
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնեն թեմիս Ազգային վարչութեան անդամ Ճէք Հաճինեանին եւ կնոջ՝ Լոռիին, մօր՝ երէցկին Արաքսի Թաթուլեանին, եղբօր, քրոջ, անոնց զաւակներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն, իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Հայ եկեղեցւոյ երկար տարիներու սպասաւոր՝ ՏԱԹԵՒ Ա. ՔՀՆՅ. ԹԱԹՈՒԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով: Տէր հօր վերջին օծման եւ թաղման կարգը կատարուեցաւ Նոր Հաճընի մէջ, Հայաստան:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ