոսանքի ալ պատկանի, ո՛ր երկնակամարին տակ ալ կը գտնուէր, անխառն ուրախութիւն ապրեցաւ. տեղի ունեցան ցնծութեան հրապարակային արտայայութիւններ։ Հաւաքական ու կազմակերպ գործը, ճիշդ կերպով առաջնորդուող աշխատանքը տուած էր անխուսափելի արդիւնքը։
Հայ Դատի յանձնախումբերուն մէջ ծառայողները վստահաբար առաջին հրճուողները եղան, ոչ միայն անոր համար, որ իրենց քրտինքն ու անդուլ աշխատանքը արդիւնաւորուած էր, այլ նաեւ որովհետեւ անգամ մը եւս կը հաստատուէր այն ճշմարտութիւնը, թէ իրաւատէրը՝ մենք, նիւթական ու այլօրինակ լայն միջոցներու տէր չըլլալով հանդերձ, հետեւողական աշխատանքով ու մանաւանդ ճնշումներու եւ դժուարութիւններու առջեւ չընկրկելով, իրաւունքները սակարկութեան դնել մերժելով՝ ի վերջոյ կրնանք շօշափելի արդիւնքի հասնիլ, պարտութեան մատնել աշխարհի ճակատագիրը տնօրինողները, մանաւանդ ցեղասպանութեան հեղինակը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը։ Եւ պատահական չէ, թէ Դաշնակցութեան այս զինուորները կը վայելեն հայութեան համակրանքը, զօրակցութիւնը, պարզապէս անոր համար, որ արտայայտիչն ու մարմանաւորողն է անոր կամքին։ Մեր ժողովուրդը այսպէ՛ս վերաբերած է իր Դատին պաշտպաններուն նկատմամբ, անցեալին ու այսօր, այսպէս պիտի վերաբերի նաեւ վաղը։
10 Հոկտեմբերին, շահեցանք կարեւոր ճակատամարտ մը, բայց ոչ վերջինը։
Այսօր, այս կարեւոր հանգրուանէն անմիջապէս ետք, հայութիւնը պիտի չընկրկի այնպիսի մեկնաբանութիւններու ու յայտարարութիւններու դիմաց, որոնք կ՚ըսեն, թէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ այս որոշումին որդեգրումէն ետք իսկ, անիկա պարտադիր որոշումի հանգամանք պիտի չունենայ, կամ՝ այս բանաձեւին որդեգրումը ինքնաբերաբար չի նշանակեր, որ թեր քուէարկողները քուէարկած կ՚ըլլան նաեւ հայութեան հողային ու նիւթական հատուցում կատարելու Թուրքիոյ պարտաւորութեան ի նպաստ։ Այո, արձանագրուածը միայն փաստաթուղթ մըն է, որ կ՚աւելնայ մեր պահանջներուն ճանաչում տուող բազմաթիւ այլ փաստաթուղթերուն վրայ։ Սակայն նաեւ թող տրամաբանականօրէն պատասխանեն մեզի. ե՞րբ պատահած է, որ ոճիրի մը ճանաչումը սոսկ ինքնանպատակ քայլ նկատուի։ Ո՞ր տրամաբանութիւնը կ՚ընդունի, որ ցեղասպանական որեւէ ոճիրի հաստատումը ինքնաբերաբար չի բանար մեր կամ նման ոճիրներու զոհ գացողներու պահանջներուն բնական յաջորդ էջը՝ արդար հատուցման էջը։
Եւ թող ոչ ոք փորձէ մեզ համոզել (կամ՝ այլազան մեկնաբանութիւններով մեզ պարտուողականութեան տանիլ), թէ մեր պահանջները արդէն իրականացած են ու՝ վերջակէտ։ Չմոռնանք, որ տակաւին քանի մը տարի առաջ, մեզ կը փորձէին տարհամոզել, որ այսօր իրականացած քայլը անկարելի է, աներեւակայելի է։
Կրկնենք. եթէ իրաւատէր ենք, եթէ կը հաւատանք մեր արդարացիութեան, եթէ վճռած ենք աննահանջ կերպով շարունակել մեր պահանջատիրութիւնը, բնական արդիւնքը պիտի ըլլան նոր ճակատամարտներ, նոր յաղթանակ, մեր բոլոր պահանջներուն, արդա՛ր պահանջներուն կենսագործումը։
ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿԱՅԱՆ
Թուրքիոյ պետութեան անմիջական հակազդեցութիւնները եւս բնական էին ու համապատասխան՝ ոճրային ուղեղի նկարագիրին։
Թուրքիոյ փողոցը հրապարակ եկաւ Միացեալ Նահանգներու դէմ ցոյցերով, քննադատութիւններով ու սպառնալիքներով։ Ուրացումի ու խեղաթիւրման հինցած դրօշները դարձեալ ծածանեցան, թէեւ անոնք շատոնց անզօր են ծածկելու մերկ իրականութիւնները, պատմական ճշմարտութիւնը։ Թուրքիա հաւանաբար չ՚ուզեր տեսնել բանաձեւին դէմ քուէարկողներուն կամ ամերիկեան իշխանութեան այժմու եւ նախկին ջոջերուն յայտարարութեանց այն բաժինը, ուր մօտաւորապէս կ՚ըսուի հետեւեալը.- Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ կողմէ 1915ին սկսած քստմնելի արարքները ցեղասպանութիւն էին, սակայն եկէք, այս օրերուն ոճիրը իր անունով չկոչենք ու չբարկացնենք մեր դաշնակիցը։
Այլ խօսքով, Թուրքիան սիրողն ալ գիտէ, որ հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է ու մինչեւ օրս կը մնայ անպատիժ, անհատոյց։
Թուրքիոյ պետական մեքենան եւս դիմեց իր վարքագիծին համապատասխան քայլերու։ Դեսպանը տուն կանչուեցաւ «խորհրդակցութեան նպատակով»։ Քուէարկութենէն առաջ ուղղուած սպառնական զգուշացումները կրկնուեցան, մատներ թափահարուեցան, թէ՝ ամերիկեան զօրակայաններ կրնան փակուիլ ու ամերիկեան օդուժին ընծայուած դիւրութիւնները կրնան ջնջուիլ։ Ուաշինկթընի մէջ կթոտումներ տեղի ունեցան ու գործադիր իշխանութեան մեծաւորներն ու փոքրաւորները աներեւակայելի ճնշումներ ի գործ դրին քուէարկելու պատրաստուողներուն վրայ, միւս կողմէ Թուրքիայէն անամօթաբար ներողութիւն խնդրելով խորհրդարանական այս ճիշդ քայլին համար…։ Քուէարկութենէն քանի մը ժամ առաջ, նախագահ Ճորճ Պուշ անձամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, պահանջելով որ քուէարկողները չանտեսեն Թուրքիոյ բարեկամութիւնը, կարծէք թէ աւելի մտահոգ ըլլար Թուրքիայով, քան արդարութեան ու ճշմարտութեան ճանաչումով…
Թրքական պաշտօնական ու փողոցային այս հակազդեցութիւնները, մանաւանդ զինուորական կայաններու փակման կամ Իրաքի վրայ արշաւանքի սպառնալիքները կրնան լաւագոյն պատգամը տալ Ուաշինկթընին, որ եթէ նման սպառնալիքներ կու գան դաշնակիցէ մը, ալ ի՞նչ պէտք է ակնկալել թշնամիներէ։ (Բարեբախտաբար կան տրամաբանողներ, թէ Իրաք ներթափանցումի թրքական սպառնալիքը ինչո՞վ կը կապուի այս բանաձեւին հետ, բացի անկէ, որ Թուրքիա որեւէ պատրուակով կը փորձէ պատանդ բռնել իր ամերիկացի դաշնակիցը)։
Ի դէպ, ամերիկացի խելամիտ պետական այրերուն պէտք է յիշեցնել, թէ թրքական նմանօրինակ ջղագարութիւններ միշտ ալ կանխած ու յաջորդած են հայութեան պահանջներուն արդարացիութեան իւրաքանչիւր հաստատումին առիթով։ Կ՚արժէ անոնց յիշեցնել, թէ նուազ քան տասնամեակ մը առաջ, Թուրքիոյ մէկ վարչապետը իր հակազդեցութիւնը հասցուց մանկամտութեան այն աստիճանին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ի նպաստ Ֆրանսայի քայլին դէմ, որոշեց այլեւս չգործածել… ֆրանսական «Ռընօ» մակնիշով իր ինքնաշարժը։ «Ռընօ» ընկերութիւնը չսնանկացաւ…
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶՕՐԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷæ
Վերոյիշեալ մատնանշումներուն կողքին, արձանագրենք, որ Սպիտակ տան ծանրագոյն հրետանին ու ամերիկեան դիւանագիտութեան տիտանները միահամուռ կերպով երգեցին նոյն երգը, որուն խորագիրն էր՝ պէտք չէ որդեգրել թիւ 106 բանաձեւը։ Նախագահ Պուշ յիշեալ կոչին զուգահեռ, նախկին ութ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Հենրի Քիսինճըրէն մինչեւ Քոլին Փաուըլ, միացան Սպիտակ տան բաղաձայն երգչախումբին, զգուշացնելով, որ Թուրքիոյ հակադարձութիւններէն կրնայ տուժել Միացեալ Նահանգներ։ Անոնց կեցուածքը կարելի է թարգմանել հետեւեալ ձեւով.- Թուրքիա ոճրագործ է, սակայն մեր դաշնակիցը ըլլալով՝ պէտք չէ արդարութեան կառչինք։ )Ի դէպ, այս «իմաստուն մարդիկ»ը նմանօրինակ վերաբերումի կ՚արժանացնեն ոճրային արարքներ կատարող այլ դաշնակիցներ ալ(։
Ամէնէն զարմանալին՝ Քոլին Փաուըլի նման անձնաւորութեան մը ստորագրութեան ներկայութիւնն էր Օլպրայթի, Պէյքըրի, Իկըլպըրկըրի, Հէյկի, Շուլցի եւ միւսներուն կողքին. սա այն Փաուըլն է, որ աւելի քան երկու տարի առաջ չվարանեցաւ ցեղասպանութիւն որակելու Տարֆուրի նախճիրները եւ հակառակ ստեղծուած փոթորիկներուն՝ հաստատ մնաց իր կեցուածքին վրայ։ Մինչդեռ բացայայտ է, որ Շուլց, Պէյքըր կամ ուրիշներ վարձուած են քարիւղի, զէնքի կամ նման աշխարահատարած ճարտարարուեստներու մարզերուն մէջ…
Բնականաբար կարելի է միայն ծիծաղիլ ու արգահատիլ այս ջոջերուն պարտուողականութեան ի տես։ Կամ այն է, որ այս իմաստո՜ւն մարդիկը կը հաւատան իրենց ըսածին, թէ արդարութեան կողքին կանգնելով կրնան կորսնցնել Թուրքիա-դաշնակիցը, կամ ալ, ինչ-ինչ հաշիւներով կը փորձեն իրենց ժողովուրդը համոզել ստապատիր պատճառաբանութիւններով, յար եւ նման այն պատրուակներուն, որոնցմով այս երկրի ժողովուրդը կը պահուի ահ ու սարսափի մթնոլորտի մէջ, տնտեսական կարողականութիւններ կը մսխուին-կը չարաշահուին եւ վճարողը կ՚ըլլայ քարոզչութեան զոհ զանգուածը…
Այս զօրակայանին մէջ, կարելի չէ արհամարհել զանգուածային լրատուութեան մեքենայի մէկ կարեւոր հատուածին անարի դերակատարութիւնը։ Եթէ կարգ մը թերթեր յաջորդող օրերուն սկսան նախկինէն աւելի արդար մօտեցումով, կարծէք թէ նոր բացուած աչքերով մեկնաբանել այս զարգացումը եւ քննական հարցադրումներ ուղղել պետութեան վարիչներուն, անդին, մանաւանդ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններու կողմէ թիւ 106 բանաձեւին որդեգրումը ծանուցուեցաւ այնպիսի ոճով մը, որ յար եւ նման էր իշխանութեան տրամաբանութեան։ Գրուեցաւ, օրինակ, որ այս «վնասակար որոշում»էն ետք, խորհրդարանը հիմա կը փորձէ հակակշռել հետեւանքները, դարմանել արձանագրուած վնասը, պէտք է վերստին սիրաշահիլ Թուրքիա-դաշնակիցը. տակաւին, փութացին շեշտաւորուած կերպով յառաջ քշել, թէ այս որոշումը պարտադրանքի տակ չի դներ նախագահն ու իշխանութիւնը։ Բայց արդեօք առաջին անգա՞մն է, որ ամերիկեան իշխանութիւնը կը հակադրուի արդարութեան։ Խորհրդարանը առաջի՞ն անգամն է, որ ճակատամարտ կը մղէ գործադիր իշխանութեան դէմ։ Չէ՞ որ կռուախնձոր են նոյնինքն այս երկրի ժողովուրդին ընկերային հարցերը, որոնց հանդէպ իշխանաւորները հանդէս կու գան զանգուածները իրաւազրկողի ու չոր դրամատիրութեան զրահներով։
Այս բոլորն ալ բնական էին, որովհետեւ գաղտնիք չէ այն իրականութիւնը, որ ջոջերն ու անոնց նուագածուները կը պարեն վճարողներուն փափաքին համաձայն։
***
Հայութեան համար յստակ է մէկ բան. Ցեղասպանութիւնը պատմական դժբախտ իրականութիւն է. անոր ճանաչումն ու արդար հատուցումը ողջ հայութեան անսակարկելի պահանջն են։ Այս ճշմարտութեան իրազեկ են պետական արդարամիտ մարդիկ, որոնց թիւը աճ կ՚արձանագրէ առաւելաբար մեր ջանքերուն շնորհիւ, իսկ «դիւանագիտութիւն» ու «դաշնակից» խաղացողներուն կը մնայ նոր պարտութիւններ դիմագրաւել այս ու նմանօրինակ հարցերու ռազմադաշտին մէջ, նման Թուրքիոյ իշխանութիւններուն իրերայաջորդ պարտութիւններուն, որովհետեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, նոյնպէս դժբախտաբար, եզակի պարագայ չէ։
Թիւ 106 բանաձեւին բնական արձագանգներուն պիտի յաջորդէ մեր պահանջատիրութեան բնական շարունակութիւնը, մինչեւ արդարութեան ամբողջացումը։ Մեր ժողովուրդը ունի անսխալական դատողութիւն, լաւ կը ճանչնայ իր պահանջներն ու իղձերը մարմնաւորողները ու պիտի շարունակէ կարելի ամէն միջոցով զօրակցիլ Հայ Դատի գործիչներուն աշխատանքին։