Ելեքտրոնային մամուլ հասկացողութիւնը, արհեստագիտական միջոցներու զարգացումով այդ մամուլին ապրած արագընթաց յառաջդիմութիւնը, հայ ելեքտրոնային մամուլի ներկայ կացութիւնն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այս նիւթին վերաբերող այլ երեւոյթներ ու հարցեր ներկայացուց Ժիրայր Պէօճէքեան, «Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ լսարանին ընթացքին։
Լիբանանահայ մամուլի եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցած լսարանին բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի խմբագրական կազմի անդամներէն Ճորճ Գրիգորեան, որ նշեց, թէ մամուլ հասկացողութիւնը այսօր իր մէջ կը պարփակէ այլ իմաստներ եւ մարզեր, որոնք թուղթի ու մելանի սահմաններէն դուրս կը բերեն մամուլը եւ կ՚ընդարձակեն անոր սահմաններն ու հասանելիութեան ծիրը։ «Այսօր, բայց մանաւանդ վաղը, իր խօսքն ու միտքը իր ընթերցողներուն հասցնել ուզող մամուլը պէ՛տք է կերպարանափոխուի, քայլ պահէ զարգացումներուն հետ, պատշաճի վաղուան մարդուն չափանիշներուն, այլապէս՝ անկախ բովանդակութենէն ու խորքէն, պիտի նկատուի ժամանակավրէպ եւ պիտի անտեսուի», ըսաւ ան։
Օրուան նիւթը ներկայացուց համակարգչային գիտութիւններու մէջ հմտացած Ժիրայր Պէօճէքեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՚աշխատի այս մարզին մէջ, ներկայիս պատասխանատու է Պոսթընի «Հայրենիք միտիա»ի կայքէջերուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»ի կայքէջի լսատեսողական բաժինին։ Ժ. Պէօճէքեան ըսաւ, թէ խորքին մէջ մամուլ հասկացողութիւնը իր մէջ կը պարփակէ գիրը, ձայնն ու երիզը, որոնք միասնաբար ամբողջութիւն կը կազմեն եւ իրար կ՚ամբողջացնեն, յատկապէս Արեւմտեան աշխարհին մէջ, որովհետեւ հայկական կեանքին մէջ մամուլի այդ ընկալումը ընդհանրապէս ցարդ չէ տարածուած ու այդպէս չի գործեր անիկա։
Խօսելով համացանցի ճամբով սրընթաց կերպով զարգացող եւ մնայուն նորարարութիւններ բերող մամուլին մասին՝ ան ըսաւ, որ հասանելիութեան, մարդոց ազատ կամքին ու ժամանակացոյցին ենթակայ ըլլալու, աշխարհը համախմբելու եւ արտացոլացնելու կարողութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ լուրը նաեւ այլ ձեւերով՝ ձայն, նկար, երիզ, ներկայացնելու իմաստով այսօր համացանցային կայքէջերը սկսած են տիրական ու փնտռուած դառնալ աշխարհին մէջ, իսկ այդպէս են Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ամէն ինչ կապուած է համացանցին։
Այս իրականութեան մէջ հայ մամուլի դերին ու տեղին, ինչպէս նաեւ զարգացումներուն հետ քայլ պահելու հեռանկարներուն անդրադառնալով՝ Ժ. Պէօճէքեան նշեց, որ գոյութիւն ունեցող կայքէջերը ընդհանրապէս տուեալ թերթերուն նիւթերուն նոյնութեան տեղադրումն են համացանցին վրայ, սակայն ելեքտրոնային մամուլը այլ պահանջներ ունի, եւ անոնց յարմարելու համար հայ մամուլը պէտք է համապատասխան աշխատանք տանի, արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններէն օգտուի, լուրերու հաղորդման յատուկ ձեւեր օգտագործէ, որպէսզի գիրը, ձայնն ու երիզը միանան եւ ընթերցողին կարենան մատուցել այն, ինչ որ այսօր արդէն օտար մամուլի ճամբով տրամադրուած է իրեն։
Դասախօսը յայտնեց, որ այս մէկը կարելի է ընել հայկական կարելիութիւններու, կարողականութեան եւ ուժերու մէկտեղումով, փոխադարձ համագործակցութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ նիւթական եւ մարդուժի խնայողական աշխատանքով մեծ նուաճումներ կատարել եւ հասնիլ ելեքտրոնային մամուլ ստեղծելու նպատակին։ Անոր համաձայն՝ այդ մամուլը այսօր անհրաժեշտութիւն է երաշխաւորելու հայկական մամուլի շարունակականութիւնը եւ նոր հորիզոններու հաստատումը։
Ժ. Պէօճէքեան նաեւ խօսեցաւ այս ծիրին մէջ եւ քարոզչական ու տեղեկութիւններու հայթայթման իմաստով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տարուած աշխատանքներուն դիմաց Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի տարած գործունէութեան մասին, որ աւելի աշխոյժ կը նկատուի։
Իր խօսքը աւարտելով՝ ան նշեց, որ միասնական ու համադրուած աշխատանքով, երիտասարդ ուժերուն վստահելով՝ կարելի է ստեղծել հայկական ելեքտրոնային մամուլ եւ քայլ պահել բոլոր նորութիւններուն ու օրուան կարիքներուն հետ։