
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան մեծութիւններ, որոնք անջնջելի դրոշմ ձգած են մեր պատմութեան վրայ։ Անոնցմէ շատերը գնահատուած են ըստ արժանւոյն, ուրիշներ ալ մնացած են լուսանցքի վրայ, թէեւ իրենց գործով երբեք ալ չեն զիջիր այլոց կատարած մեծ գործերուն։ Այս երկրորդ խաւին կը պատկանի Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան, որուն կեանքն ու գործունէութիւնը միաձուլուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ տարիներուն հետ։
Ծանօթանալով անոր միմիայն կենսագրական գիծերուն, կրնանք հասկնալ թէ որքան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է ան, ոչ միայն հանրապետութեան ժամանակ, այլեւ անկէ առաջ եւ հանրապետութեան անկումէն ետք։
Ծնած է Թիֆլիս 1874ին։ 1891ին կը մեկնի Ռուսիա եւ կ՛ուսանի Մոսկուայի եւ Խարքովի համալսարաններուն մէջ, վկայուելով իբրեւ բժիշկ։ Իր ուսման գիտելիքները կատարելագործելու համար այցելած է Իտալիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա։ Գերազանց կերպով տիրապետած է հայերէնի, ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի ու վրացերէնի։
1900ին կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը սկսի անոր քաղաքական եռուն կեանքը։ Կ՛ընտրուի Թիֆլիսի քաղաքային վարչութեան անդամ, 1907ին քաղաքապետի օգնական եւ ապա 1910էն մինչեւ 1917 Թիֆլիսի քաղաքապետ եւ 1914էն սկսեալ Կովկասի քաղաքներու միութեան նախագահ։ 1912ին Խատիսեանը իբրեւ վկայ կը ներկայանայ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընթացող Դաշնակցութեան դատավարութեան եւ կը պաշտպանէ Դաշնակցութիւնը։
1915ին կ՛ընտրուի Ազգային խորհուրդի նախագահի տեղակալ։ Թէ իբրեւ Թիֆլիսի քաղաքապետ եւ թէ Ազգային խորհուրդի անդամ, մեծ աշխատանք կը տանի Արեւմտեան Հայաստանէն հասնող գաղթականներուն օժանդակութիւն տրամադրելու եւ զանոնք պատսպարելու համար։ 1918ի Ապրիլին կը նշանակուի Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Դաշնակցային հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար, ապա անդրկովկասեան «Սէյմ»ի կառավարութեան մէջ օգնութեան նախարար։ 1918ի Փետրուարին Տրապիզոնի եւ Մայիսին Պաթումի մէջ Մայիսեան հերոսամարտերու նախօրեակին թրքական պետութեան հետ բանակցող եւ Պաթումի դաշնագիրը ստորագրող հայկական պատուիրակութեան երեք անդամներէն մէկն է։
1918ին, Հայաստանի առաջին կառավարութեան մէջ կը ստանձնէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, իսկ 1919 Փետրուարին կը դառնայ Հայաստանի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար։ Խատիսեանի կազմած կառավարութիւնը առաջին հանրապետութեան ամէնէն երկարակեաց կառավարութիւնն է (Փետրուար 1919-Մայիս 1920)։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններն ու պետականութեան հիմքերը դրուեցան անոր կառավարութեան օրով, ինչպէս՝ Պետական Համալսարանի բացում, հայկական դրամի տպում եւայլն։ Երկիրի տնտեսութեան զարգացման առաջին քայլերը սկսան առնուիլ անոր վարչապետութեան օրերուն։ Իսկ 1919 Մայիս 28ին, կառավարութիւնն ու խորհրդարանը միասնաբար որդեգրեցին «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան» բանաձեւը, որ հիմք դարձաւ Սեւրի դաշնագիրի հայկական պատուիրակութեան բանակցութիւններուն եւ հողային պահանջներուն։
1920 Սեպտեմբերին թուրքերը կը յարձակին եւ կը գրաւեն Կարսը, Գիւմրին եւ այլ տարածքներ, Հայաստանի կառավարութիւնը բանակցութեան կը ձեռնարկէ անոնց եւ Դեկտեմբեր 2ին Հայաստանի կառավարութեան անունով Խատիսեան կը ստորագրէ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը։
Հայաստանի վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, ան կ՛անցնի Փարիզ եւ իբրեւ Ազգային պատուիրակութեան անդամ կը շարունակէ քաղաքական հասարակական գործունէութիւնը։ 1923ին կը մասնակցի Լօզանի խորհրդաժողովին, պաշտպանելու հայ ժողովուրդի շահերը։ 1926ին մեծ աշխատանք կը տանի Հայաստանի երկրաշարժի աղէտեալներուն օժանդակութիւններ հասցնելու համար։
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, Փարիզի գրաւումէն ետք կը տեղափոխուի Փորթուգալ։ 1944ին կը ձերբակալուի հայ համայնավարներուն կեղծ ամբաստանութեան հիման վրայ, թէ ան կը գործակցի նացիական Գերմանիոյ հետ։ Փաստերու չգոյութեան պատճառով, քանի մը ամիս ետք ազատ կ՛արձակուի եւ կը վերադառնայ Փարիզ։ Հայաստանի ծերունազարդ վարչապետին առողջութիւնը արդէն քայքայուած էր բանտին մէջ եւ ան երկար չի դիմանար այդ հիւծումին։ Կը մահանայ 1945 Մարտ 10ին։
Խատիսեանի գործին գնահատումը չի կրնար սահմանափակուիլ յօդուածի մը պարբերութիւններուն մէջ։ Իր սերնդակիցներուն վկայութեամբ իսկ, ան կը մնայ հայ քաղաքական մտքի եւ հայկական դիւանագիտութեան ցարդ անկրկնելի ախոյեանը։ Իր զարգացման մակարդակով, գիտելիքներով եւ հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելու անսակարկ նուիրումով, ան անմրցելի է որպէս քաղաքական գործիչ։ Ամբողջ կեանք մը նուիրեց հայութեան եւ Հայաստանին։ Ձեռք թօթուեց ցեղասպան Թալէաթին հետ, Հայաստանի շահերը պաշտպանելու համար։ Բանակցեցաւ Հայաստանը պարտութեան մատնած Քեազիմ Քարապեքիրի հետ, փրկելու համար Հայաստանի պետականութիւնը։ Ուշագրաւ է անոր մէկ խօսքը Քարապեքիրին, երբ վերջինս ակնարկելով հայութեան պահանջներուն, կը յայտնէ, թէ Թուրքիայէն ոչինչ կը մնայ. Խատիսեան կը պատասխանէ, թէ Թուրքիոյ շահերէն կը բխի, որ իր կողքին գտնուող Հայաստանը ըլլայ հզօր եւ կենսունակ պետութիւն։
Խատիսեան 1907ին կ՛ուզէ միանալ Դաշնակցութեան շարքերուն, սակայն Ռոստոմի խորհուրդով չանդամակցիր եւ միայն աւելի ուշ կը միանայ ՀՅԴ շարքերուն։ Նշենք որ ան եղբայրն է ՀՅԴ հիմնադիր սերունդի անդամներէն Կոստանդին Խատիսեանի։
Խատիսեան ունի նաեւ գրական ժառանգութիւն։ Անոր կոթողական գործը կը մնայ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» գիրքը, որ իր յուշերն են 1917-1923 ժամանակաշրջանի Հայաստանի շուրջ ծաւալուած քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ տարբեր պատուիրակութիւններու հետ հայկական պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն։
Խատիսեան նաեւ ունի այլ արժէքաւոր գիրք մը՝ «Քաղաքապետի Մը Յիշատակները», նուիրուած Թիֆլիսի իր քաղաքապետութեան տարիներու գործունէութեան։
Հայոց պատմութեան մէջ անոր անունը արձանագրուած պիտի մնայ որպէս քաղաքական նուիրեալ գործիչ եւ հմուտ դիւանագէտ։
Սիմոն Վրացեան անոր կը գրէ մասին. «Նա բնածին հասարակական գործիչ էր՝ բարձր թռիչքներով եւ բազմութիւնները վարելու ձգտումներով։ Պերճախօս հռետոր, բազմազան հետաքրքրութիւններ ու ծրագիրներ հետապնդող, արտասովոր կերպով աշխատունակ, ցոյց ու ժողովրդականութիւն սիրող, ազատախոհ եւ լաւ իմաստով պատեհապաշտ, կենդանի գործը վերացական տեսութիւններից գերադասող, հասարակական բոլոր խաւերի լեզուն հասկացող, հանրութեան ծառայելու պատրաստակամ, դիւրահաղորդ ու ամէնքին մատչելի, ազնիւ նկարագրի տէր՝ Խատիսեանը ստեղծուած էր հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար»։