ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 17ին Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ֆրութֆուլ Արմենիա» կազմակերպութեան երրորդ՝ «Սնունդի արահետներ. բացայայտենք կանաչ Հայաստանի զարգացման ներուժը» թեմայով խորհրդաժողովին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է արտաքին գործոց եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններու հովանաւորութեամբ: Խորհրդաժողովին պիտի տրուին 13 զեկուցումներ: