«Նեմեսիս» գործողութեան մասնակցած, հայ վրիժառու, Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը տեղադրուեցաւ Ֆրանսիայի Մարսէյ քաղաքին մէջ:
15 Մարտին, Մարսէյի Պոմոն հայաշատ թաղամասի Փասթէօր հրապարակին վրայ, հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ յուշարձանին բացման արարողութիւնը:
Միջոցառումին ընթացքին, ֆրանսահայ մանուկներ երգեցին «Գինի Լից» երգը, իրենց ձեռքերուն մէջ պահեցին պաստառներ, որոնցմէ մէկուն վրայ գրուած էր` «Թեհլիրեան արդարադատ»:
2017ին, Մարսէյի հրապարակներէն մէկը արդէն պաշտօնապէս անուանուեցաւ Թեհլիրեանի անունով:

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1897ին` Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկա գաւառին մէջ: Առաջին Համաշխարհային պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք, ան մեկնած է Հայաստան, ուր մասնակցած է կամաւորական շարժումին, Անդրանիկի գունդին մէջ:
1915ին ան վերապրեցաւ ցեղասպանութիւնը. 15 Մարտ 1921ին, Պերլինի մէջ, ան գնդակահարեց Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ, Թուրքիոյ ներքին գործող նախարար Թալէաթ փաշան: Նոյն տարուան 2 Յունիսին, գերմանական դատարանը Թեհլիրեանը անպարտ ճանչցաւ. ան մեկնեցաւ Պելկրատ, ապա քանի մը տարի ետք՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Սողոմոն Թեհլիրեան իր մահկանացուն կնքեց 1960ին` 64 տարեկանին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ. ան թաղուած է Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատան մէջ: