Ա.
«Ոչինչ աւելի յստակօրէն չի նշում ազգի գոյութիւնը, որքան սեփական լեզու ունենալը:
«Ոչ մի ազգ գոյութեան իր կամքն աւելի ուժեղ չի արտայայտել երկու հազար տարուայ ընթացքում, որքան հայ ազգը: Ոչ մի ազգ աւելի յամառութեամբ չի պահպանել եւ աւելի խնամքով չի մշակել իր սեփական լեզուն»:
ԱՆԹՈՒԱՆ ՄԷՅԷ
«Լեզուն է ամէն մի ժողովրդի ազգային գոյութեան ու էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան եւ հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւնների ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ա.- ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ
Հայախօսութիւնը հայերուս մենաշնորհն է:
Միայն հայ ժողովուրդը կը խօսի հայերէն:
Հայերէնը զուտ ազգային հարստութիւն եւ հպարտութիւն է:
Քիչ է թիւը սեփական լեզու ունեցող ժողովուրդներուն:
Աւելի քիչ է թիւը այն ազգերուն, որոնք իրենց մայրենի լեզուին հանդէպ տածած սէրը պաշտամունքի աստիճանին հասցուցած ըլլան, ինչպէս՝ հայերը:
Հազուագիւտ բացառութիւններէն մէկն է նաեւ հայ ժողովուրդը, որուն համար մայրենի լեզուն տարբերացման ամէնէն էական եւ կենսական յատկանիշն է: Անգլիախօս, ֆրանսախօս, սպանախօս, գերմանախօս կամ արաբախօս շատ մը ժողովուրդներու համար, օրինակ, անոնց խօսած կամ գրած լեզուն իրենց ազգային իւրայատկութեան եւ «տարբերութեան» հիմնական յատկանիշը չէ անպայման. իսկ հրեաներու պարագային եբրայերէնը նուազագոյն, չըսելու համար՝ գրեթէ ոչ մէկ, կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իբրեւ ցեղային-ազգային «տարբերացման գործօն»:
Հայ ժողովուրդը միակ բացառութիւնն է, որ սրբացուցած է իր տառերու գիւտարարն ու թարգմանիչները եւ ուրիշ ոչ մէկ ժողովուրդի տօնացոյցին մէջ կը հանդիպինք «Թարգմանչաց տօն»ի մը:
Ուրիշ ոչ մէկ ժողովուրդ իր այբուբենի ստեղծման յոբելեանը կը տօնէ այնքան երկիւղածութեամբ, այնքան հանդիսաւոր, մեծաշուք ու փառաւոր կերպով, որքան հայերը:
Հոգեւոր կամ քաղաքական ոչ մէկ օտար իշխանութիւն, ըլլան անոնք քահանայապետ, թագաւոր, պատրիարք կամ առաջնորդ, մինչեւ այսօր մտածած է եւ կամ օր մը կրնայ մտածել մայրենի լեզուի տարի մը հռչակելու մասին, բացի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներէն, որուն նախընթացի պատիւը, ի շարս այլ նախընթացներու, կը պարտինք Արամ Ա. կաթողիկոսին. ոչ թէ որովհետեւ միւս ժողովուրդներու ներկայացուցիչները չունին այդ գիտակցութիւնը, իշխանութիւնը կամ հեղինակութիւնը, այլ պարզապէս որովհետեւ անոնց պատմութիւնը նման կարելիութիւններ չ՚ընձեռեր իրենց:
Մեր փառաւոր պատմութեան կը պարտինք մենք ժողովուրդներու պատմութեան մէջ եզակի երեւոյթներէն մէկը հանդիսացող այդ մենաշնորհը, եւ փաստօրէն «քառաթիւ յոբելեաններ»ը հայ ժողովուրդին մենաշնորհը եղած են կարծէք:
Ահաւասիկ քանի մը յատկանշական օրինակներ.
ՆԱԽՔԱՆ ՔՐԻՍՏՈՍ
2492 Օգոստոս 11 – Սկիզբ Հայկեան կամ հայոց բուն թուականին,
Այս թուականը կը յատկանշէ Հայկի յաղթութեան օրը Բէլի վրայ: Հայոց բուն թուականը կը բաղկանայ 1460 տարիներու կայուն ժամանակաշրջաններէ: Հայկէն մինչեւ մեր օրերը անցած են հայկեան երեք շրջաններ. Ն.Ք. 1032, Յ.Տ. 428 եւ Յ.Տ. 1888: Յ.Տ. 122ին Հայկեան տոմարը զանազան պատճառներով կը դադրի գործածութենէ եւ վերստին գործադրութեան մէջ կը դրուի 554 թուականին՝ Դուինի եկեղեցական ժողովի որոշումով։
782 – Էրեբունի (Երեւան) բերդաքաղաքի հիմնադրութիւն՝ Արգիշտի Ա.ի կողմէ, հաստատուած՝ սեպագիր արձանագրութեամբ մը, որ գտնուած է 1950 Սեպտեմբեր 25ին: Հռոմի… հիմնադրութեան «աւանդական» թուականն է 753 (առանց «գրաւոր» վկայութեան):
776 – Արմաւիր (Արգիշտիխինիլի) քաղաքի կառուցում:
69 – Տիգրանակերտի թատրոնի կառուցում՝ Տիգրան Բ. Մեծի կողմէ:
56 – Արտաշատի թատրոնի կառուցում՝ Արտաւազդ Բ.ի կողմէ։
53 – Եւրիպիդէսի «Բաքոսուհիները» ողբերգութեան ներկայացում՝ Արտաշատի թատրոնի բեմին վրայ:
ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ
301 – Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակում։
387 – Հայաստանի առաջին բաժանումը յոյներու եւ պարսիկներու միջեւ: Հայ գաղթականութեան («Սփիւռք») նախընթացը:
405 – Հայոց այբուբենի ստեղծման աւանդական թուական:
406 – Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւն (մէկ ու կէս հազարամեակէն աւելի). երեւոյթ մը, որ իր նշանակութեամբ եւ տարողութեամբ արժանի է առանձին յոբելեանի՝ իբրեւ գլխաւոր դրդապատճառ մշակութային այն մեծ շարժումին («Թարգմանչաց»), որ մեկնակէտ հանդիսացաւ հայ գիրերու գիւտին, հայ դպրութեան ստեղծման եւ հայ նոր մշակոյթի դարաւոր եւ փառաւոր երթին ու զարգացման:
451 – Վարդանանց հերոսամարտը. քրիստոնեայ աշխարհի «կրօնական առաջին մեծ պատերազմը» (The Religious Wars, Les Guerres de Religion):
612 – Հայ ճարտարապետութեան հրաշակերտներէն Ս. Հռիփսիմէ տաճարի կառուցում:
939 – «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան ձեւաւորման աւանդական թուական, որուն 1000ամեակը պաշտօնապէս կը տօնուի 1939ին՝ Խորհրդային Միութեան տարածքին:
1003 – Գրիգոր Նարեկացի կ՚ա-ւարտէ իր «Մատեան ողբերգութեան»ը:
1512 – Սկիզբ հայ տպագրութեան (շուտով կէս հազարամեակը կը թեւակոխենք)… եւ այլն՝ առանց յիշատակելու պատմական եւ մշակութային բազմաթիւ այլ դէպքեր ու երեւոյթներ:
Երկրագունդի երեսին քանի՞ ազգ կարելի է թուել, որոնց յոբելեանները «հազարամեակներով» կարելի ըլլայ հաշուել:
Մեր մայրենի լեզուն, մեր ազգային եկեղեցւոյ կողքին, մեր էութեան, մեր գոյութեան ու գոյատեւման ամէնէն ամուր կռուանն ու հզօրագոյն գործօնն է միաժամանակ:
Այս բոլորով հանդերձ, եթէ ուզենք փոքրիկ քննութիւն մը բանալ մեր վարժարաններուն մէջ՝ ստուգելու համար մեր աշակերտութեան ծանօթութեան աստիճանը իրենց մայրենի լեզուին, ցաւով եւ մեծ յուսախաբութեամբ պիտի նշմարենք, թէ որքա՛ն քիչ ծանօթ են անոնք իրենց մայրենիին, որուն մասին այնքան շատ կը խօսինք բեմերէն, սակայն որքան քիչ գիտելիք ու տեղեկութիւն կը փոխանցենք անոնց դասարաններէն ներս, յատկապէս պատմական, բաղդատական եւ արժեւորումի իմաստով: Ասիկա գլխաւոր պատճառներէն մէկն է նաեւ իրենց մայրենիին հանդէպ մեր աշակերտութեան մէջ յառաջացող ստորակայութեան անտեղի բարդոյթին, որուն պատճառով անոնք շատ դիւրութեամբ կը հեռանան հայերէնէն՝ փարելու համար աւելի ճոխ, աւելի գեղեցիկ, աւելի կատարեալ եւ աւելի ամբողջական կարծուած անգլերէնին կամ ֆրանսերէնին: Այստեղ չենք ուզեր ամբողջութեամբ անտեսել եւ արհամարհել գործնական եւ «այժմէական» յարգելի որոշ ազդակներ. սակայն, միւս կողմէ, անոնք պէտք չէ եւ չե՛ն կրնար մոռացութեան մատնել մեր «հիասքան»չ մայրենին, եթէ անոր գեղեցկութեան, կատարելութեան եւ «եզակիութեան» մասին պէտք եղածը եւ պէտք եղած ձեւով հաղորդակից դարձնենք մեր նորահաս սերունդները, յատկապէս՝ միջնակարգի գրասեղաններէն սկսեալ:
Օրինակով խօսելու համար՝ շուրջ վեց ամիս թաւալած է վեհափառ հայրապետին պատգամէն ասդին. շուրջ մէկ ամիս առաջ ալ հրաժեշտ տուինք 2006-2007 կրթական տարեշրջանին՝ առանց այդ ուղղութեամբ գործնական որեւէ քայլ առնելու, յատկապէս՝ ծրագրային առումով:
Լաւագոյն պարագային «անցողակի» յիշատակում մը՝ ամավերջի հանդէսներու ընթացքին:
Եւ փաստօրէն Այտընեան, Աճառեան, Աբեղեան եւ Մալխասեան մեծ անծանօթներ կը մնան մեր աշակերտութեան համար: «Նոր Հայկազեան», «Արմատական», «Լիակատար քերականութիւն» եւ «Բացատրական» բառերը ոչինչ կը յուշեն մեր աւարտականներուն: «Երից վարդապետաց» բանաձեւը աստուածաբանական եզրաբանութեան մը կը նմանցնեն յաճախ. իսկ «տառադարձութեան» մասին ոչ մէկ գաղափար՝ հակառակ վերջին տարիներուն մեր կրթական առօրեան յուզող բազմաթիւ զարտուղութիւններուն»: Գալով մեր ազգային ամէնէն այժմէական հիմնահարցերէն մէկուն՝ ուղղագրութեան, ամէն տեղ նոյն «չգիտութիւնը» կը տիրէ. «Պարոն, ո՞ր մէկն է ճիշդը. մե՞րը, թէ իրենցը…»: Միւս կողմէ՝ «հնչիւնախօսութեան» պարագան մեծ առեղծուած մը կը մնայ մեր ուսանողութեան եւ հանրութեան համար:
Չենք կրնար պահանջել աշակերտներէն այն՝ ինչ չենք կրցած կամ չենք փորձած փոխանցել անոնց:
Ահաւասիկ հարցեր եւ հարցադրումներ, որոնց անդրադառնալու պատեհ առիթ մըն է «Հայ լեզուի տարի»ն:
Միւս կողմէ՝ այդ ուղղութեամբ ծրագրուած եւ լուրջ աշխատանք ունին տանելիք մեր պատկան մարմինները, հաստատութիւնները, կրթական մշակներն ու մտաւորականները:
Մենք մեր կարգին, այս պատեհ առիթէն օգտուելով, պիտի փորձենք համադրական ակնարկ մը նետել այդ բոլորին եւ անոնց առնչակից ու յարակից հարցերուն ու երեւոյթներուն վրայ՝ միաժամանակ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնելով մեր առօրեան յուզող լեզուական, պատմական եւ մշակութային զանազան հարցեր, որոնց շուրջ վերապահութիւններ եւ տարակարծութիւններ կրնան գոյութիւն ունենալ: Մենք պիտի փորձենք պարզապէս մատնանշել կրթական-ուսումնական այնպիսի հարցեր, որոնց «այժմէականացումը» հրամայական պահանջ կը նկատենք, եւ որոնց վերատեսութիւնը եւ ներառումը մեր ուսումնական ծրագիրներուն մէջ, համոզուած ենք, որ կրնայ մեծապէս նպաստել մեր նոր սերունդի հայեցի աւելի արդիւնաւէտ դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան եւ հպարտութեան զարթնումին ու խորացումին, եւ ազգային դիմագիծի բիւրեղացման:
Այդ իմաստով, մենք «Հայ լեզուի տարի»ն կ՚ողջունենք եւ զայն կ՚ընկալենք իբրեւ «ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման տարի» խորագոյն արմատներու որոնման եւ ազգային դիմագիծի փնտռտուքի ու բիւրեղացման ճամբով, իբրեւ նշանաբան առնելով Շիլոն Լակեդոմոնացիի «Ծանիր զքեզ» բանաձեւը, որ, ըստ մեր համոզումին, միակ, ամէնէն ուղիղ եւ ամէնէն արդիւնաւէտ ուղին է այդ ճամբուն վրայ. որովհետեւ, առանց ինքզինք լաւապէս ճանչնալու, կարելի չէ ժամանակակից այս խայտաբղէտ եւ ամենակուլ ընկերութեան մէջ անհատական, հաւաքական եւ ազգային առումներով որեւէ առարկայական եւ դրական կեցուածք կամ դիրք ճշդել. ինչ որ մեր նոր սերունդի մեծագոյն բարդոյթներէն, դժուարութիւններէն ու ազգային ցաւերէն ու դժբախտութիւններէն մէկը դարձած է ներկայիս: Մանաւանդ որ քսանմէկերորդ դարու միջցանցային տեղեկատուական կարելիութիւններու հսկայ տարափին տակ մեր ուսանողները իսկապէս իրենք-զիրենք շատ բոպիկ ու նուաստ կը զգան, երբ չեն հանդիպիր այդ բոլորը հակակշռող ու հաւասարակշռող հայագիտական համապատասխան «նիւթերու»: Հետեւաբար հայագիտական համապատասխան նիւթերու միջցանցային կայքի մը ստեղծումը կենսական եւ հրամայական պահանջ դարձած է ներկայիս, ուր ակադեմական-ուսումնասիրական տեղեկութիւններու կողքին անհրաժեշտօրէն պէտք է տեղ գտնեն նաեւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնն ու հպարտութիւնը ներշնչող ու խթանող այլազան բովանդակութեամբ նիւթեր:
Մեր ներկայ յօդուածաշարքը այդ իմաստով նախնական ուղեցոյց մըն է պարզապէս, որ, կը յուսանք ու կը մաղթենք, մեկնակէտ կը հանդիսանայ աւելի խոր եւ աւելի հմտալից ուսումնասիրութիւններու:
Կը սկսինք մեր «ինքնութեան» խորագոյն արմատներու փնտռ-տուքի փորձով:
(Շար. 1)